Սէուտական Արաբիա մերժեց կարճ ժամանակի համար պայմանագրութիւն ստորագրել Լիոնել Մեսսիի հետ` Մոնտիալին պատրաստուելու համար, ըսաւ բարձրաստիճան պատասխանատու մը:
«Անցեալ ամրան, ակումբներու Մոնտիալին ժամանակ, Մեսսիի ակումբը հետս կապուեցաւ առաջարկելու, որ Մեսսի նոր տարիէն ետք խաղայ Սէուտական Արաբիոյ մէջ, որովհետեւ «Էմ. Էլ. Էս.» մօտ 4 ամիսով դադար կ՛առնէ», ըսաւ Ապտուլլա Համատ` «Մահտ» ֆութպոլի ակադեմիայի նախագահը:
«Ֆութպոլիստը կ՛ուզէր ֆիզիքական լաւ վիճակի մէջ ըլլալով լաւ պատրաստ ըլլալ 2026-ի Մոնտիալին: Նոյն բանը պատահեցաւ Տէյվիտ Պեքհամի հետ, երբ Լոս Անճելըս Կալաքսիի մարզիկ էր եւ մեկնեցաւ Ա. Սէ. Միլան (2010-ին)»:
8 անգամ Պալոն տ՛օր շահած Մեսսի 2023-ին միացաւ Ինթեր Միլանին` կապ պահելէ ետք Սէուտական Արաբիոյ հետ: Աւելի ուշ ան երկու տարի մաս կազմած էր Փարիզ Սեն Ժերմենին (2021-2023)` տարիներով խաղալէ ետք Պարսելոնայի հետ:
Համատ բացատրեց, թէ ան առաջարկը փոխանցած էր երկրի մարմնակրթութեան նախարարին, որ մերժած էր զայն: «Նախարարը յստակօրէն բացատրեց, թէ սէուտական ախոյեանութիւնը այլ մրցաշարքերու պատրաստուելու տեղ չէ», աւելցուց Համատ:
Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի ժամանումէն ետք Սէուտական ախոյեանութիւնը շատ մը աստղեր ներգրաւած էր, ինչպէս Նէյմարն ու Պենիզեման, եւ Սէուտական Արաբիան իրաւունք ստացաւ հիւրընկալելու 2034 Մոնտիալը:


