Տուրես (Ալպանիա) քաղաքին մէջ շարունակուեցաւ երիտասարդներու Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութիւնը:
Հայաստանցի մարզիկ Տիգրան Կարապետեան (71 քկ) 20 տարեկանէն վար Եւրոպայի ախոյեան դարձաւ փայլուն ձեւով եւ յաջողութեամբ 6 մօտեցումներուն մէջ ալ սահմանելով երիտասարդներու երեք եւրոպական մրցանիշներ` 145 քկ արաշէի, 176 քկ էփոլէ ժըթէի եւ 321 քկ երկամարտի ընդհանուր արդիւնքով:
Անոր հայրենակից Նարեկ Գրիգորեան իր կարգին լաւ ելոյթ ունեցաւ` նուաճելով երեք արծաթ մետալ (2 փոքր եւ 1 մեծ), բարձրացնելով 143 քկ արաշէի գծով, 175` էփոլէ-ժըթէի եւ 318 քկ ընդհանուր հաշուով:
23 տարեկանէն վար կարգին մէջ, Գոռ Սահակեան (71 քկ) պրոնզէ մետալ շահեցաւ:
Մեծերու Եւրոպայի ախոյեան Սահակեան (երկու անգամ), որ վերջին ախոյեանութեան արծաթ մետալ շահած էր, իր հաւաքածոն ամբողջացուց մեծ պրոնզ մետալով, ինչպէս նաեւ 2 փոքր պրոնզներով:
Սահակեան 145 քկ բարձրացնելէ ետք 2 անյաջող փորձերով չկրցաւ 150 քկ բարձրացնել: Էփոլէ-Ժըթէի մրցումին ան 182 քկ բարձրացուց, բայց 150 քկ-ի իր փորձին չյաջողեցաւ:


