ՎԱՀԷ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Հայկական պատմութիւնը Սուտանի մէջ խոր արմատներ ունի: Առաջին նախաձեռնողները Սուտան հասան 20-րդ դարու սկիզբին: 1915-ի Ցեղասպանութիւնը զանոնք մղեց հոն հաստատուելու ու արմատներ նետելու, ու այդպիսով բուռ մը առեւտրականներ վերածուեցան համայնքի մը, որ կը գնահատուէր թէ՛ սուտանցի դրացիներուն եւ թէ՛ բրիտանական գաղթատէրերուն կողմէ: Սուտանի անկախութենէն ետք, քաղաքական անկայունութեան, հակամարտութեան եւ տնտեսական անկման ժամանակաշրջանները գրեթէ ոչնչացուցին անոնց ներկայութիւնը: Պատերազմը կրկին ցրուեց սուտանահայերը, այս անգամ, սակայն, վտանգի տակ էր նաեւ անոնց ժառանգութիւնը: Այս աշխատանքը կը փորձէ կանխել այդ ջնջումը: Հետազօտութեամբ ու պահպանումով, ներշնչումով ու վերամիաւորմամբ, «Սուտանահայ ժառանգութեան նախագիծը» կը ձգտի պաշտպանել բացառիկ պատմութիւն մը, որ երկար ատենէ ի վեր կարծուած էր կորուսեալ` ցրուածութեան եւ ժամանակի մէջ:
Սուտանահայ ժառանգութեան նախագիծը
15 ապրիլ 2023-ին, մեծ մարտեր սկսան Խարթումի մէջ: Թէեւ Սուտանը իր անկախութենէն ի վեր յաճախ տեսած է բողոքի ցոյցեր, յեղաշրջումներ ու պատերազմներ, սակայն մայրաքաղաքը հեռու մնացած էր հակամարտութիւններէ: Բազմաթիւ սուտանցիներ իրենց պայուսակները լեցնելով փախուստ տուին քաղաքէն` մտածելով, որ քանի մը օրէն կամ շաբաթէն կը վերադառնան: Երկու տարի անց հեռացողներէն շատերը չկրցան վերադառնալ, իսկ վերադարձողները գտան թալանուած տուներ ու քանդուած ենթակառոյցներ: Մնացած փոքրիկ հայկական համայնքը նոյնպէս չազատեցաւ վնասներէն. երկու հայեր զոհուեցան իրենց տուներուն մէջ պատերազմի սկիզբը, իսկ մնացեալները ցրուեցան ապահով վայրեր:
Խարթումի հայկական եկեղեցին վնասուեցաւ, այսօրուան մնացածը ստուեր մըն է իր անցեալէն: Ինչպէս սուտանցիները, Խարթումի հայերը եւս կորսնցուցին անձնական իրեր, նիւթական կուտակումներ եւ ընտանեկան յիշատակներ: Առայժմ շարունակուող պատերազմը տեղի կ՛ունենայ երկու զինուորական խմբակներու միջեւ` Սուտանի զինուած ուժերու եւ Արագ աջակցութեան ուժերու: Բայց իրականութեան մէջ ան պատերազմ մըն է ժողովուրդի դէմ եւ հետեւաբար նաեւ պատերազմ` մշակութային ժառանգութեան դէմ: Թանգարաններ թիրախ դարձած են, պատմութիւն ջնջուած է, եւ բազմաթիւ սուտանցիներ սկսած են փաստագրելու իրենց վտանգուած ժառանգութիւնը:
Այս միջավայրին մէջ ծնունդ առաւ «Sudanahye»-ը` (https://www.sudanahye.com ) Սուտանահայ ժառանգութեան նախագիծը: Sudanahye-ը բազմամիջոցային հետազօտական նախաձեռնութիւն մըն է, որ սկիզբ առաւ պարզ զրոյցներով` սուտանահայերուն հետ իրենց կեանքերուն մասին: «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան օժանդակութեամբ 2025-ի յունուարին նախագիծը լայնածաւալ ծրագիրի վերածուեցաւ: Արխիւային հետազօտութեան, բանաւոր պատմութեան հարցազրոյցներու եւ արհեստագիտական համագործակցութեան միջոցով Sudanahye-ն կը միտի պահպանել սուտանահայերու մշակութային ժառանգութիւնը` անոր տալով մնայուն կերպարանք:
Նախագիծի մեկնարկէն ինը ամիս ետք Sudanahye-ը յայտնաբերեց նիւթերու մեծ հարստութիւն մը, որ առաջին հայեացքէն անհասանելի կը թուէր: Առցանց որոնումները` անգլերէն, հայերէն կամ արաբերէն լեզուներով, շատ քիչ արդիւնք տուին: Գրականութեան հետազօտութիւնը յայտնաբերեց հայկական գիրքերու մէջ քանի մը գլուխներ, որոնք, սակայն, սահմանափակ բնոյթ ունէին: Տեղեկութիւններու պակասը նկատի առնելով` մեր առաջին քայլը եղաւ ընդլայնել աղբիւրներու շրջագիծը: Ասիկա իրագործեցինք բանաւոր պատմութիւններու արխիւ ստեղծելով: Բացի մանրամասնութիւններ տալէ, բանաւոր պատմութիւնները անձնական շունչ կը պարգեւեն պատմուածքին` միացնելով փաստերը մտքերու, զգացումներու ու յուզմունքներու հետ: Հայկական պատմութիւնը հարուստ է, սակայն երբ կը փորձուի ամբողջութիւնը ներկայացնել, յաճախ ծանրաբեռնուած կ՛ըլլայ թուականներով, անուններով ու դէպքերով: Սուտանահայերու հետ խօսելով` մենք կրցանք դուրս գալ զուտ պատմական փաստերէն ու բացայայտել փոքրիկ պատմութիւններ, որոնք գունաւորեցին պատմուածքը եւ զայն դարձուցին աւելի հասանելի լայն լսարանին:

Մեզ հասանելի միւս աղբիւրները Սուտանէն դուրս գտնուող արխիւներն էին: Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) Սուտանի մէջ հիմնուած էր 1910 թուականին: Յաջորդ չորս տասնամեակներու իր գործունէութիւնը պատահական կերպարանք ունէր, սակայն մօտ 700 փաստաթուղթ պահպանուած է Գահիրէի ՀԲԸՄ-ի արխիւներուն մէջ, մանրակրկիտ կերպով կազմակերպուած ու պահուած` արխիւապետ Մարուշ Երամեանի ձեռամբ: Գահիրէի ՀԲԸՄ-ի հետ առատաձեռն համագործակցութեամբ կրցանք մուտք գործել այս արխիւը եւ տեղեկանալ համայնքի սկզբնական տարիներու մասին: Փաստաթուղթերուն մէջ կային անդամներու ցուցակներ` անուններով, վայրերով ու մասնագիտութիւններով, զորս օգտագործեցինք մեր կողմէ` որպէս հայ համայնքի մարդահամարը փոխարինող: Փաստաթուղթերը կը պարունակէին սուտանահայերու մասին բազմաթիւ պատմուածքներ` առնուած սուտանեան տեղական թերթերէն եւ Եգիպտոսի հայկական թերթերէն:
Համայնքային կազմակերպութիւններէն բացի, բրիտանական գաղութատիրական իշխանութիւնները եւս պահած են իրենց փաստաթուղթերը` կառավարական տեսանկիւնէն դիտուած: Ասոնք այսօր կը գտնուին Անգլիոյ ազգային արխիւներուն մէջ, Լոնտոն: Հայերը հազուադէպ յիշուած են անոնց մէջ` աւելի ցայտուն ըլլալով առեւտուրի եւ տնտեսական կեանքի մէջ, քան` քաղաքականութեան ու կառավարման: Սակայն Անգլիոյ Դարհեմի քաղաքի համալսարանին պատկանող Սուտանի արխիւը աւելի հարուստ է: Այնտեղ հաւաքուած են բրիտանացի պաշտօնեաներու, զինուորականներու, քարոզիչներու եւ առեւտրականներու անձնական եւ պաշտօնական փաստաթուղթեր: Այս աղբիւրները կը ներկայացնեն աւելի մտերմիկ պատկեր մը գաղութային Սուտանի մասին` բացայայտելով անձնական կապերը եւ հասարակական յարաբերութիւնները հայերու, բրիտանացիներու, սուտանցիներու եւ այլ օտար համայնքներու միջեւ:
Սուտանցիները իրենց անկախութիւնը ստացան 1956-ին: Այդ պահէն ետք արխիւային փաստաթուղթեր գտնելը աւելի դժուար եղաւ: Համայնքը հասաւ իր գագաթնակէտին մօտաւորապէս 1000 հայերով, սակայն անկախութենէն մօտ տասը տարի ետք քաղաքական ցնցումներու պատճառով սկսաւ ցրուիլ: Շատեր մնացին, սակայն մեծ մասը մեկնեցաւ: Այս աքսորին շնորհիւ Սուտանէն դուրս բերուեցան ու պահուեցան թանկագին լուսանկարներ, որոնք հակառակ պարագային կը կորսուէին պատերազմի մէջ:

Քանի որ հայկական լուսանկարիչներ առաջին նախաձեռնողներն եղած էին Սուտանի մէջ` եւ նկատի ունենալով հայերու բարեկեցիկ դիրքը սուտանեան հասարակութեան մէջ` հայ ընտանիքներ լուսանկարներու մեծ հաւաքածոներ ունէին: Այս պատկերները այսօր կը կանգնին իբրեւ հայկական եւ սուտանական պատմութեան բեկորներ, միեւնոյն ժամանակ կ՛օգնեն մեզի` պատկերացնելու հայկական համայնքներու համակեցութիւնը սուտանցիներու հետ ամբողջ երկրի կոշտ կլիմայական պայմաններու եւ ցեղային պատկանելիութեան ու մշակոյթի մը ամբողջութեան մէջ: Սուտանահայերու հետ բանաւոր պատմութիւններու, Դարհեմէն մինչեւ Գահիրէ ձգուող արխիւներուն մէջ հետազօտութիւններու միջոցով եւ հեռաւոր Աւստրալիայէն ու Քանատայէն մեզի ուղարկուած ընտանեկան լուսանկարներու միջոցով նախագիծը սկսած է հաւաքել այս մոռցուած, բայց իւրայատուկ համայնքի պատմութիւնը: Մեր աշխատանքին մեծ մասը ներկայացուած է պլոկներու եւ ընկերային ցանցերու միջոցով, սակայն 2025 թուականի օգոստոսին Sudanahye-ն ներկայացնելու առաջին քայլերը կատարուեցան դասախօսական եւ ցուցադրական կերպով` Ամսթերտամի եւ Լոնտոնի մէջ:
Քայլ մը` դէպի ֆիզիքական աշխարհ

Ցուցահանդէսը, որուն խորագիրն էր «Հայկական կեանք գաղութատիրական Սուտանի մէջ», հազուադէպ պատուհան մը բացաւ հայերու կեանքին վրայ Սուտանի մէջ անգլօ-եգիպտական ժամանակաշրջանին (1899-1956): Ամսթերտամի նախաձեռնութիւնը, զոր հիւրընկալեց «Move Collective»-ը, տեղի ունեցաւ օգոստոս 9-ին, իսկ Լոնտոնի ցուցահանդէսին հիւրընկալն էր Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Մեծն Բրիտանիոյ մասնաճիւղը, տեղի ունեցաւ օգոստոս 16-ին:

Ցուցահանդէսին ցուցադրուեցան 32 լուսանկարներ, որոնք բերուած էին` սուտանահայ ընտանիքներէ, պաշտօնական հաստատութիւններու արխիւներէ եւ մասնաւոր հաւաքածուներէ: Ցուցադրութիւնները կատարուեցան խնամակալութեամբ Ֆաթիմա Սալահի` նախագիծի արխիւագէտը եւ Խարթումի համալսարանի ուսանողուհի, որ պատերազմի պատճառով ապաստանած էր Գահիրէ: Պատերազմը միլիոնաւոր սուտանցիներ մղած է փախուստի` զանոնք զրկելով ոչ միայն ընտանիքի անդամներէն, ապրուստի միջոցներէն ու բնակարաններէն, այլ նաեւ` անոնց լուսանկարներէն: Նախորդ տասնամեակներուն սուտանահայերու գաղթը ապահովեց, որ այդ թանկարժէք լուսանկարները պահպանուին աքսորի մէջ: Այս լուսանկարները այսօր կանգնած են իբրեւ վկայութիւններ` թէ՛ սուտանեան եւ թէ՛ հայկական պատմութեան, բայց նաեւ` իբրեւ տեսողական կեդրոն սուտանահայ ժառանգութեան:
Երկար ճամբորդութիւն դէպի հարաւ

Ցուցահանդէսին կից նախագծի տնօրէն Վահէ Պօղոսեանի դասախօսութիւնը կարճ պատմական ներածութիւն մը տուաւ Սուտանի հայկական համայնքի մասին՛ 1899-1956 ժամանակաշրջանին: Ան սկսաւ երեք առաջին հայ նախաձեռնողներու ճամբորդութիւններէն, Փայլակ Տէրունեան, որ գրի առած է 1899-ին իր յիսուն օրուան ճամբորդութիւնը դէպի Օմտուրման` բրիտանական բանակին հետ առեւտուր ընելու եւ ապա հաստատուեցաւ հոն: Գէորգ Ճէրճեան, որ Արաբկիրէն ճամբայ ելաւ դէպի Աղեքսանդրիա, ապա Խարթում, ի սկզբանէ աշխատելով Քիւրքճեան եղբայրներուն համար, ապա հիմնելով իր գործը եւ դառնալով Սուտանի Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) կեդրոնական դէմք 1910-20-ական թուականներուն: Վերջինը` Սարգիս Դարբինեան, որ տեղափոխուեցաւ Մալաքալ` Սարգիս Չիրքինեանի օժանդակութեամբ, որ այդ օրերուն առեւտուրով կը զբաղէր մօտակայ Քոտոկ գիւղին մէջ: Դարբինեան հիմնելով խանութ մը` մատակարարեց սնունդ եւ առօրեայ իրեր շիլլուք ցեղախումբին:
Այս առաջին նախաձեռնող հայ առեւտրականները ցուցաբերեցին տոկունութիւն, յաճախ ապրելով Սուտանի հեռաւոր տարածքներուն մէջ, յարմարելով կլիմայական եւ տնտեսական դժուար պայմաններուն` յաջող առեւտուրի նպատակներով, եւ այն յոյսով, որ իրենց եկամուտը պիտի նպաստէր Օսմանեան կայսրութեան մէջ մնացած աղքատ հայրենիքին եւ հարազատներուն: Այդ յոյսը սակայն մարեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան հետ, այլեւս հայրենիք չկար վերադառնալու, եւ Սուտանը ապրուստի միջոց հայթայթելու վայրէն վերածուեցաւ բնակութեան վայրի:
Հայկական կեանք` գաղութացուած Սուտանի մէջ

Ցեղասպանութենէն ետք Սուտան ժամանած գաղթական նոր հայերուն հետ առեւտրականներու այս խումբը վերածուեցաւ համայնքի: Գաղթականները ընդունուեցան, ըլլան անոնք հրաւիրուած հեռաւոր ազգականներ կամ որդեգրուած որբեր: Առեւտուրի կողքին, համայնքը սկսաւ զբաղիլ բազմազան գործարքներով` Խարթումի մէջ, որոնց արդիականացումը կը ձեւաւորուէր բրիտանական գաղութային կերպարով: Առեւտրական յաջողութիւնը վերածուեցաւ աշխուժ եւ կենսունակ համայնքային կեանքի` դպրոցներով, եկեղեցիներով ու կեդրոններով: 1956-ի Սուտանի անկախութեան ժամանակ հայերը արդէն հաստատուած մաս կը կազմէին Սուտանի հասարակութեան: Սակայն անոնց դիրքը նոյնպէս կը ձեւաւորուէր գաղութատիրական աստիճանակարգով` աւելի արտօնեալ, քան` «տեղացիները», բայց` երբեք համահաւասար բրիտանացիներուն: Հայերը այս միջավայրին մէջ նաւարկեցին` պատկանելիութիւն գտնելով նախ անձնական, ապա նաեւ հանրային տարածքներուն մէջ: Ահա այս պատկանելիութեան ուղին էր Ֆաթիմա Սալահի լուսանկարչական աշխատանքներու նիւթը, որ լրացուեցաւ` փաստաթուղթերով, լուսանկարներով եւ հազուագիւտ տեսաժապաւէնով մը 1956-ի` Խարթումի Հայկական կանանց միութեան տօնակատարութեան պարահանդէսէն:
Վերագտնում եւ վերամիաւորումներ

Ամսթերտամի նախաձեռնութիւնը առաջին ցուցահանդէսն էր, որ տեղի ունեցաւ «Move Collective»-ի նոր համայնքային տարածքին մէջ` հարեւան համայնքներու եւ նորեկ անդամներու մասնակցութեամբ, որոնք հետաքրքրուած էին այս եզակի ձեռնարկով:
Լոնտոնի ձեռնարկը, որ տեղի ունեցաւ Լոնտոնի «Նաւասարդեան կեդրոն»-ի սրահին մէջ, ոչ միայն պատմական դաս էր, այլ նաեւ` վերամիաւորումի եւ անդրադարձի պահ: Առաջին անգամ ըլլալով ձեռնարկը ամբողջովին նուիրուած էր սուտանահայ համայնքին: Հոն ներկայ էին նաեւ սուտանցի օտարականներ եւ աւելի լայն սուտանցի սփիւռքահայ անդամներ, որոնք ծանօթացան իրենց երկրի պատմութեան հատուածի մը, որ մինչ այդ միայն աւագ սերունդները կը յիշէին, որով, սակայն, նոր սերունդը եւս կրնայ զբաղիլ այսուհետ: Պատերազմի եւ մարդասիրական ճգնաժամի մթնոլորտին մէջ, Նեղոսի ափերու համակեցութեան պատկերները բերին քաղցր հայրենատենչական զգացումներ եւ ընձեռեցին անդրադարձի պահ մը: Մթնոլորտը սորվելու ու բացայայտելու առիթ մըն էր: Նախաձեռնութեան մասնակիցները հեռացան յատուկ բացիկներով, որոնք սկզբնապէս պատրաստուած էին սուտանահայ լուսանկարչական տուներու կողմէ, Խարթումի մէջ: Վերատպուած ու բաշխուած` անոնք դարձան յուշագրութիւնը այս բացառիկ ձեռնարկին:
Դէպի ապագայ
«Սուտանահայ»-ի համար այս առաջին իրադարձութիւնները սկիզբ մըն են: Հետազօտութիւններով կիսուելու կարելիութիւնը եւ համայնքներուն հետ խօսիլը բացառիկ արժէք ունին: Բայց աւելի կարեւորը` այս ձեռնարկները վերածեցին յիշողութիւնը եւ հետազօտութիւնը` ժառանգութեան: Կայքէջի կամ ընկերային ցանցերու սահմաններէն անդին` նախագիծը դարձաւ սուտանահայ համայնքի պատմութեան մաս մը, որ պիտի շարունակենք բացայայտել ու հրատարակել:


