 20 տարեկան հայ ծանրաբարձ Ալեքսանտրա Գրիգորեան ոսկի մետալ նուաճեց 2025-ի երիտասարդներու Եւրոպայի ախոյեանութեան, որ տեղի կ՛ունենայ Տուրեսի մէջ (Ալպանիա):
20 տարեկան հայ ծանրաբարձ Ալեքսանտրա Գրիգորեան ոսկի մետալ նուաճեց 2025-ի երիտասարդներու Եւրոպայի ախոյեանութեան, որ տեղի կ՛ունենայ Տուրեսի մէջ (Ալպանիա):
58 կշիռի կարգին մէջ, Գրիգորեան անսխալ ելոյթ ունեցաւ` յաջղութեամբ կատարելով իր բոլոր 6 փորձերն ալ եւ նուաճելով փոքր ոսկի մետալներ` արաշէի եւ Էփոլէ-ժըթէի մրցումներուն: Ընդհանուր հաշուով ան դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան երկամարտի 2014 քկ (91+123 քկ) արդիւնքով` սահմանելով Եւրոպայի երիտասարդական նոր մրցանիշներ` արաշէի եւ երկամարտի հաշիւներով:
Արծաթէ մետալակիր դարձաւ սպանացի Մարիա Օլալլա (205 քկ), իսկ պրոնզէ մետալակիր դարձաւ ռումանացի Տանա Պերքի (204 քկ):
Նշենք, որ Ալեքսանտրա թեթեւօրէն վիրաւորած էր իր մէջքը, բայց իր բարձրացուցած այդ ծանրութիւնը զինք մրցանիշի տէր դարձուցած էր, հակառակ անոր որ ան դժուարութեամբ լքեց հարթակը:
Ալեքսանտրա 2024-ին մեծերու Եւրոպայի ախոյեան դարձած էր 55 քկ կշիռի կարգին մէջ:
Ան Հայաստանի հաւաքականի առաջին ներկայացուցիչն էր, որ ելոյթ ունեցած էր Եւրոպայի ախոյեանութեան (20 տարեկանէն վար եւ 23 տարեկանէն վար) մրցումներուն:
 Տղոց մինչեւ 23 տարեկաններու 60 քկ կշիռի մրցումներուն, Գառնիկ Չոլաքեան դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան:
Տղոց մինչեւ 23 տարեկաններու 60 քկ կշիռի մրցումներուն, Գառնիկ Չոլաքեան դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան:
22 տարեկան մարզիկը իր 6 փորձերէն 5-ը յաջողութեամբ կատարեց` նուաճելով երեք ոսկի մետալ` փոքր ոսկիներ արաշէի եւ էփոլէ-ժըթէի մրցումներուն եւ մեծ ոսկի մետալ երկամարտի ընդհանուր արդիւնքով:
Սէյրան Խուդանեան գրաւեց 5-րդ դիրքը երկամարտի ընդհանուր հաշուով, հակառակ անոր որ ան շահած էր արարշէի երկրորդ դիրքը` շահելով փոքր արծաթէ մետալ, Չոլաքեանի (267 քկ) ետին Տենիս Տենեւ (259 քկ Պուլկարիա) շահած էր մեծ արծաթ մետալ, իսկ թուրք Հարուն Ալկիւլ (251 քկ)` պրոնզէ մետալ:
 
			

