 Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը կազմակերպեց 2025-ի հեծելարշաւի «Ռոտ Ռէյս Քափ» (ճամբու մրցումի բաժակ) մրցում, որ տեղի ունեցաւ Թրիփոլի – Շեքքա – Պաթրուն – Ժիպէյլ եւ դէպի վեր` Աննայա գիծին վրայ, մասնակցութեամբ աւելի քան 50 երկսեռ մարզիկներու, որոնք տարիքային բոլոր կարգերով ներկայացուցին ֆետերասիոնի ակումբները, Լիբանանեան բանակը, ներքին ապահովութեան ուժերը ինչպէս Սուրիայէն եւ Յորդանանէն մարզիկներ:

Մրցակիցներուն Ժիպէյլ հասնելէն ետք դէպի Աննայա ճամբուն վրայ բուռն պայքար տեղի ունեցաւ, ուր Ալէյի ակումբի անդամ Թոնի Հաժ 1 երկվայրկեանի առաւելութեամբ կրցաւ գերազանցել Քֆարտեպիանի Մազար ակումբի անդամ Խալիլ Ասմարին եւ շահիլ:

 Էլիթի մրցումներուն երրորդ դիրքը գրաւեց ներքին ապահովութեան ուժերու ներկայացուցիչ Ժորժ Իսքանտար, մինչ ՀՄԸՄ Պէյրութէն Ապտել Ազիզ Մանեհ եւ Շարպել Ժեհա յաջորդաբար գրաւեցին 5-րդ եւ 10-րդ դիրքերը: ՀՄԸՄ Այնճարէն Տանի Քիուան եւ Մալեք Հարիրի գրաւեցին 17-րդ եւ 19-րդ դիրքերը:

Մասթըրզի մրցումներուն, Ալի Աթուի գրաւեց առաջին դիրքը, մինչ Պասսամ Տըննաուի գրաւեց 2-րդ դիրքը: ՀՄԸՄ Անթիլիասի մարզիկ Յակոբ Քէշիշեան գրաւեց 3-րդ դիրքը: Ժորժ Պութրոս (ՀՄԸՄ Անթիլիաս) եւ Վենսան Շամմասեան (ՀՄԸՄ Պէյրութ) գրաւեցին 5-րդ եւ 6-րդ դիրքերը:
Աղջկանց մրցումներուն, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մարզիկ Թամարա Զէյն գրաւեց առաջին դիրքը, իսկ երիտասարդներու մրցումներու ախոյեան դարձաւ Վաքօ Մազաքեան (ՀՄԸՄ Անթիլիաս):