 «Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները կը շարունակուին, եւ Շիքակօ Պուլզ իր 4-րդ յաջորդական մրցումն ալ յաղթանակով աւարտեց` 126-113 արդիւնքով յաղթելէ ետք Սաքրամենթօ Քինկզին: Ճոշ Կիտի 20 կէտ եւ 12 էսիսթ ձեռք ձգեց, մինչ Զաք Լավին 30 կէտ նշանակեց ի նպաստ Քինկզի` իր նախկին խումբին դէմ:

Շիքակօ Պուլզ Սան Անթոնիօ Սփըրզի եւ Ֆիլատելֆիա 76-ըրզի նման իր 4 մրցումներն ալ աւարտած է յաղթանակներով, մինչ ախոյեան Օքլահոմա 5 մրցում կատարած է եւ կը մնայ անյաղթ:
Նիքոլա Եոքիչ այս տարեշրջանի իր 4-րդ մրցումին իր 4-րդ թրիփըլ տապըլը ձեռք ձգեց` նշանակելով 21 կէտ, 12 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ` Նիւ Օրլինզ Փելիքընզի դէմ յաղթանակին (122-88): Եոքիչ մրցումի 4-րդ մասին չմասնակցեցաւ, երբ արդէն Տենվըր 30 կէտի առաւելութիւն ունէր Փելիքընզի վրայ, որ իր 4-րդ պարտութիւնը կրեց:
Օսթըն Ռիվզ անգամ մը եւս փրկեց Լոս Անճելըս Լէյքըրզը, երբ անոր պազըր-պեթըրին շնորհիւ Լէյքըրզ 1 կէտի առաւելութեամբ յաղթեց Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզին, 116-115 արդիւնքով: Ռիվզ 28 կէտ նշանակեց Մինեսոթայի դէմ, որ վերջին վայրկեաններուն կրցած էր անցնիլ Լէյքըրզին (115-113)` 14-2 յաջորդական կողովներ նշանակելէ ետք:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Հիուսթըն Ռոքեթց 121-139
Պոսթըն Սելթիքս – Քլիվլենտ Քեվելիրզ 125-105
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Օրլանտօ Մեճիք 135-116
Պրուքլին Նեթց – Աթլանթա Հոքս 112-117
Շիքակօ Պուլզ – Սաքրամենթօ Քինկզ 126-113
Տալաս Մեւրիքս – Ինտիանա Փէյսըրզ 107-105
Տենվըր Նակեթց – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 122-88
Եութա Ճեզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 134-136
Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 115-116
Ֆինիքս Սանզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ 113-114