Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաշինեանը Պէտք Է Արտաքսել Եկեղեցիէն Եւ Ձերբակալել

Հոկտեմբեր 31, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Հայաստանի մէջ կացութիւնը օրէ օր աւելի աղէտալի կը դառնայ: Երկիրը յարձակման կ՛ենթարկուի թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին թշնամիներուն կողմէ:

Երկրին դիմաց ծառացած բազմաթիւ գոյաբանական խնդիրները լուծելու փոխարէն, Փաշինեան ամէն ջանք ի գործ կը դնէ` փորձելով փոխարինել Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը: Եկեղեցիէն ներս կրօնական ի՛նչ խնդիրներ ալ ըլլան, անոնք պէտք չէ շահագրգռեն վարչապետը, քանի որ սահմանադրութիւնը կ՛արգիլէ անոր միջամտել Եկեղեցւոյ ներքին գործերուն, այլապէս խախտած պիտի ըլլայ Եկեղեցւոյ եւ պետութեան տարանջատման սկզբունքը:

Ես հոս կրկին պիտի չյիշեցնեմ Փաշինեանի բոլոր անօրինական գործողութիւնները եւ այն վնասը, զոր ան հասցուցած է Հայաստանին ու Արցախին, որուն համար ան վաղուց պէտք էր հեռացուած ըլլար պաշտօնէն: Անոր դիմատետրեան պոռնկագրական  գրառումները եւ կարգալոյծ քահանային աջակցիլը բաւարար հիմքեր են Հայոց եկեղեցիէն զայն արտաքսելու: Կառավարութեան ղեկավարին վարքագիծը ցոյց կու տայ անոր ամբողջովին անյարգալից վերաբերմունքը Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ նկատմամբ:

Նախկին քահանան կարգալոյծ եղաւ «հոգեւորականի անվայել վարքագիծ»-ին համար: Սակայն ան մերժեց ընդունիլ այդ որոշումը եւ անցեալ կիրակի անօրինական կերպով պատարագ մատուցեց` այդպիսով պղծելով Յովհաննավանքը: Ստեղծելով լարուած մթնոլորտ` Փաշինեան մասնակցեցաւ կարգալոյծ քահանայ  Ստեփան (Արամ) Ասատրեանի կողմէ կատարուած անթոյլատրելի պատարագին: Վարչապետին միացան` պաշտպանութեան եւ տնտեսութեան նախարարները, տարբեր մարզպետներ, պատգամաւորներ, քաղաքապետներ եւ աւագանիի անդամներ, բոլորը` Փաշինեանի կուսակցութեան ներկայացուցիչներ: Վարչապետին շրջապատը դասաւորած էր, որ մեծ թիւով ոստիկաններ եւ քաղաքացիներ ներկայ ըլլան վանքին մէջ` իրենց աջակցութիւնը ցուցաբերելու կարգալոյծ քահանային: Փաշինեան պատարագին ընթացքին սուրբ հաղորդութիւն ստացաւ կարգալոյծ քահանային ձեռքէն, ինչ որ կարելի է սրբապղծութիւն նկատել: «Այսօր Յովհաննավանքի պատարագը Մայր Աթոռի ազատագրման գործընթացի գործնական փուլի մեկնարկն է խորհրդանշում», յայտարարեց Փաշինեան Դիմատետրի իր էջով: Ան նաեւ տեղեկացուց, որ յաջորդ կիրակի եւս ներկայ պիտի ըլլայ նոյն վանքին մէջ: Նման սադրիչ յայտարարութիւններ կրնան առաջնորդել զանգուածային բախումներու եւ արիւնահեղութեան, որուն ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը կրէ վարչապետը:

Անցեալ կիրակի «պատարագ»-ին ընթացքին վանքին մէջ տեղի ունեցան երկու անսպասելի դէպքեր: Մարդ մը արարողութեան ընթացքին բղաւեց, որ կարգալոյծ քահանան իրաւունք չունի պատարագ մատուցելու: Շուտով մէկը փակեց անոր բերանը եւ բռնի կերպով դուրս հանեց զայն եկեղեցիէն: Ուրիշ մը կարգալոյծ քահանային ձեռքէն խլեց Աստուածաշունչը:

Նախորդ շաբաթ կառավարութիւնը ոստիկաններ ուղարկեց Յովհաննավանք` պաշտպանելու կարգալոյծ քահանան եւ վտարելու օրինական հոգեւորականները, ինչ որ Հայաստանի օրէնքի խախտում է: Ասիկա իշխանութեան չարաշահում է եւ ապօրինի միջամտութիւն` Եկեղեցւոյ ներքին գործերուն: Ոստիկանները պէտք է ճիշդ հակառակն ընէին`  կանխէին կարգալոյծ քահանային մուտքը եկեղեցի, քանի որ ան այլեւս հոգեւորական չէ:

Իրավիճակը աւելի սրելով` Քննչական կոմիտէն, Փաշինեանի հրահանգով, նախորդ շաբաթ երեկոյեան գրաւոր պահանջեց, որ Արագածոտնի մարզի բոլոր 21 հոգեւորականները կիրակի կանուխ առաւօտեան ներկայանան Քննչական կոմիտէի երեւանեան գրասենեակ: Հոգեւորականները միացեալ յայտարարութեամբ մերժեցին այդ պահանջը` նշելով, որ կիրակի առաւօտեան պէտք է գտնուին իրենց եկեղեցիներուն մէջ եւ պատարագ մատուցեն հաւատացեալ ժողովուրդին: Կառավարութիւնը կրկին ապօրինաբար կը միջամտէ եկեղեցական գործերուն եւ կը խոչընդոտէ հոգեւորականներուն կրօնական պարտականութիւններու կատարումը: Հոգեւորականները նաեւ յայտարարեցին, որ չեն ուզեր ներկայանալ Քննչական կոմիտէի գրասենեակ` առանց իրենց փաստաբաններուն, որոնք կիրակի օրերուն հասանելի չեն:

Արցախի եւ Հայաստանի շահերուն վնաս հասցնելէ ետք, Փաշինեան հիմա կը փորձէ ապակայունացնել Հայ առաքելական եկեղեցին, որ աւելի քան 1700 տարուան պատմութիւն ունի: Յայտարարելով, թէ կը ստեղծէ Հայաստանի կեղծ չորրորդ հանրապետութիւն, ան այժմ կրնայ ծրագրել Հայոց եկեղեցւոյ վերակազմաւորումը:

Վերջին ամիսներուն քանի մը արքեպիսկոպոսներու եւ տասնեակ մը այլ հոգեւորականներու ապօրինի ձերբակալութիւնները անպայման պիտի բողոքարկուին Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ, որ այլ երկիրներու գործերով բազմիցս վճռած է, որ Եկեղեցին իրաւունք ունի վտարել իր ներքին կանոնները խախտող ոեւէ հոգեւորական:

Մերժելով ընդունիլ կաթողիկոսին կրօնական իշխանութիւնը` Փաշինեան փաստօրէն կը մերժէ կաթողիկոսին կողմէ կատարուած բոլոր մկրտութիւններն ու պսակադրութիւնները, ինչպէս նաեւ անոր կողմէ բոլոր հոգեւորականներու ձեռնադրութիւններու օրինականութիւնը` զանոնք նկատելով անվաւեր:

Զաւեշտալի է, որ Փաշինեան, ինքզինք ներկայացնելով իբրեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հաւատարիմ անդամ, բացայայտօրէն կը միջամտէ Եկեղեցւոյ գործերուն: Ան խոստովանած է, որ իր ամուսնութիւնը կատարուած է ո՛չ եկեղեցւոյ մէջ, ո՛չ ալ քաղաքացիական կարգով: Այլ կերպ ըսած, ան տասնամեակներ շարունակ ապրած է մեղքի մէջ: Անոր զուգընկեր Աննա Յակոբեանը, որուն սխալմամբ «Առաջին տիկին» կը կոչեն, իր շքախումբին հետ տարբեր երկիրներ մեկնելու եւ պաշտօնական հանդիպումներ ունենալու համար կ՛օգտագործէ պետական պիւտճէն: Յայտնի չէ` արդեօք Փաշինեան մկրտուա՞ծ է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ, թէ՞ ոչ:

Ցարդ Փաշինեան կրցաւ բաժնել աշխարհասփիւռ հայերը քանի մը հակադիր խումբերու` փաշինեանամէտ եւ հակափաշինեանական հոգեւորականներ, իշխանութիւն ընդդէմ ընդդիմութեան, ներկայ ղեկավարներ ընդդէմ նախկին ղեկավարներու, արցախցիներ ընդդէմ հայաստանցիներու, սփիւռքահայեր ընդդէմ տեղացիներու եւ այլն: Բազմաթիւ լուրջ խնդիրներ ունեցող փոքր ազգը չի կրնար պառակտուիլ` այդքան շատ խմբաւորումներու բաժնուելով: Շուտով ոչինչ կը մնայ: Կիրարկելով «Բաժնէ, որ տիրես» մարտավարութիւնը` Փաշինեանի չարամիտ նպատակը բոլորը իրարու դէմ հանելու մէջ այն է, որ իշխանութիւնը շարունակէ մնալ իր կուսակցութեան ձեռքը:

Հայ հասարակութեան մէջ Եկեղեցւոյ դերը նուազագոյնի հասցնելու նպատակով Փաշինեանի խորհրդարանական մեծամասնութիւնը նախորդ շաբաթ քուէարկեց Հայ առաքելական եկեղեցւոյ վերահսկողութեան տակ գործող «Շողակաթ» պատկերասփիւռի կայանի փակման օգտին: «Շողակաթ»-ը, որ կը համաֆինանսաւորուի Եկեղեցւոյ եւ կառավարութեան կողմէ, կը գործէ երկու տասնամեակէ: Անիկա կը սփռէ կրօնական ու կրթական յայտագիրներ եւ չ՛անդրադառնար քաղաքական հարցերու:

Կը թուի, թէ ստալինականութիւն դեռ կենդանի է Հայաստանի մէջ…

www.TheCaliforniaCourier.com

Նախորդը

Թանգարաններու Ամէնէն Յանդուգն Կողոպուտները Պատմութեան Ընթացքին

Յաջորդը

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 10-րդ Թիւը

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Փորձութիւն
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Փորձութիւն

Հոկտեմբեր 31, 2025
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 10-րդ Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 10-րդ Թիւը

Հոկտեմբեր 31, 2025
Նոր Տարուան Սեմին.  Աւետիք Իսահակեանի Ամանորի Բարեմաղթութիւնը
Անդրադարձ

Աւետիք Իսահակեանի Կեանքն Ու Գործունէութիւնը` Ծննդեան 150-Ամեակին Նուիրուած

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?