Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
 Նախանցեալ կիրակի Լուվրի թանգարանէն գողցան 9 թանկարժէք ակնեղէն, բայց այս առաջին աղմկայարոյց թանգարանային կողոպուտը չէ:
Նախանցեալ կիրակի Լուվրի թանգարանէն գողցան 9 թանկարժէք ակնեղէն, բայց այս առաջին աղմկայարոյց թանգարանային կողոպուտը չէ:
Լէոնարտօ տա Վինչիի «Մոնա Լիզա»-էն մինչեւ Վինսընթ վան Կոկի «Գետնախնձոր ուտողները»` աշխարհի ամէնէն յայտնի նկարներէն մի քանին գողցուած են աշխարհի յառաջատար թանգարաններէն, համաշխարհային համարձակ կողոպուտներով:
Լուվրի թանգարանի վերջին կողոպուտը ցնցեց աշխարհը` վերստին արթնցնելով նախապէս կատարուած արուեստի անամօթ գողութիւններու յիշողութիւնները, որոնք ցնցեցին նոյնիսկ ամէնէն ապահով պատկերասրահները եւ թանգարանները:
Լուվրը, որ անթիւ գանձերու տուն է, ունի մեծ անուններով յայտնի կողոպուտներու երկար պատմութիւն:
Թանգարաններու ամէնէն մեծ գողութիւնները
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդած է Լուվրի ցերեկային ներխուժումէն առաջ թանգարաններէն կատարուած մեծ գողութիւններու ցուցակ մը.
– 2023, օգոստոս. Բրիտանական թանգարան. երկար ժամանակամիջոցի մէջ գողցուած է շուրջ 2000 նմուշ, ինչպէս` ոսկի զարդեր եւ թանկարժէք քարեր:
 – 2020, օգոստոս. Ուտրեխտի մօտ գտնուող Հոֆիէ վան Մեւրուվ վան Աերտենի թանգարան.- Ֆրանս Հալսի «Ծիծաղող երկու տղաներ» կտաւը, որուն արժէքը կը կազմէ 18 միլիոն տոլար:
– 2020, օգոստոս. Ուտրեխտի մօտ գտնուող Հոֆիէ վան Մեւրուվ վան Աերտենի թանգարան.- Ֆրանս Հալսի «Ծիծաղող երկու տղաներ» կտաւը, որուն արժէքը կը կազմէ 18 միլիոն տոլար:
– 2020, մարտ.- Ամսթերտամի Սինկըր Լարէն թանգարան.- Վան Կոկի «Գարնանային պարտէզ»-ը կտաւը:
– 2019, նոյեմբեր. Տրեզտենի Կանաչ պահոց (Grünes Gewölbe) թանգարան.- Աւելի քան 4300 ադամանդներով զարդեր (124 միլիոն տոլար):
– 2015, մայիս. Մատրիտ, սեփական հաւաքածոյ.- Ֆրենսիս Պէյքընի հինգ նկար (25 միլիոն տոլար):
– 2012, հոկտեմբեր. Ռոթըրտամի Կունստհալ թանգարան.- Փիքասոյի, Մաթիսի, Մոնէի եւ այլոց եօթը նկար:
– 2010, մայիս. Փարիզի քաղաքի ժամանակակից արուեստի թանգարան.- Հինգ նկար, (118 միլիոն տոլար): Նոյնպէս գողցուած են Փիքասոյի եւ Մաթիսի կտաւները:
– 2008, փետրուար. Պիուռլէի հաւաքածոյ, Ցիւրիխ.- Սեզանի, Տեկայի, Վան Կոկի, Մոնէի չորս նկարներ (164 միլիոն տոլար):
– 2004, դեկտեմբեր. Սան Փաուլոյի արուեստի թանգարան.- Փիքասոյի` «Սիւզան Պլոչի դիմանկար»-ը եւ Փորտինարիի` «Սուրճի աշխատաւորը» կտաւները (56 միլիոն տոլար):
– 2003, օգոստոս. Թրամլանրիկ ամրոց, Սկովտիա.- Լէոնարտօ տա Վինչիի «Եարնվինտերի մատոննան» կտաւը (53 միլիոն տոլար):
– 2002, դեկտեմբեր.- Վան Կոկի թանգարան, Ամսթերտամ.- Վան Կոկի երկու կտաւ (իւրաքանչիւրը` 56 միլիոն տոլար):
– 1993, նոյեմբեր. Սթոքհոլմի ժամանակակից թանգարան.- Փիքասոյի եւ Պրակի ութ ստեղծագործութիւն (60 միլիոն տոլար):
– 1991, ապրիլ. Վան Կոկի թանգարան, Ամսթերտամ.- 20 նկար, ինչպէս` Վան Կոկի «Գետնախնձոր ուտողները» կտաւը (500 միլիոն տոլար):
– 1911, յունուար. Լուվրի թանգարան, Փարիզ.-Լէոնարտօ տա Վինչիի «Մոնա Լիզա»-ն: Այս կտաւը գտնուած է երկու ամիս ետք:

Լէոնարտօ տա Վինչիի «Մոնա Լիզա»-ն անկասկած աշխարհի ամէնէն յայտնի արուեստի գործերէն մէկն է եւ` այսօր Լուվրի թանգարանի ամէնէն դիտուած նիւթը:
Սակայն գողութենէն առաջ արուեստի աշխարհէն դուրս այդ լայնօրէն յայտնի չէր:
1911 թուականին նախկին աշխատակից Վինչենցօ Փերուճան պահուըտած է թանգարանին մէջ եւ դուրս եկած` նկարը վերարկուին տակ:
Գողութեան մասին Լուվրի յայտարարութենէն ետք, աշխարհի թերթերը լեցուեցան անհետացած գլուխգործոցի մասին վերնագրերով:
Կտաւը գտնուեցաւ երկու տարի ետք, Ֆլորենցիոյ մէջ, երբ Փերուճան փորձած էր վաճառել:
Այդ միջադէպը օգնեց Լէոնարտօ տա Վինչիի դիմանկարը աշխարհի ամէնէն յայտնի արուեստի գործը դարձնելուն:
Ռամպրանտի Եակոբ տը Կէյն Գ-ի դիմանկարը, Տալվիչի պատկերասրահ, 1966, 1973, 1981 եւ 1983 թուականներուն գողցուած է
 Ռամպրանտի Եակոբ տը Կէյն Գ-ի դիմանկարը կտաւը  արուեստի ամէնէն տարօրինակ գողութիւններէն մէկուն ժամանակ, ըստ «Կինէս»-ի մրցանիշերու գիրքին, դարձաւ ժամանակակից պատմութեան մէջ ամէնէն յաճախ գողցուած մեծ կտաւներէն մէկը:
Ռամպրանտի Եակոբ տը Կէյն Գ-ի դիմանկարը կտաւը  արուեստի ամէնէն տարօրինակ գողութիւններէն մէկուն ժամանակ, ըստ «Կինէս»-ի մրցանիշերու գիրքին, դարձաւ ժամանակակից պատմութեան մէջ ամէնէն յաճախ գողցուած մեծ կտաւներէն մէկը:
Այն ստացած է «Տուն տանելու Ռամպրանտ» մականունը:
Կտաւը առաջին անգամ գողցած են Լոնտոնի Տալվիչի պատկերասրահէն (Dulwich Picture Gallery), 1966 թուականին, երկու այլ նկարի հետ, ապա կրկին` 1973, 1981 եւ 1983 թուականներուն:
Դիմանկարը յայտնաբերուած է իւրաքանչիւր գողութենէն ետք եւ ցարդ թանգարանին մէջն է:
Բայց եւ այնպէս, բոլոր ժամանակներու ամէնէն յաճախ գողցուած արուեստի գործը Քենտի խորանն է, որ յայտնի է նաեւ որպէս «Աստուծոյ գառան երկրպագութիւն», որուն հեղինակներն են Հուպերտ եւ Եան վան Էյկ եղբայրները:
Այն գողցուած է եօթը անգամ` 1794 թուականին Նափոլէոնի բանակի, իսկ Բ. Համաշխարհային պատերազմի օրերուն` նացիներու թալանի ժամանակ:
Իզապելլա Ստիւարտ Կարտնըրի թանգարանի կողոպուտը, Պոսթըն, 1990 թուական
Այս կողոպուտը նկատուած է Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ ամէնէն մեծը, սակայն 35 տարի ետք Պոսթընի Իզապելլա Ստիւարտ Կարտնըրի թանգարանէն 13 ստեղծագործութիւններու գողութիւնը մնացած է չբացայայտուած:
18 մարտ 1990 թուականի առաւօտ կանուխ, Պոսթընի ոստիկաններու նման հագած երկու տղամարդ մտան թանգարան` պնդելով, որ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը կ՛արձագանգեն:
Անոնք ապահովութեան երկու աշխատակից յաջողեցան կապել եւ 81 երկվայրկեանի մէջ գողցան արուեստի 13 ստեղծագործութիւն, ինչպէս` Ռամպրանտի, Վերմերի, Տեկայի եւ Մանէի գլուխգործոցները:
Վերմերի «Համերգը» կտաւը գողցուած ամէնէն արժէքաւոր ստեղծագործութիւններէն մէկն է: Իշխանութիւնները կը պնդեն, որ արուեստի գործերու արժէքը կրնայ հասնիլ կէս միլիառ տոլարի:
Թանգարանի պաշտօնեաները կը նշեն, որ ստեղծագործութիւնները անգին են, քանի որ անոնք չեն կրնար փոխարինուիլ:
Կարգ մը աշխատանքներ, մասնաւորապէս, Ռամպրանտի «Քրիստոսը Գալիլիոյ ծովուն վրայ փոթորիկի ժամանակ» կտաւը հանած են շրջանակներէն: Այս շրջանակները մինչ այսօր դատարկ կախուած են թանգարանին մէջ:
Վան Կոկի թանգարանի կողոպուտ, Ամսթերտամ, 1991 եւ 2002 թուականներ
2002 թուականին Ամսթերտամի Վան Կոկի թանգարանէն գողցած է երկու նկար:
Անհետանալէն 14 տարի ետք` 2016 թուականին, անոնք գտնուած եւ վերադարձուած են թանգարան: Գողերը թանգարան ներխուժելու համար օգտագործած են սանդուղք եւ կռաններ:
Իտալիոյ ոստիկանութիւնը նկարները գրաւած է մաֆիայէն եւ վերադարձուցած` թանգարան:
Վան Կոկի թանգարանը թալանուած էր նաեւ քանի մը տարի առաջ` 1991 թուականին, երբ գողցուած էր աւելի քան 400 միլիոն եւրօ արժողութեամբ 20 նկար:
Անոնք շուտով յայտնաբերուած են մօտակայքը լքուած ինքնաշարժին մէջ
18-րդ դարու զարդեր, Տրեզտենի Կանաչ պահոց (Grünes Gewölbe թանգարան, 2019
2019 թուականին գողերը կոտրած են աշխարհի ամէնէն հին թանգարաններէն մէկուն` Տրեզտենի Կանաչ պահոցի ցուցափեղկերը եւ գողցած` հարիւր միլիոնաւոր եւրօ արժողութեամբ ադամանդակուռ թագաւորական զարդեր:
Ըստ պաշտօնատար անձերու, անոնք գողցած են 18-րդ դարու զարդերու երեք անգին հաւաքածոյ, որոնք չէին կրնար վաճառուիլ բաց շուկային մէջ:
Գողցուած իրերէն քանի մը հատը հետագային գտնուած են: Հինգ մարդ դատապարտուած է, իսկ վեցերորդը` արդարացուած:
Հնդկաստանի թանգարաններու գողութիւնները
Թանգարաններու ներքին տարածքներուն մէջ կատարուած կողոպուտները յաճախ լայնօրէն յայտնի եղած են, Հնդկաստանի մէջ նոյնպէս տեղի ունեցած են համարձակ գողութիւններ:
2018 թուականին Հայտարապատի Նիզամի թանգարանէն գողցուած են ոսկեայ արկղ եւ այլ հնաոճ իրեր:
Գողերը 2001 թուականի փետրուար եւ մարտ ամիսներուն երեք անգամ Չանտաւարամի 2000-ամեայ պուտտայական թանգարանը կողոպտած են:
Բեռնատարներով գալով` անոնք կապած են պահակները եւ տարածքը թալանած են ցերեկով: Գողցուած իրերու ամբողջական ծաւալը կը մնայ անյայտ:
 
			

