4-5 հոկտեմբերի շաբաթավերջին Նոր Բրիտանիոյ Ս. Ստեփանոս եկեղեցին նշեց իր 100-ամեակը, որուն տօնակատարութիւնը պարզապէս տարիներու յիշատակում չէր, այլ` կենդանի վկայութիւն այն միասնութեան եւ նուիրուածութեան, որ ձեւաւորած էր համայնքը 1924 թուականին հայ ներգաղթեալներու կողմէ հիմնադրուելէն ի վեր:
Արդարեւ, 4 հոկտեմբերին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ տարածաշրջանային համաժողով, որուն յաջորդեց ճաշկերոյթ` «Սառա Փորթեր» յուշահամալիրին մէջ:
Օրուան հանդիսավարն էր Հոգաբարձուներու խորհուրդի գանձապահ Գարեն Ֆալլօ: Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը, որմէ ետք եկեղեցւոյ հովիւը եւ Գարեն Ֆալլօ առաջնորդին նուիրեցին Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ փայտէ շինուած կրկնօրինակը:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ «Հովիւի ձայնը» նոր գիրքի շնորհահանդէսը` հեղինակութեամբ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ հովիւ Խորէն արք. Տողրամաճեանի, որ գրուած էր եկեղեցւոյ 100-ամեակին առիթով:
Ներկաները ստացան նաեւ Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցին խորհրդանշող յուշանուէրներ:
Երեկոյի ընթացքին ներկայացուեցաւ նոր հրատարակուած 100-ամեակի յիշատակի գիրքը, որ կը ներկայացնէր եկեղեցւոյ վերջին հարիւր տարուան հարուստ պատմութիւնը լուսանկարներով` խմբագրութեամբ Խորէն արք. Տողրամաճեանի:
Նոր Բրիտանիոյ քաղաքապետ Էրին Սթիւարտի ներկայացուցիչները Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ 100-ամեակին առիթով յանձնեցին հռչակագիր, իսկ Խորէն արք. Տողրամաճեանին` շնորհակալագիր:
Շնորհաւորական խօսքերով ելոյթ ունեցան առաջնորդարանի Գործադիր խորհուրդի նախագահ Արամ Սարաֆեան եւ յայտնի մեկնաբան ու հեղինակ Ստեփան Փիլիկեան:
Երեկոյի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց սրբազան հայրը, որ նաեւ Խորէն արք. Տողրամաճեանին նուիրեց խաչ մը:
5 հոկտեմբերին Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ սրբազան հայրը մատուցեց ս. պատարագ, որուն աւարտին վերանորոգուած սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան:
Քոնթքթիքաթի ծերակոյտի անդամ Ռիյըրտ Պլումենթըլ Խորէն արք. Տողրամաճեանին յանձնեց վկայագիր մը, որ ուղղուած էր «Սուրբ Ստեփանոս հայկական եկեղեցւոյ` ի պատիւ մէկ դարաշրջանի աւանդոյթներու եւ պատմութիւններու»:


