Նորվեկիոյ մէջ վերջ գտաւ «Փոսթնորտ-լիկա»-ն, որ համապատասխան է ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան: Ուլենսաքեր-Քիսա ակումբին հետ փայլեցաւ 19 տարեկան հայ յառաջապահ Ալպերթ Ալեքսանեան, որ տպաւորիչ տարեշրջան մը ունեցաւ` դառնալով ակումբին գլխաւոր բացայայտումը:
1,93 մեթր հասակ ունեցող յառաջապահը ծնած է Լաթվիա, բայց փոքր տարիքէն կ՛ապրի Նորվեկիա: Ան ունի լաթվիական եւ նորվեկիական քաղաքացիութիւն, բայց իրաւունք ունի հանդէս գալու Հայաստանի ազգային խումբէն` իր ծագումին պատճառով: Մինչեւ օրս Ալեքսանեան չէ հրաւիրուած Հայաստանի որեւէ երիտասարդական հաւաքական:
Անոր ֆիզիքական տուեալներու կողքին ան շատ արագ մարզիկ է` թեքնիքով հարուստ եւ ծայրի դիրքերու վրայ ալ արդիւնաւէտ: Անոր հիմնական դիրքը ձախ ծայրի յառաջապահ դիրքն է, սակայն նոյն յաջողութեամբ կրնայ աջ ծայրի դիրքի վրայ ալ խաղալ: Տարեշրջանի աւարտին ան դարձաւ ակումբին լաւագոյն կոլսքորըրը, եւ իր կոլերուն շնորհիւ խումբը գրաւեց 5-րդ դիրքը:
Ան 13 կոլ նշանակեց իր ակումբի հիմնական կազմին հետ, եւ 4 կոլ` պահեստի կազմէն (4-րդ դասակարգ), իսկ 2 կոլ 19 տարեկանէն վար ախոյեանութեան: Ան կոլ մըն ալ նշանակեց Նորվեկիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին` ընդամէնը 20 կոլերով աւարտելով տարեշրջանը:
Բացի այս բոլորէն, ան 6 էսիսթ ալ կատարած է, հակառակ անոր որ պաշտօնական տուեալներ չեն յայտներ Նորվեկիոյ Գ. դասակարգին մէջ, եւ անոր կայուն եւ բազմատաղանդ խաղաձեւին պատճառով ան ընտրուած է Գ. դասակարգի ամէնէն փայլուն երիտասարդ ֆութպոլիստներէն մէկը:
Նման յաջող տարեշրջանէ մը ետք շատ հաւանական է, որ 19 տարեկան հայ յառաջապահը իր ասպարէզը շարունակէ աւելի բարձր դասակարգի մէջ:


