Ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոններու միջազգային խորհուրդը (ԻՖԱՊ) քննարկեց կանոններու փոփոխութիւնները` ՎԱՐ-ի միջամտութեան վերաբերեալ, ինչպէս կը յայտնէ ԻՖԱՊ-ի մամլոյ ծառայութիւնը:
Կը քննարկուի, որ ՎԱՐ իրաւունք ունենայ միջամտելու երկրորդ դեղին քարտի սխալ ցուցադրման պարագային: Համապատասխան առաջարկը պիտի ներկայացուի ԻՖԱՊ-ի տարեկան աշխատանքային հանդիպումին, որ տեղի պիտի ունենայ 20 յունուար 2023-ին` Լոնտոնի մէջ:
Ամբողջ աշխարհի բերդապահներուն գնդակը անհրաժեշտ չափէն աւելի երկար պահել արգելող նոր դրոյթներուն (8 երկվայրկեան) յաջող ներդրումին մասին դրական արձագանգներու հրապարակումէն ետք քննարկուած են նաեւ մրցումի ընթացքը նուազագոյն ձեւով ընդմիջելու հետագայ ուղիները: Կը քննարկուի նաեւ մարզադաշտի սահմաններէն գնդակը ետ նետելու եւ բերդապահներու հարուածներու որոշ ժամով սահմանափակելու հարցը, ինչպէս նաեւ վիրաւորներու դարմանումի փոխարինումներու պատճառով մրցումի ընդհատումներու պատճառով կորսուած վայրկեանները կրճատելու հարցերը:
Նաեւ կազմակերպութեան անդամները տեղեկացած են օֆ-սայտի օրէնքները բարելաւելու քայլերուն մասին:


