«Երգ սիրեցէք կեանքից, գինուց, ամէն բանից աւելի,
Երգն է միակ բալասանը անդնդախոր ցաւերի,
Երգ հիւսեցէք, առանց երգի` վիշտն աշխարհ է ցաւերի»:
ՍԱՐՄԷՆ
Կիրակի, 19 հոկտեմբերի երեկոյեան Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցիին մէջ ներկայ եղանք իւրայատուկ համերգի մը` խորագրուած «Սրտի ներդաշնակութիւն` ձայն եւ կիթառ»: Երկու տաղանդաշատ երաժիշտներ` Մկրտիչ եւ Լիանա Միքայէլեաններ, միաձուլելով իրենց երաժշտական եւ կատարողական կարողութիւնները, ստեղծեցին հրաշալի երաժշտական մթնոլորտ մը` ներկայ երաժշտասէր հանդիսատեսներու հոծ բազմութեան պարգեւելով հոգեկան խաղաղութիւն, անդորրութիւն եւ հոգեպարար ունկնդրութիւն:
Տարիներ առաջ քանի մը անգամ նոյն բեմէն ունկնդրած էինք կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեանի դասական կիթառի մենահամերգները եւ սքանչացած` իր բծախնդիր ու մանրակրկիտ աշխատանքին վրայ: Նաեւ հետեւած էինք իր երաժշտական ասպարէզային վերելքին եւ հրճուած` իր ստացած բազմաթիւ մրցանակներով եւ մետալներով: Այս անգամ ան ներկայացաւ որպէս ընկերակցող իր կողակից սոփրանօ Լիանային` դափնեկիր մրցոյթներու եւ օփերայի դասատու Լիբանանի պետական երաժշտանոցին մէջ:
Յայտագիրը սկսաւ Շուպերթի գողտրիկ «Աւէ Մարիա» եւ «Սերենատ» երգերով, եւ արդէն առաջին հնչիւններէն Լիանայի թաւշային ձայնը լեցուեցաւ սրահին եւ մեր սրտերուն մէջ: Շարունակուեցաւ Ճիւլեանիի երեք կարճ «Քաւաթինա»-ներով, որոնց յաջորդեց Մկրտիչ Միքայէլեանի մշակումով Կոմիտասի «Քելէ քելէ»-ն եւ Բարսեղ Կանաչեանի «Օրօր»-ը: Վստահաբար վարպետը` Բարսեղ Կանաչեան, եթէ ներկայ ըլլար, պիտի գնահատէր Լիանային արտայայտիչ, հզօր ձայնը եւ կատարումը, որ յուզեց բոլորս: Դարձեալ Մկրտիչ Միքայէլեանի մշակած Ֆետերիքօ Կարսիա Լորքայի սպանական աւանդական ութ երգերու մատուցմամբ երկու երաժիշտներուն ցուցաբերած արհեստավարժ կատարելութիւնը ոգեշնչեց բոլոր հանդիսատեսները: Յայտագիրի վերջին բաժինով Լիանան եւ Մկրտիչը մեկնաբանեցին Մանուէլ տը Ֆալիայի սպանական օրօրը` «Նանա», եւ ապա` Ֆերնանտօ Օպրատորսի «Էլ Վիթօ» աշխուժ սպանական պարեղանակին (Մկրտիչ Միքայէլեանի մշակած) քրեշենտօ աւարտը, եւ կիթառին ուժեղ թրթրացումը հանդիսատեսներուն յոտնկայս ծափողջոյններուն արժանացաւ: Յայտագիրը աւարտեցաւ Վինչենզօ տի Չիարայի «Լա Սփանեոլա»` սպանական հապաներայի ոճով իտալական խանդավառ երգով: Երաժիշտները հանդիսատեսներուն յոտնկայս բուռն ծափահարութիւնը գնահատեցին` երկրորդ ունկնդրութիւն մը շնորհելով Բարսեղ Կանաչեանի հիասքանչ «Օրօր»-ին:
Բարձր մակարդակով համերգ մըն էր Միքայէլեան ամոլին ներկայացուցած դասական երգարուեստի յայտագիրը: Մեր ջերմագին շնորհաւորութիւնները` երաժիշտներուն, մաղթելով, որ յաջորդ համերգի յայտագիրին մէջ հայ երգերու թիւը բազմապատկուի, գիտնալով, որ նոր մշակումներ եւ շատ աշխատանք է պէտք մեր փափաքին ընդառաջել կարենալու համար:
Շնորհակալութիւն եւ շնորհաւորութիւններ` Հայ աւետարանական քոլեճի հոգաբարձութեան բծախնդիր կազմակերպութեան եւ որակաւոր գրքոյկ-յայտագիրին համար: Նաեւ շնորհակալութիւն` երգահան, պետական երաժշտանոցի տնօրէն Հիպա Քաուասին, որ ստանձնած էր համերգի բարձր հովանաւորութիւնը եւ իր բացման խօսքին մէջ դրուատեց պետական երաժշտանոցի ուսուցիչներ Միքայէլեաններուն մեծ դերը նոր սերունդի երաժշտական կազմաւորման մէջ եւ իրենց համերգային ելոյթները:



