Նախաձեռնութեամբ առողջապահութեան նախարարութեան, գործակցութեամբ Մեթնի շրջանի Ռոթարի ակումբներուն, շաբաթ, 25 Հոկտեմբեր 2025-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 12:00, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ մանուկներու անդամալուծութեան պատուաստի-փոլիոյի անվճար արշաւ 0-էն մինչեւ 18 տարիքի երեխաներու թէ պատանիներու համար:
Պատուաստները բժշկական ապահով դարմանամիջոցներ են եւ զանոնք ստանալով` երեխաները կը մեծնան աւելի առողջ եւ հեռու կը մնան շարք մը հիւանդութիւններէ:
«Երկու կաթիլ պատուաստը կրնայ կեանք մը փրկել» նշանաբանը կրող պատուաստումի արշաւին օրը կեդրոնի հիւանդապահուհիները պատուաստեցին տասնեակներով երեխաներ եւ անոնց ծնողներուն տուին պատուաստներու եւ առողջ սննդականոնի մասին կարգ մը գիտելիքներ:
Փաստօրէն առողջապահութեան նախարարութեան այս նախաձեռնութիւնը կարելի եղաւ իրագործել շնորհիւ Մեթնի շրջանի Ռոթարի ակումբներուն ճիգերուն: Ծրագիրին նպատակն էր հանրութիւնը նախազգուշացնել մանկական հիւանդութիւններէն եւ ծնողները իրազեկ դարձնել պատուաստներու անհրաժեշտութեանց մասին:
«Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին անունով երախտիքի խօսք կ՛ուղղենք առողջապահութեան նախարարութեան, որ բծախնդրօրէն կը հետեւի մանուկներու առողջութեան, ինչպէս նաեւ` ծրագիրի իրականացման նպաստող բոլոր կողմերուն:
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
ԼՕԽ-Ի «ԱՐԱՔՍԻ ՊՈՒԼՂՈՒՐՃԵԱՆ»
ԸՆԿԵՐԱԲԺՇԿԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ






