Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներ
Էնսինոյի Համայնքը Մեծարեց Սարգիս Եւ Սիւզան Կիցինեան Ամոլը
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէին եւ Հայ մշակութային հիմնարկութեան Արեւմտեան Սան Ֆերնանտօ Հովիտի մասնաճիւղին, համագործակցութեամբ` շրջանի ՀՄԸՄ-ին, ՀՕՄ-ին, Համազգայինին եւ ՀԵԴ-ին, վերջերս տեղի ունեցաւ մեծարանքի երեկոյ մը` ի պատիւ Սարգիս եւ Սիւզան Կիցինեան ամոլին, որոնք գլխաւոր բարերարները կը հանդիսանան շրջանի նոր «Հայ մշակութային հիմնարկութեան Սարգիս եւ Սիւզան Կիցինեան երիտասարդական կեդրոն»-ին: Համայնքային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն կողքին էին ՀՅԴ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, որոնք լուսարձակի տակ առին բարերարներուն երկար տարիներու վրայ երկարող բարեսիրական գործունէութիւնը եւ անսակարկ նուիրումը:
Յիշեցնենք, որ օգոստոսին, նոր կեդրոնին ի նպաստ տեղի ունեցած ձեռնարկին ընթացքին յայտարարուեցաւ, որ Կիցինեան ընտանիքը որոշած է այս նպատակը իրականացնելու համար 300 հազար ամերիկեան տոլար նուիրել:
Երեկոյի հանդիսավար իրաւաբան Շանթ Յակոբեան իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ Լիբանանէն սկսած եւ Միացեալ Նահանգներ հասած Կիցինեաններու բարեգործութիւններու եւ ծառայութիւններու պատմութեան:
Թեմի նախկին առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան` իբրեւ Կիցինեան ընտանիքին հիւրը, տուաւ իր հոգեւոր պատգամը եւ ողջունեց համայնքին երազներէն մէկուն իրականացումը հանդիսացող նոր կեդրոնին նախաձեռնութիւնը` միաժամանակ դրուատելով օրուան մեծարեալներուն երկար տարիներու առատաձեռն բարերարութիւնը:
Իր կարգին, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Տարօն Տէր Խաչատուրեան խօսեցաւ սփիւռքի տարածքին հայութիւնը կազմակերպելու եւ երիտասարդութեան առիթ ընծայելու գծով կուսակցութեան 135-ամեայ հարուստ պատմութեան մասին եւ նոր կեդրոնը նկատեց վերանորոգութեան առիթ մը եւ միասնականութեան օրինակ մը` համայնքային այլ կազմակերպութիւններու համար: Ան յոյժ կարեւոր նկատեց սփիւռքին ամրապնդումը, որ մեծապէս պիտի նպաստէ Հայաստանի ու Արցախի հզօրացման եւ շնորհաւորեց նուիրատուներն ու համայնքը` նոր կեդրոնին ծրագիրը միացեալ ջանքերով յաջողութեամբ պսակելնուն առիթով:
Իրաւաբան Նարեկ Կիցինեան, որ` իբրեւ Հայ դատի յանձնախումբի Արեւմտեան Սան Ֆերնանտօ Հովիտի մասնաճիւղի ատենապետ, այսպիսի կեդրոնի մը պահանջը 2009-ին սկսած էր ներկայացնել Լոս Անճելըսի Քաղաքապետական խորհուրդին, խօսեցաւ անոր պատմականին մասին` անոր իրականացումը համարելով ՀՅԴ-ի եւ Հայ մշակութային հիմնարկութեան, ինչպէս նաեւ համայնքային այլ կազմակերպութիւններու միացեալ ջանքերուն արգասիքը, զայն նկատելով համայնքին վերաշխուժացման մղիչ ուժը: ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէի եւ Հայ մշակութային հիմնարկութեան Արեւմտեան Սան Ֆերնանտօ Հովիտի մասնաճիւղի ատենապետ Րաֆֆի Սարգիսեան իր խօսքին մէջ նախ անդրադարձաւ Սարգիս Կիցինեանի հետ իր 35 տարիներու բարեկամութեան եւ գործակցութեան, համայնքին այս նպատակը իրականացնելու ճամբուն վրայ անոր հետ միասնաբար դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ պաշտօնապէս յայտարարեց կեդրոնին նոր անունը` «Հայ մշակութային հիմնարկութեան Սարգիս եւ Սիւզան Կիցինեան երիտասարդական կեդրոն», զայն նկատելով միասնականութեան եւ յարատեւութեան խորհրդանիշը, եւ որուն պաշտօնական բացումը պիտի յայտարարուի շուտով:
Իրենց կարգին, մեծարեալ ամոլը յայտնեց, թէ իրենք հասակ նետած են` հաւատալով իրենց փոխանցուած այն պատգամին, որ պէտք է նեցուկ կանգնիլ համայնքին, եւ յիշեցուցին, որ Պէյրութի թաղամասերուն մէջ ակումբները ամէն ինչ էին համայնքին համար, ուր պատանիները հայրենասիրութիւն կը սորվէին` յուսալով, որ այս կեդրոնը եւս ապագայ սերունդներուն նոյն հայրենասիրութիւնը եւ համայնքին նուիրուելու հրամայականը պիտի ջամբէ:
Յիշեցնենք, որ Կիցինեանները երկար տարիներ սպասարկած են եւ նուիրած` եկեղեցւոյ, ՀՅԴ-ին, ՀՄԸՄ-ին եւ ՀԵԴ-ին: Սարգիս Կիցինեան եղած է ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ եւ Հայ մշակութային հիմնարկութեան հիմնադիրներէն մէկը:
Էնսինոյի Համայնքը Տօնեց Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Օծման 62-րդ Տարեդարձը
Հանդիսապետութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, հիւրընկալութեամբ օրուան նախագահ տոքթ. Մայք եւ Եւելինա Սարեան ամոլին, 10 հոկտեմբերին Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ «Խաթուն Սարեան» շրջափակին տեղի ունեցաւ տարեկան ճաշկերոյթը, որ այս տարի կազմակերպուած էր եկեղեցւոյ օծման 62-րդ տարեդարձին առիթով: Եկեղեցւոյ հովիւ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեանի օրհնութեան աղօթքէն ետք հոգաբարձութեան ատենապետ Յարութ Գամպերեան արտասանեց իր սրտի խօսքը:
Առաջնորդ սրբազանը իր խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ ամէն տարի այս շրջանի եկեղեցւոյ օծման տարեդարձը տօնական մթնոլորտով յագեցած ճաշկերոյթով կամ ձեռնարկով նշելը ամէնէն խօսուն ապացոյցն է իր շրջանի եկեղեցիին նկատմամբ համայնքին ունեցած կապուածութեան, որ կը ծնի Աստուծոյ եւ ազգին նկատմամբ հաւատարմութենէն: Ան հաստատեց, թէ կապուածութիւնը, որ յարատեւ ու տարեկան է, եւ հաւատարմութիւնը, որ շարունակականութեամբ կը դրսեւորուի, երկուքն ալ մեծապէս գնահատելի են համայնքի զաւակներուն կեանքին մէջ:
Տոքթ. Մայք Սարեան ելոյթ ունենալով` փափաք յայտնեց շրջափակը վերանուանել իր ծնողներուն անունով` զայն կոչելով «Երջանիկ եւ Խաթուն Սարեան շրջափակ», ապա ակնարկելով յառաջիկայ տարուան` նշեց, որ սիրով կը ստանձնէ եկեղեցւոյ օծման 63-րդ ամեակի ճաշկերոյթին նախագահութիւնը:
Հայ Աւետարանական Համայնքի Ներկայացուցիչները Այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան
15 հոկտեմբերին Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանին այցելեց Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Համաշխարհային խորհուրդի ժողովին մասնակցելու նպատակով շրջանս գտնուող Յունաստանի աւետարանական համայնքի պետ վեր. Վիգէն Չոլաքեան, որուն կ՛ընկերակցէին Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութեան հովիւ վեր. Հենրիկ Շահնազարեան եւ Միջին Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախկին ատենապետ վեր. Սողոմոն Քիլաղպեան:
Այցելութեան ընթացքին վաղեմի բարեկամներ մտերմօրէն զրուցեցին նախապէս Լիբանանի, ապա Յունաստանի եւ ներկայիս Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի առաջնորդութիւնը ստանձնած Գեղամ արք. Խաչերեանի հետ եւ միատեղ թարմացուցին անցեալի յուշեր, փոխանակեցին փորձառութիւններ, ինչպէս նաեւ իրենց ուրախութիւնը արտայայտեցին ընձեռուած բացառիկ առիթին համար, որ անգամ մը եւս քով քովի բերաւ վաղեմի յարգարժան բարեկամներ:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Հիւրաբար Ներկայ Եղաւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան 106-Ամեակի Հանդիսութեան
18 հոկտեմբերին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան հիւրաբար ներկայ եղաւ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան հիմնադրութեան 106-րդ տարեդարձին նուիրուած հանդիսութեան, որ տեղի ունեցաւ «Ճոնաթան քլապ»-ի մէջ, Լոս Անճելըս:
Հանդիսութիւնը պատեհ առիթ հանդիսացաւ սրբազան հօր, որ աւելի մօտէն ծանօթանայ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան անձնակազմին ու գործունէութեան դաշտերուն, յատկապէս` քրիստոնէական, կրթական եւ մարդկային բնագաւառներէ ներս, Հայաստանի եւ սփիւռքի հայաշատ գաղութներու մէջ:
Սրբազանը նաեւ շնորհաւորեց Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան նոր տնօրէն Սերժ Պուչաքճեանը` իր ստանձնած պաշտօնին համար, բարձր գնահատեց Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան իրագործած ծրագիրները աշխարհատարած հայութեան կեանքէն ներս, ապա ամենաբարին մաղթեց 106-ամեայ ընկերակցութեան ու անոր ներկայ եւ ապագայ բոլոր աշխատանքներուն:
Նոր Ջուղա
Յոբելենական Ձեռնարկ` Նոր Ջուղայի Հայ Կանանց Գթութեան Միութեան Հիմնադրման 110-Ամեակի Առիթով
2 հոկտեմբերին Նոր Ջուղայի Հայ կանանց գթութեան միութեան հիմնադրման 110-ամեակի առիթով Նոր Ջուղայի Հայ մշակութային «Արարատ» միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յոբելենական ձեռնարկ:
Օրուան հանդիսավար Մանիա Ղուկասեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ Ցեղասպանութեան տարիներուն հայ կինը դարձաւ տոկունութեան ու ապրելու կամքի խորհրդանիշ, որ կրցաւ կրկին տուն կառուցել, նոր սերունդ դաստիարակել ու պահպանել ինքնութիւնը: Ան ըսաւ, որ նոյն տարին Նոր Ջուղայի մէջ հայ կիներ հիմնադրեցին ՀՅԴ Կարմիր խաչ միութիւնը:
Կանանց գթութեան միութեան վարչութեան նախագահ Լիդա Սիմոնեան ելոյթ ունենալով` ըսաւ, որ միութիւնը իր նուիրեալ եւ ազգային ոգիով տոգորուած անդամներու ջանադիր աշխատանքին շնորհիւ դիմագրաւեց բազմաթիւ խոչընդոտներ եւ պայքարունակ ոգիով շարունակեց իր երթը մինչեւ այսօր, եւ ո՛չ ծանր պայմանները, ո՛չ ալ ճգնաժամ ու քաղաքական եւ տնտեսական այլ խոչընդոտները կրցան շուքի մէջ ձգել միութենականներու աշխատանքը, այլ անոնք խթան հանդիսացան իրենց, որպէսզի առաւել եւս իրագործելով` խաղաղութիւն, անդորր եւ բարօրութիւն բերեն հայ ընտանիքներուն` ըլլալով հարազատ Նոր Ջուղայի, Հայաստանի, Արցախի կամ Ջաւախքի մէջ:
Օրուան բանախօս Սքարլետ Հայրապետեան հանդէս եկաւ կնոջական միութեան հիմնադրման եւ 110-ամեայ գործունէութեան շուրջ բանախօսութեամբ: Ան նշելով միութեան գործունէութեան գլխաւոր բաժինները` կարեւորութեամբ ընդգծեց վերջին տասը տարիներու ընթացքին Արցախի եւ արցախահայութեան սատարելու համար կազմակերպուած միութեան տասնեակ նախաձեռնութիւնները: Այնուհետեւ կարդացուեցան այս առիթով ուղարկուած շնորհաւորական ուղերձները, նաեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, եւ ցուցադրուեցաւ միութեան 110-ամեակը ներկայացնող տեսերիզ մը:
Աւարտին գնահատագիրներ յանձնուեցան սոյն ծրագիրի կազմակերպման գործին մէջ դերակատար անձնաւորութիւններու:
Ատրպատական
Մեծարանքի Հանդիսութիւն` Նուիրուած ՀՕՄ–ի Վաստակաշատ Անդամ Ռոնիկ Մէջլումեան–Գոլոյեանի
Հանդիսապետութեամբ թեմի առաջնորդ Գրիգոր արք. Չիֆթճեանի, 16 հոկտեմբերին Ուրմիոյ «Արամ Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Ուրմիոյ մասնաճիւղի վաստակաշատ անդամուհի եւ «Նայիրի» մանկապարտէզ-նախակրթարանի տեսչուհի Ռոնիկ Մէջլումեանի մեծարանքի հանդիսութիւնը:
Բացման խօսքը արտասանեց ՀՕՄ-ի վարչութեան անդամ Լինէթ Մէջլումեան, որ շեշտեց մեր մշակոյթը յաջորդ սերունդներուն փոխանցելու կարեւորութիւնը:
Այնուհետեւ ուսուցչուհիներ Օֆելիա Սայեադեան եւ Ռուզաննա Մուրատեան ելոյթ ունենալով` անդրադարձան հայ մշակոյթի պատմական ներդրումին եւ հայ ժողովուրդի գոյութեան յաւերժացման: Անոնք ներկայացուցին նաեւ հայերէն գիրերու գիւտի հրաշքը մաշտոցեան ջանքերով, եւ անոր զարգացման ընթացքը դարերու տեւողութեամբ:
ՀՕՄ-ի Ուրմիոյ մասնաճիւղի ատենապետ Լալա Ֆարհադեան հաստատեց, որ հայոց լեզուն մեր ժողովուրդի գոյութեան հզօրագոյն միջոցն է, աւելցնելով, որ դարեր շարունակ բազմաթիւ ազգեր եկած ու անցած են, իսկ հայ ազգը եղած է անխորտակելի եւ հզօր: Ֆարհադեան անդրադարձաւ նաեւ Ռոնիկ Մէջլումեանի անձնդիր ծառայութեան, յատկապէս` կրթական ասպարէզէն ներս:
Առաջնորդ սրբազանը իր խօսքին մէջ առաջին հերթին անդրադարձաւ հայ մշակոյթի փրկարար զօրութեան, որուն շնորհիւ կը գոյատեւէ մեր ազգը: Ան անդրադարձաւ նաեւ ներկայիս մեր պետութեան եւ եկեղեցւոյ դառն իրավիճակի մասին` շեշտելով այն կարեւոր դերակատարութիւնը, որ ունեցած է Հայոց եկեղեցին մեր մշակութային ծաղկումին մէջ եւ մեր ազգի գոյատեւման ընթացքին մէջ:
Սրբազան հայրը բարձրօրէն գնահատեց օրուան մեծարեալը եւ ապա կարդաց անոր նուիրուած «Օրհնութեան գիր»-ը:
Աւարտին երախտագիտական խօսքով ելոյթ ունեցաւ մեծարեալը:
Քուէյթ
«Մանուկներու Աստուածաշունչը Միասին Կարդանք Եւ Պատմենք» Գիրքին Շնորհահանդէսը
Թարգմանչաց տօնին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, 6 հոկտեմբերին Քուէյթի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ «Ներսէս Շնորհալի» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արաբական ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան նոր հրատարակած` «Մանուկներու Աստուածաշունչը միասին կարդանք եւ պատմենք» գիրքին շնորհահանդէսը:
Բացման խօսքով թեմի առաջնորդական տեղապահ Արտակ Ա. քհնյ. Քէհեայեան անդրադարձաւ իր աւելի քան 25 տարիներու Աստուածաշունչի ընկերութեան հետ ունեցած գործակցութեան, եւ այդ շրջանին լոյս տեսած դասական եւ այլ տեսակաւոր աստուածաշնչական հրատարակութիւններու մասին:
Այնուհետեւ Մայտա Մովսէսեան ներկայացուց գիրքը: Ան ըսաւ, որ գիրքը լուսամուտ մըն է, ուրկէ հայ մանուկն ու պատանին կը դիտեն իրենց Ստեղծիչը, կը ծանօթանան Անոր ինքնութեան ու գործելակերպին, եւ ապա իրենց սրտին դուռը բանալով` սիրոյ վրայ հիմնուած յարաբերութիւն կը ստեղծեն իրենց Արարիչին ու Փրկիչին հետ:
Դոկտ. Արտա Ճէպէճեան լուսաբանեց գիրքին մէջ նկատի առնուած զանազան նրբութիւնները, որոնք անուղղակիօրէն ընթերցողին կը փոխանցեն որոշ վարքագիծ:
Արաբական ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան լայն նախաբանով մը տուաւ տեղեկութիւններ Աստուածաշունչի ընկերութիւններու տարած ընդարձակ եւ բազմերանգ աշխատանքին, գործելաոճին ու սկզբունքներուն մասին` բացայայտելով աւելի քան 200 երկիրներու մէջ հաստատուած բազմաթիւ գրասենեակներու յարաբերութիւններու եւ ապակեդրոն աշխատելաոճին, տարուած հսկայական ծրագիրներու իրականացման եւ համասփռումի մասին:
Յայտնենք, որ 7 հոկտեմբերին «Մանուկներու Աստուածաշունչը միասին կարդանք եւ պատմենք» գիրքէն օրինակներ, Ազգային վարժարանի տնօրէնութեան հովանաւորութեամբ, ձրիօրէն պիտի բաժնուի ամբողջ աշակերտութեան:


