Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Երեխային մէջ ընթերցանութեան սէր ձեւաւորելը երկարատեւ եւ հաճելի գործընթաց է, որ կը սկսի տունէն` ընտանիքէն:
Եթէ ընթերցանութիւնը դառնայ ընտանիքին սովորութեան մէկ մասը, երեխան զայն կ՛ընկալէ ոչ թէ որպէս պարտականութիւն, այլ` որպէս հաճոյք եւ հետաքրքրական զբաղում:
Ստորեւ կը ներկայացնենք արդիւնաւէտ եւ փորձուած միջոցներ, որոնք կ՛օգնեն տան մէջ ստեղծելու ընթերցասիրութեան մթնոլորտ:
Ա.- Ընթերցանութեան Օրինակը` Ծնողքէն
Երեխաները կը սորվին դիտարկելով: Եթէ ծնողները յաճախ կը կարդան, ա՛լ աւելի հաւանական է, որ երեխան գիրքով հետաքրքրուի: Թող երեխան տեսնէ, որ ծնողները գիրք կամ թերթ կը կարդան, թող ծնողներ պատմեն իրենց կարդացածին մասին, անշուշտ երբ նիւթը կը հետաքրքրէ երեխան:
Բ.- Յարմարաւէտ Ընթերցումի Անկիւն
Տան մէջ փոքրիկ, մտերմիկ տարածք մը ստեղծելու պարագային, ընթերցանութիւնը կը դառնայ հաճելի եւ յարմարաւէտ. փափուկ բարձեր, գունաւոր գորգ, փոքր գրադարան, լաւ լուսաւորութիւն եւ մատչելի գիրքեր..
Այս բոլորը կը նպաստեն, որ երեխան գիրքով տարուի:
Գ.- Միասին Կարդալ
Նոյնիսկ 10-15 վայրկեան միասին ընթերցումը մեծ ազդեցութիւն ունի: Կարեւոր է, որ գիրքը ըլլայ երեխային տարիքին համապատասխան, բայց նաեւ ընթերցողը օգտագործէ արտայայտիչ ձայն եւ դէմքի համապատասխան արտայայտութիւններ:
Դ.- Հարցեր Տալ Եւ Քննարկել
Պատմութենէն ետք հարցեր տալ երեխային, լսել անոր կարծիքը: Ասիկա կը զարգացնէ մտածողութիւնն ու յիշողութիւնը: Օրինակ` ո՞ր հերոսը սիրեցիր, պատմութիւնը ինչպէ՞ս պիտի աւարտի, դուն ո՞ր հերոսին կը նմանիս, ի՞նչ նոր բան սորվեցար եւ այլն…
Ե.- Միասին Ընտրել Գիրքը
Թող երեխան մասնակցի գիրքի ընտրութեան: Երբ ինքը կ՛ընտրէ, աւելի մեծ հետաքրքրութեամբ կը կարդայ: Երեխան տանիլ գրախանութ, գիրքի փառատօներու եւ առիթ տալ, որ ինք ընտրէ գիրքը` նախապէս ճշդելով, թէ ո՛ր դարաններէն պէտք է ընտրէ իր սիրելի գիրքը:
Ընթերցանութեան սէրը մէկ օրէն միւսը չի ձեւաւորուիր, այդ ընտանիքին ընդհանուր մշակոյթն է: Եթէ ծնողները ընթերցանութիւնը կը դարձնեն տան բնական սովորութիւն, երեխան զայն կ՛ընդունի որպէս իր կեանքէն հաճելի եւ արժէքաւոր մաս:
Ընկերներու Ազդեցութիւնը
Յաջողութեան Վրայ
Մեր ընկերները ոչ միայն զուարճանքի կամ դժուար պահերուն մեր կողքին ըլլալու համար են, այլ անոնք կը ձեւաւորեն մեր մտածելակերպը, սովորութիւնները եւ նոյնիսկ մեր նպատակները:
Ա.- Մտածելակերպի փոխանցում
Մարդիկ բնոյթով ընկերային արարածներ են, եւ մենք անգիտակցաբար կ՛ընդօրինակենք անոնք, որոնց հետ շատ ժամանակ կ՛անցընենք: Եթէ մեր ընկերները կը ձգտին ինքնազարգացման, կ՛ուսումնասիրեն նոր հմտութիւններ կամ կը ձգտին ասպարէզի աճի, մեծ է հաւանականութիւնը, որ մենք նոյնպէս սկսինք մղուիլ եւ հետեւիլ անոնց օրինակին: Միւս կողմէ, եթէ մեր շրջապատը բաղկացած է մարդոցմէ, որոնք կը դժգոհին կեանքէն եւ կը խուսափին նոր մարտահրաւէրներէ, ասիկա բացասական ազդեցութիւն կրնայ ունենալ մեր մտածելակերպին վրայ` կանխելով մեր սեփական յառաջընթացը:
Բ.- Աջակցութիւն
Յաջողութեան հասնելու համար կարեւորագոյն գործօններէն մէկը աջակցութիւնն է: Ընկերներ, որոնք կը հաւատան մեր ուժին եւ կ՛ուրախանան մեր յաջողութիւններով, կը դառնան մեր ուղեկիցը` դժուար ճանապարհին: Անոնք կրնան խրախուսել մեզ, երբ անյաջողութիւններ կ՛արձանագրենք, եւ օգնել մեզի` յարատեւելու:
Գ.- Ճիշդ շրջապատ
Կարեւոր է աւելի շատ ժամանակ անցընել այն մարդոց հետ, որոնք կ՛ոգեշնչեն մեզ, կը հաւատան ոչ միայն մեր, այլեւ իրենց սեփական երազանքներուն: Անոնք, որոնք դրական մտածելակերպ ունին, կրնան մեծապէս ազդել մեր յաջողութեան վրայ` զայն դարձնելով աւելի հասանելի: Միեւնոյն ժամանակ, կարեւոր է, որ մենք նոյնպէս դառնանք ոգեշնչման աղբիւր մեր ընկերներուն համար, քանի որ փոխադարձ ազդեցութիւնը յարաբերութիւններու ամենակարեւոր մասն է:
Դ.- Յուզական առողջութիւն
Յաջողութիւնը միայն ֆինանսական կամ ասպարէզի աճի մասին չէ: Անիկա նաեւ կը վերաբերի մեր յուզական եւ հոգեկան առողջութեան: Դրական եւ աջակցող ընկերական շրջապատը կարեւոր է մեր ներքին հաւասարակշռութեան համար: Ընկերները կրնան օգնել մեզի` յաղթահարելու ընկճախտը, նուազեցնելու անհանգստութիւնը եւ ապահովելու զգացմունքային աջակցութիւն, որ անհրաժեշտ է մարտահրաւէրները յաղթահարելու համար: Մեկուսացումը կրնայ յանգեցնել հոգեկան անկումի եւ բացասական միտքերու, մինչդեռ ընկերական կապերը կ՛ամրապնդեն մեր հոգեբանական դիմադրողականութիւնը:
Ընկերներու ընտրութիւնը կեանքի կարեւորագոյն որոշումներէն մէկն է: Մեր շրջապատը կրնայ կա՛մ բարձրացնել, կա՛մ կանգնեցնել մեր յառաջընթացը:
Կ՛արժէ՛ մտածել…
Մաշկաբանին Կարծիքով
Ինչո՞վ Կրնայ Պայմանաւորուած Ըլլալ
Աշնանային Հերաթափութիւնը
Աշնան մազերը կը դառնան աւելի բարակ եւ փխրուն` պայմանաւորուած կենսանիւթերու պակասով եւ ամրան ընթացքին անոնց չորացումով: Արեւը, լողաւազաններուն քլորը, ծովուն աղի ջուրը… այս բոլորը կրնան բացասաբար ազդել մազերուն վրայ: Սակայն որոշ պարագաներու մազաթափութիւնը կրնայ վկայել առողջական լուրջ խնդիրներու մասին, զորս կարելի չէ անտեսել:
Մաշկաբաններու կարծիքով, հերաթափութեան պատճառ կրնան հանդիսանալ տարբեր գործօններ, ինչպէս կենսանիւթերու անբաւարարութիւնը եւ որոշ վարակները: Նման պարագաներու սխալ է փորձել ինքնուրոյն դադրեցնել հերաթափութիւնը, քանի որ առաջնահերթ է պարզել անոր պատճառը եւ ժամանակին սկսիլ բուժման:
Եղանակային հերաթափութիւնը կը դադրի 2-3 ամիս ետք: Բայց եթէ մազերը կը շարունակեն թափիլ, պէտք է դիմել մասնագէտին` իմանալու համար, թէ ի՛նչ ներքին խնդիր կայ, որ պէտք է լուծուի դարմանումով: Հաւանական պատճառներէն մէկը կրնայ ըլլալ հորմոնային հաւասարակշռութեան խախտումը:
Ինչո՞վ Կրնայ Պայմանաւորուած Ըլլալ
Մորթի Չորութիւնը
Մորթի չորութիւնը կրնայ պայմանաւորուած ըլլալ` մորթային հիւանդութիւններով, «կոշտ» ջուրի գործածութեամբ, սխալ սննդակարգով, ծխախոտի ծուխի ազդեցութեամբ, եւ երկար ժամանակ արեւի ճառագայթներուն պարզուելով, կը վկայեն մաշկաբանները: Անոնց կարծիքով, մորթային չորութիւն կրնայ յայտնուիլ տարիքի յառաջացման հետ, երբ որոշ հորմոններու արտադրութիւնը կը նուազի:
Շատեր այս խնդրին լուծման համար կ՛օգտագործեն խոնաւցնող սերեր, բայց այս միշտ ալ արդիւնաւէտ չէ: Հետեւաբար խորհուրդ կը տրուի` աւելի յաճախ առողջարար, մաքուր ջուր խմել, հարստացնել սննդակարգը առողջ բուսաիւղերով, խոնաւցնել տան օդը եւ նախապատուութիւնը տալ բնական գործուածքներէ պատրաստուած հագուստներուն եւ անկողմնային պարագաներուն (սաւանեղէն, վերմակ եւ այլն…):
Փորձագէտներու Կարծիքով
Ո՞րն Է Ամենաառողջարար
Ոգելից Ըմպելին
Երբ խօսքը կը վերաբերի ոգելից ըմպելիին, «առողջարար» բառը բնականաբար խորթ կը թուի… Ալքոհոլի չարաշահումը վնասակար է առողջութեան. սակայն եթէ որոշած ենք խմել, կան ընտրութիւններ, որոնք կրնան աւելի ճիշդ եւ խելացի տարբերակներ ըլլալ: Ամենակարեւորը մի՛շտ յիշենք չափի եւ որակի պատուիրանը:
ԿԱՐՄԻՐ ԳԻՆԻՆ յաճախ կը համարուի «ամենառողջարար» ոգելից ըմպելին` շնորհիւ իր մէջ գտնուող հակաօքսիտաններուն, որոնք առկայ են խաղողի կեղեւին մէջ եւ կրնան նպաստել սրտի առողջութեան, ինչպէս նաեւ` նուազեցնել բորբոքումները: Պէտք է ընտրել չոր տեսակները, երբեք` քաղցր կամ կիսաքաղցր տարբերակները:
ԹՈՒՆԴ ԽՄԻՉՔՆԵՐԸ, ինչպիսիք են` օղին, ճինը, ուիսքին, սկզբունքով ածխաջուր եւ շաքար չեն պարունակեր: Ասոնք ընդունելի տարբերակներ են, եթէ անոնց մրգային հիւթեր չենք աւելցներ: Փոխարէնը` զանոնք խմենք բնական, մաքուր վիճակով, ի հարկին աւելցնելով կազաւորուած ջուր, սառոյցի կտոր մը կամ կիտրոնի շերտ մը:
ԹԵԹԵՒ ԳԱՐԵՋՈՒՐԸ զգալիօրէն նուազ ջերմուժ եւ ածխաջուրեր կը պարունակէ, քան` սովորական տեսակները: «Թեթեւ» պիտակը միշտ չէ, որ ցած ալքոհոլի պարունակութիւն կը նշանակէ. այնպէս որ, միշտ ուշադիր ըլլանք չափաբաժինին:
Խմիչքներ, որոնցմէ պէտք է խուսափինք`
Ա.- Քաղցր քոքթելներէն,
Բ.- Քաղցր գինիներէն ու լիքէօրներէն,
Գ.- Սովորական եւ մութ գոյնի գարեջուրէն:
Փորձագէտները կը պնդեն` ոչ մէկ ալքոհոլային խմիչք լիովին առողջարար է: Անոնք խորհուրդ կու տան` խմել չափաւոր, հրաժարիլ, շաքարային խառնուրդներէն, ոգելից ըմպելիին հետ առատ ջուր խմել եւ երբեք անօթի փորով ալքոհոլ չխմել:
Խոհագիր
Օրզոյով
Միջերկրականեան Աղցան
Օրզոն դդմաճի տեսակ է, շատ տարածուած` Իտալիոյ եւ Յունաստանի մէջ: Անոր անունը իտալերէն թարգմանաբար «գարի» կը նշանակէ, քանի որ անոր ձեւը կը նմանի գարիի կամ բրինձի հատիկներուն:
Օրզոն դարեր շարունակ օգտագործուած է միջերկրականեան խոհանոցին մէջ` թէ՛ ապուրներու, թէ՛ տաք եւ պաղ ուտեստներու մէջ:
Աւանդաբար օրզոն կ՛օգտագործուի իր նուրբ կառուցուածքին եւ արագ եփուելու առաւելութեան համար: Անոր իւրայատուկ ձեւը կ՛օգնէ դիւրութեամբ ներծծել թացաններն ու համեմունքները` ապահովելով հարուստ եւ բազմազան համային ամբողջութիւն:
Այսօրուան խոհագիրին բաղադրիչներուն չափաբաժինները դուք ճշդեցէք` ըստ անձերու թիւին: Բաղադրիչները շատ դիւրին եւ հասանելի են. ձեզի անհրաժեշտ են`
Խաշած օրզօ (ալ տանթէ եփած)
Սեւ ձիթապտուղ
Ֆեթա պանիր
Կլոր շերտուած վարունգ
Կիսուած թոմաթ սըրիզներ
Անանուխի կամ ռեհանի թարմ տերեւներ
Դեղին կամ կարմիր պուլկարական պղպեղի ձողիկներ
Խաշած սիսեռ
Իսկ թացանին համար անհրաժեշտ են`
Կիտրոնի հիւթ
Ձիթապտուղի ձէթ
Աղ
Համերու կատարեալ համադրութիւն ապահովելու համար մատուցելէ առաջ աղցանը սառնարանը պահեցէք առնուազն 1 ժամ:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Մի փոքրիկ թռչուն ծառի վրայից
Ինձ երգի ձրի դասե՜ր է տալիս.
Հողն` համբերութեան,
Մեղուն` աննկատ ջանասիրութեան,
Արմատը` օգնում կառչել մայր հողին.
Առու եւ վտակ
Ամէն ձորակից
Մի կաթիլ ջրով բարիք անելու յորդո՜ր են կարդում.
Լեռը` ստիպում
Գլուխ չթեքել ու հպարտ մնալ,
Թիթեռը` յուշում
Գոհ լինել թէկուզ մի օրուայ կեանքից.
Իսկ հսկայ կաղնին հեռուից խրատում`
Եթէ մահանալ` կանգնա՛ծ մահանալ.
Եւ այն էլ ո՛չ թէ
Դժուա՜ր,
Տանջանքո՜վ
Ու… մարդավարի`
Գլուխը ահից խփելով պատին.
Այլ` ծառավարի՛,
Այլ` քարավարի՛-
Հանգի՜ստ,
Հպա՜րտ ու
Արժանապատի՜ւ…
ԳԷՈՐԳ ԷՄԻՆ


