«էն. Պի. Էյ.»-ի այս տարեշրջանի իր 4-րդ մրցումին, Պոսթըն Սելթիքս վերջապէս արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը` 122-90 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Նիւ Օրլինզ Փելիքընզը: Նիւ Օրլինզ իր յաջորդական 3-րդ պարտութիւնը կրեց, ուր Ճորտըն Փուլ լաւագոյն մարզիկն էր 22 կէտերով: Պոսթընի առաւելագոյն կէտերը նշանակեց Էնֆըրնի Սիմընզ (25 կէտ):
Հիուսթըն Ռոքեթց 2 պարտութիւններ կրելէ ետք վերջապէս յաղթանակ արձանագրեց Պրուքլին Նեթցի վրայ (137-109), որ կրեց իր 4-րդ յաջորդական պարտութիւնը:
Ալփերէն Շենկիւն 21 կէտ նշանակեց ի նպաստ Հիուսթընի, մինչ Տէյրոն Շարփ 17 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Պրուքլինի:
Շիքակօ Պուլզ իր յաջորդական 3-րդ յաղթանակը արձանագրեց (128-123)` պարտութեան մատնելով Աթլանթա Հոքսը: Նիքոլա Վուչեւիչ (17 կէտ եւ 17 ռիպաունտ) եղաւ Պուլզի լաւագոյնը, մինչ Թրէյ Եանկ (21 կէտ եւ 17 էսիսթ) եղաւ Աթլանթայի ամէնէն արդիւնաւէտ մարզիկը:
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 122-108 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզէն: Օսթըն Ռիվզ (41 կէտ) իր կարելին ըրաւ, բայց առանց Տոնչիչ-Լըպրոն զոյգին Լէյքըրզ չկրցաւ Փորթլենտի դէմ պայքարիլ: Ճրու Հոլիտէյ 24 կէտ նշանակեց ի նպաստ Պլէյզըրզի:
Եութա Ճեզի մարզիկներէն Լաուրի Մարքանեն 51 կէտ եւ 14 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, եւ իր խումբը 138-134 արդիւնքով (յետ երկարաձգման) յաղթեց Ֆինիքս Սանզին:


