Հայ ըմբիշ Արսէն Բալայեան, որ Ռուսիոյ ըմբշամարտի հաւաքականի անդամ է, ոսկի մետալ նուաճեց 2025-ի ազատ ոճի ըմբշամարտի մինչեւ 23 տարեկաններու աշխարհի ախոյեանութեան, որ տեղի կ՛ունենայ Սերպիոյ Նովի Սատ քաղաքին մէջ:
86 քկ կշիռի կարգին մէջ Բալայեան աւարտականին վստահ յաղթանակ արձանագրեց Մոլտովայի ներկայացուցիչ Եւգենի Միխալչանիի վրայ` 10-0 արդիւնքով: Այս մետալը եղաւ Ռուսիոյ միակ ոսկի մետալը այս ախոյեանութեան:
Արսէն Բալայեան մինչեւ աւարտական բացարձակ առաւելութիւն ունէր իր մրցակիցներուն վրայ` յաջորդաբար յաղթելով Ազրպէյճանի ներկայացուցիչ Ալի Ծոկայեւին (7-1), Վրաստանի ներկայացուցիչ թոռնիկէ Սամխարածէին (10-0) եւ Իտալիոյ ներկայացուցիչ Կապրիելէ Նիքոլինիին (10-0):
Բոլոր մրցումներուն հանգիստ յաղթանակներ արձանագրելով` Բալայեան դարձաւ աշխարհի ախոյեանութեան ամէնէն փայլուն ըմբիշներէն մէկը:
Այս տարի Արսէն Բալայեան դարձած էր նաեւ Եւրոպայի ախոյեան նոյն տարիքային խումբէն` մինչեւ 79 քկ կշիռի կարգին մէջ:


