Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Ազգային Գրադարանին Մէջ Համաստեղի 130-Ամեակին Նուիրուած Գրականութեան Ցուցադրութիւն
Վերջերս Հայաստանի Ազգային գրադարանի մուտքի սրահին մէջ կայացաւ սփիւռքահայ արձակագիր Համաստեղի (Համբարձում Կէլէնեան) ծննդեան 130-ամեակին նուիրուած գրականութեան ցուցադրութիւնը, որ ընդգրկեց` Համաստեղի գրեթէ ամբողջական ժառանգութիւնը, հատորներուն հին ու նոր տպագրութիւնները, մտաւորականներու հետ Համաստեղի նամակները, ժամանակակից եւ դասական մտաւորականներու կարծիքները Համաստեղի գրականութեան մասին` տպուած հայրենի եւ սփիւռքեան մամուլի զանազան էջերուն, ինչպէս նաեւ Համաստեղի գիրքերու գրախօսականներ եւ ուսումնասիրութիւններ` դարձեալ հրատարակուած տարբեր թերթերու եւ պարբերականներու մէջ:
Ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրութիւնը ներկայացուց գիտական ընթերցասրահի ենթաբաժինի վարիչ Արեւիկ Զախարեանը, ապա ձեռնարկը ցուցասրահին մէջ շարունակուեցաւ, եւ հանրային դասախօսութեամբ հանդէս եկաւ գրականագէտ, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Մարգարիտա Խաչատրեանը, որ երկար տարիներէ ի վեր կ՛ուսումնասիրէ Համաստեղն ու Արամ Հայկազը եւ ժողովածուներ կը կազմէ անոնց «Մոռցուած էջեր»-ով: Համաստեղի նուիրուած ժողովածուները եւս մաս կը կազմէին ցուցադրութեան:
Խաչատրեան ձեռնարկը կոչեց «Գիրքերու հետ զրոյց». նախ անդրադարձաւ Համաստեղի գրականութեան հետ իր առաջին ծանօթացումին` 1978-ին, Բերջենճ գիւղի անուան ուսումնասիրութեամբ, թէ` նախ կը կոչուէր Բարեջան: Ակնարկ մը նետեց Համաստեղի կեանքին եւ մեծ ցաւին վրայ, քրոջ` Աղաւնիին մահով Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին, որ երկար ժամանակ յուզած է Համաստեղը: Անդրադարձաւ գրողին կրթութեան, կենսագրական ընդհանուր գիծերուն, սէրերուն եւ հետաքրքրական անմիջականութեամբ մէկ առ մէկ քննարկեց հատորները` զանոնք ցոյց տալով ցուցադրութեան մէջ: Անդրադարձաւ Համաստեղի ոճի հարազատութեան, որուն պատմուածքները թէեւ գրուած են Ամերիկայի մէջ, սակայն հարազատ գիւղի ոճն ու ապրումները կը կրեն: Անդրադարձաւ նաեւ Համաստեղի կեանքի ընթացքին կարեւոր հանդիպումներուն` Շիրվանզադէի, Սիմոն Վրացեանի, Ռուբէն Դարբինեանի եւ այլոց հետ, որոնցմէ վերջինս մեծ ներդրում ունեցած է Համաստեղ գրողի ծանօթացման, անոր առջեւ բանալով «Հայրենիք»-ի սիւնակները` հրատարակելու իր պատմուածքները, որմէ ետք «Գիւղը», «Անձրեւը» հատորները լոյս տեսան: «Գիւղը» հատորին մասին առաջին կարծիքները յայտնած են` Յակոբ Օշական, Ռուբէն Դարբինեան, Դաւիթ Անանուն, Հայկ Յովակիմեան եւ ուրիշներ, եւ բոլորը իրենց տպաւորութիւնները աւարտած են հետեւեալ միտքով. «Ափսոս է, որ այս մարդուն տաղանդը Ամերիկայի մուխին ու ծուխին մէջ կորսուի, զայն պէտք է տեղափոխել Հայաստան»: Համաստեղ այս կարծիքներուն ի պատասխան` կապ կը հաստատէ Աւետիք Իսահակեանի հետ, որ ուսումնասիրէ իր Հայաստան փոխադրուելու կարելիութիւնը: Իսահակեան նեղ շրջանակներու մէջ կը քննարկէ Համաստեղի այս միտքը, որմէ ետք խորհուրդ կը տրուի, որ աւելի լաւ կ՛ըլլայ, որ Համաստեղ չմտածէ երբեք այդ մասին. «Երկիր կը մտնի, երկրից դուրս չի գայ» գրուած էր պատասխանին մէջ: Ապա Համաստեղ ճամբորդութիւն մը կը կազմակերպէ Եղիա Գասպարեանի հետ` 1928-1930, կը շրջագայի Փարիզ, Իտալիա, Տէր Զօր, ուրկէ հայու գանկ մը գտնելով` Փարիզ կը տանի, ուր կը գտնուի մինչեւ այսօր: Համաստեղ կ՛ուզէ գանկը Ամերիկա տանիլ, բայց չեն թոյլատրեր: Ան կը գրէ պատմուածք մը, ուր կը խօսի գանկին հետ, գանկը իրեն կը պատմէ իր տեսածներն ու ապրածները: Համաստեղ կը վերադառնայ Պոսթըն, ուր կը զբաղի հողով` իր պարտէզին մէջ ցանելով ծառեր, ծաղիկներ, վերակենդանացնելու համար կարծես իր գիւղը թէ՛ գրութեամբ եւ թէ՛ կենցաղով:
Խաչատրեան ակնարկեց «Գիւղը» հատորի հրատարակութեան, թէ` օրին հայ մտաւորականութեան մէջ հիացումի արժանացաւ, ապա համեմատեց զայն «Անձրեւ»-ին (երկուքը 12-ական պատմուածք) հրատարակութեան, թէ` մտաւորականութեան շրջանակներուն մէջ երկպառակութիւն ստեղծած է միայն գիւղի հետ առնչուած նիւթին առումով:
Եւ տողանցեցին` «Քաջն Նազարն ու 13 պատմուածքները», «Այծետոմարը», «Սպիտակ ձիաւորը», «Աղօթարանը» եւ Համաստեղի այլ գործեր իրենց հրատարակման ընթացքով, նիւթով, ոճով, հերոսներով եւ այժմէականութեամբ: Ապա դասախօսը եզրափակեց` ըսելով, որ` «Մշակոյթը պէտք է յենի հողին», եւ յորդորեց ներկաները` կարդալ Համաստեղ եւ սքանչանալ:
Դասախօսութեան աւարտին Խաչատրեան աւետեց Էջմիածինի մէջ նոր հրատարակուած Համաստեղի «Աղօթարան»-ին արեւելահայերէն տարբերակին մասին, որմէ օրինակ մը նուիրեց Ազգային գրադարանին:
ՀՕՄ-ի 115-Ամեակի Նախաձեռնութիւններ Հայաստանի Մէջ
24 hոկտեմբերին, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութեամբ եւ Հայաստանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ «Լաւագոյն ուսանող» ծրագիրը, որուն ծիրին մէջ պարգեւատրուեցան ուսանողներ` Հայաստանէն, Ջաւախքէն եւ Արցախէն:
Ձեռնարկը սկիզբ առաւ Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներով: Ապա ուսանողներուն եւ ներկաներուն իր ողջոյնի խօսքը ուղղեց Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարօ Քէշիշեանը: Իր սրտի խօսքը ուղղեց նաեւ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Զոյա Քոչարեանը:
ՀՕՄ-ի արդէն իսկ մէկդարեան պատմութեան, գործունէութեան եւ կատարած ծրագիրները ներկաներուն ծանօթացնելու նպատակով տեղի ունեցաւ ժապաւէնի ցուցադրութիւն, որմէ ետք խօսք առաւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Արուս Մելքոնեան` նշելով, որ երիտասարդութիւնն է մեր վաղուան ապագան, եւ այս մէկը շատ կարեւոր է:
Աւարտին ուսանողները հանդիսաւոր կերպով պարգեւատրուեցան:
115-ամեակի նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը եւ մեծ թիւով ՀՕՄ-ականներ այցելեցին Եռաբլուր, ուր մատուռին մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` ննջեցեալ ՀՕՄ-ականներու հոգիներուն համար:
Այնուհետեւ անոնք այցելեցին անյայտ հերոսներու յուշարձան, Արցախի կանչը յուշահամալիր եւ Սօսէ Մայրիկին գերեզմանը, ուր զետեղուեցան ծաղկեպսակներ:
ՀՕՄ-ականները նաեւ այցելեցին հերոս նահատակներու շիրիմներ եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին հայրենիքին պաշտպանութեան համար իրենց կեանքը զոհած նահատակներուն:
ՀՕՄ-ականները 23 հոկտեմբերին այցելեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր զիրենք ընդունեց Մայր Աթոռի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժինի տնօրէն Նաթան արք. Յովհաննիսեանը:
Հանդիպումին սրբազան հայրը միութեան անդամներուն փոխանցեց Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի հայրական օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները:
Շնորհաւորելով ՀՕՄ-ի հիմնադրութեան 115-ամեակին առիթով` Նաթան արքեպիսկոպոսը գոհունակութեամբ արձանագրեց ընկերային, առողջապահական, կրթական ոլորտներուն մէջ կազմակերպութեան անուրանալի առաքելութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ եւ յատուկ անդրադարձ կատարեց հայրենազրկուած արցախահայերուն ցուցաբերած աջակցութեան եւ զօրակցութեան:
Անդրադառնալով Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն, Նաթան սրբազանը յորդորեց ՀՕՄ-ի անդամները` գործուն ներգրաւուածութիւն ունենալ անոնց յաղթահարման գործին մէջ:
Աւարտին սրբազան հայրը պատգամ յղեց ներկաներուն` ամուր պահել կապը մայր հայրենիքի եւ Հայոց եկեղեցւոյ հետ, նախանձախնդրօրէն շարունակել իրենց օգտակարութիւնը բերել հայորդիներուն:
Հայաստանի Առ Այսօր Յայտնի Ամէնէն Հին Եկեղեցւոյ Հիմնապատերը` Արտաշատ Մայրաքաղաքին Մէջ
Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի եւ Գերմանիոյ Միւնստերի համալսարանի հնագէտներու արշաւախումբը Հայաստանի նախապատմական շրջանի մայրաքաղաք Արտաշատին մէջ բացայայտած է Հայաստանի` առ այսօր յայտնի ամէնէն հին եկեղեցւոյ հիմնապատերը: Այս մասին տեղեկացանք Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայէն:
«Ըստ ստացուած ռատիօածխածնային տուեալներու, այս կառոյցը կը վերաբերի 4-րդ դարու առաջին կիսուն ու, փաստօրէն, Հայաստանի հնագիտօրէն փաստագրուած վաղագոյն եկեղեցին է», ըսաւ արշաւախումբի ղեկավար, Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի Հին Հայաստանի հնագիտութեան բաժինի վարիչ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Մկրտիչ Զարդարեանը:
«Յայտնագործութեան հիմնարար նշանակութիւնը այն է, որ էապէս կը լրանայ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան տարածման գործիքակազմերու եւ վաղագոյն հոգեւոր կառոյցներու ճարտարապետութեան մասին մեր պատկերացումները», ըսաւ Մկրտիչ Զարդարեան:
Այս առաջին ութանկիւն եկեղեցին է, որ յայտնաբերուած է Հայաստանի մէջ: «Ութանկիւն, չորս խաչաձեւ ելուստներով եկեղեցիները այստեղ ցարդ յայտնի չէին, սակայն մենք ծանօթ ենք անոնց արեւելեան Միջերկրականի տարածաշրջանէն, որտեղ այսպիսի կառոյցներն ի յայտ կու գան մ.թ. 4-րդ դարէն ի վեր», նշեց Մկրտիչ Զարդարեան:
Եկեղեցին կառուցուած եղած է կրաշաղախով ամրացուած տեղական քարէն եւ ամենայն հաւանականութեամբ ունեցած է հարթ, ծեփուած պատեր: Պատերը պահպանուած են տարբեր բարձրութեամբ, որոշ հատուածներու մէջ հասած են 2,6 մեթրի, որոշ տեղերու մէջ` մօտաւորապէս կէս մեթրի: Գտածոներու տեսականին եւ որակը ուսումնասիրելով` հնագէտները եզրակացուցած են, որ եկեղեցին կղմինտրածածկ եղած եւ ունեցած է շքեղ ներքին յարդարանք: Այդ մասին կը վկայեն այստեղ յայտնաբերուած փոքրասիական մարմարէն պատրաստուած պատերու երեսպատման բազմաքանակ սալերը եւ տարատեսակ քանդակազարդ բեկորները», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Կեանքէն Հեռացած Է Շարլ Ազնաւուրի Քոյրը` Այտա Ազնաւուր–Կառվարենց
Ազնաւուր ընտանիքը եւ «Ազնաւուր» հիմնարկը գուժեցին Շարլ Ազնաւուրի քրոջ` Այտա Ազնաւուր-Կառվարենցի մահը` այս գրութեամբ.
«Այտան խաղաղութեամբ մեկնեցաւ այս աշխարհէն 102 տարեկանին` ետին ձգելով գեղեցիկ կեանք մը` սիրով առլցուն, ուժով եւ ընտանիքին հանդէպ նուիրումով:
Ծնած` գաղթի ճանապարհին, Սելանիկ, 1923-ին: Այտան իր եղբօր հետ կը կիսէր ո՛չ միայն իրենց հայկական արմատներն ու փարիզեան դաստիարակութիւնը, այլ նաեւ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին կապուած էր անոր ջերմ սիրով: Անոնց կապը այնքա՜ն ամուր էր, հիմնուած` ընդհանուր պատմութեան, երաժշտութեան եւ մարդոց հանդէպ անսահման սիրոյ վրայ:
Անոնք մտերիմ մնացին իրենց ամբողջ կեանքի ընթացքին. Շարլ յաճախ Այտան կ՛անուանէր իր կեանքի կայուն խարիսխներէն մէկը եւ իրենց ընտանիքի յիշողութիւնը: Այտայի կեանքը կամուրջ մըն էր սերունդներու միջեւ. ան վկան էր փոփոխութիւններու ստեղծագործականութեան եւ դիմադրութեան դարու մը: Այտա իր ամբողջ կեանքը ապրեցաւ` հաւատարիմ Ազնաւուրեան ընտանիքի արժէքներուն` բարութեամբ, հաւատարմութեամբ, խոնարհութեամբ եւ արուեստի ու մարդկութեան ուժին հանդէպ անսասան հաւատքով», ըսուած է «Ազնաւուր» հիմնադրամին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Հաղորդենք, որ Այտա Ազնաւուրի աճիւնը պիտի հանգչի Մոնֆոր-լ՛Ամորիի գերեզմանատան ընտանեկան դամբարանին մէջ` իր եղբօր, ամուսնոյն` Ճորճ Կառվարենցի եւ միւս հարազատներուն կողքին:


