Պելառուսիոյ բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 26-րդ հանգրուանին, Պաթէ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Թորփետօ Պելազ խումբը` շնորհիւ Հայկ Մուսախանեանի կոլին:
48-րդ վայրկեանին, հայազգի 27 տարեկան կեդրոնի յետսապահ Մուսախանեան քոռնըրէ մը ետք ձախ ոտքով կրցաւ նշանակել մրցումին միակ կոլը:
«Զգացումներս անբացատրելի են: Այս կոլը իմ առաջինս էր Պաթէի հետ, եւ անոր շնորհիւ յաղթեցինք: Ատոր համար շատ ուրախ եմ, եւ ամէնէն կարեւորը` 3 կէտ շահեցանք: Կիսախաղին մարզիչը ըսաւ, որ պէտք է պաշտպանները կոլ նշանակեն ազատ հարուածներու կամ քոռնըրներու ժամանակ: Ես ալ մտածեցի, որ պէտք է անպայման կոլ նշանակեմ», ըսաւ 1,90 մեթր հասակ ունեցող Մուսախանեան, որ ախոյեանութեան գծով այս տարեշրջանին 10 հանդիպումներու մասնակցած է:


