Պահրէյնի մէջ կը շարունակուի Ասիոյ երիտասարդներու 3-րդ խաղերու մրցումները, ուր Մուայ Թայի մրցումներուն Հալա Մեքտաշի շահեցաւ մետալ:
Աւարտականին Մեքտաշի 30-27 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Պաղեստինի ներկայացուցիչ Վիվիան Ալէյսէն:
Այս մետալը Լիբանանի առաջինն էր` երիտասարդներու խաղերուն, որ նախապէս տեղի ունեցած Սինկափուրի (2009) եւ Չինաստանի (2013) մէջ:
Մետքիաշիի մրցումին ներկայ էին Պահրէյնի մօտ Լիբանանի դեսպան Հարի Հաշէմ եւ Ասիոյ Ողիմպիական յանձնախումբի անդամ Սուհէյլ Խուրի ինչպէս նաեւ կրան-մասթըր Սամի Քիպլաուի:
Նշենք, թէ Մեքտաշի 4 օր (նախկին հանգրուաններուն) յաղթանակներ արձանագրած էր եւ գրեթէ յոգնած հասած աւարտական, բայց անշուշտ յեղարժան արծաթ մետալով վերադարձաւ Լիբանանի անունը բարձր պահելով:
Նշենք, թէ փինկ-փոնկի մրցումներուն ալ Լիբանանի ներկայացուցիչները խառն զոյգի մրցումներուն, յաղթած էին իրենց առաջին մրցումը, ուր Միշէլ Ապի Նատեր, Պիսան Շիրի զոյգը դուրս ձգած էին Քուէյթի զոյգը:
Բռնցքամարտի մրցումներուն, Ռամզի Հիլալ պիտի մրցի յորդանանցի Մոհթէզ Մաշաահլիի դէմ քառորդ աւարտականին, դուրս ձգելէ ետք Մալիզիոյ Ատամի 5-0 արդիւնքով:


