Ուրբաթ, 24 հոկտեմբեր 2025-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան, մասնաճիւղերու վարչութիւններու, յանձնախումբերու եւ գեղարուեստական ղեկավարներու միացեալ ժողովը:
Հանդիպումի սկզբնաւորութեան Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սէմ Սիմոնեան մեծապէս գնահատեց անցնող ամիսներուն Համազգայինի խնամակալութեան եւ մասնաճիւղերու գործունէութիւնը` մաղթելով, որ նոյն թափով ու յաւելեալ եռանդով կը շարունակեն իրենց աշխատանքները: Ան հաստատեց, որ գեղարուեստի պատասխանատուները, համազգայնական շունչին կողքին, նորահաս սերունդին կրթական որակ եւ փորձառութիւն փոխանցելու պարտականութիւնը ունին, եւ այս առնչութեամբ արձանագրուած իրագործումները լաւագոյն ապացոյցներն են, որ Համազգայինը հաւատարիմ է «Լոյսով` լոյսին» նշանաբանին: Սիմոնեան հաստատեց, որ բազմաթիւ մարտահրաւէրներուն դէմ յանդիման Շրջանային վարչութիւնը իր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ կը դնէ` ապահովելու աշխատանքներուն շարունակականութիւնը եւ յաղթահարելու դժուարութիւնները: Այս առիթով ատենապետը ներկայացուց յառաջիկայի ծրագիրները, եւ անոնց յաջողութեան մէջ Համազգայինի ընտանիքին մասնակցութեան ու քաջալերանքին կարեւորութիւնը:
Ապա մասնաճիւղերու վարչութիւնները եւ գեղարուեստի պատասխանատուները ամփոփ կերպով ներկայացուցին անցնող փուլի աշխատանքները եւ նոր ծրագիրները:
Անկէ ետք խնամակալութեան ատենապետ Շանթ Յարութիւնեան արժեւորեց Գեղարուեստի դպրոցներու գործունէութիւնը, ներկայացուց նորարարութիւնները եւ հաստատեց, որ Գեղարուեստի դպրոցներուն շուրջ հաւաքուած են աւելի քան 700 աշակերտներ: Իսկ Քարոզչական բաժանմունքի պատասխանատու Րաֆֆի Տեմիրճեան անդրադարձաւ Համազգայինի արխիւներու վերադասաւորման ու թուայնացման եւ «Լրատու»-ի ու հարցազրոյցներու վերսկսման աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ` ընկերային ցանցերու վրայ ներկայութեան ընդարձակման ճիգերուն:
Աւարտին համազգայնականները ունեցան մտերմիկ զրոյց` փոխանակելով միտքեր եւ փորձառութիւններ:


