Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

«Ազգի մը դատողութիւնը կազմուած կ՛ըլլայ սկսեալ այն պահէն, երբ ան կրնայ ինքզինք դատել: Բայց այս առանձնաշնորհումը ձեռք կը բերուի շատ ուշ»:

ԿէՕԹէ, գերմանացի գրող

Ո՞վ, ինչպէ՞ս կրնայ իրատեսական գնահատումը ընել հայկական ՍՓԻՒՌՔ-ի ընկերային, քաղաքական, մշակութային եւ տնտեսական կարողականութեան: Այդ փորձը  երբեւիցէ  եղա՞ծ է:

Գնահատել` կը նշանակէ դատել եւ ընտրել,  ճանչնալ գործելու համար:

ՍՓԻՒՌՔ գլխուն տակ գտնուող մարդոց թիւը ո՞վ կրնայ ճիշդ գնահատել: Մտածել նաեւ այն  մասին, որ սփիւռքը  ի՞նչ է ընդհանուր ըմբռնումով հայ ազգին եւ անոր հայրենիքին համար: Այդ ՀԱՅՐԵՆԻՔ-ն ալ սահմանումի կարիք ունի` որպէս աշխարհագրութիւն, տարածք, նախահայրերու ժառանգութիւն, կեանքի արգանդ:

Ճշդումներէ ետք կրնանք հարցնել, թէ սփիւռքը  «անելիք» ունի՞ ազգին եւ հայրենիքին համար, եթէ կը հաւատանք, որ ինք ազգի անկորուստ շարունակութիւն եւ մաս է:

Ի՞նչ է սփիւռքի «կարողականութիւն»-ը` «պոտենցեալ»-ը անմիջական ներկայի  մէջ, ինչպէ՞ս կը սահմանուի «անելիք»-ը: Այդ առաջադրանքը հետապնդելու եւ իրականացնելու աշխատանքին մէջ դերակատար ըլլալու համար պէտք է գիտնալ սփիւռքի կարողականութիւնը: Ընդհանրապէս հայոց իրաւունքի վերականգնման միտող «անելիք»-ին մասին բանաձեւ չկայ, այդ մասին չի գրուիր եւ չի խօսուիր: Կան հոգեշահ, բարձրագոչ եւ հակասական խօսքեր, որոնք քաղաքականութիւն կը համարուին եւ կը ճապաղին բարեսիրութեան եւ զբօսաշրջութեան իրարանցումին մէջ: Անոնցմէ անդին  նայելով եւ ընկերաքաղաքական ճշդումներ ընելէ ետք, կրնանք մտածել սփիւռքի «անելիք»-ին մասին` հարց տալով, թէ ան իրապէս «ի՞նչ կ՛ուզէ ընել, կ՛ուզէ՞ բան մը ընել եւ  ինչպէ՞ս»:

Յստակացման կը կարօտի ՀԱՅ ԱԶԳ-ի  հասցէն: Ո՞ւր կը գտնուի այդ ԱԶԳ-ը, ան միայն ներկայի հանրապետութեա՞ն մէջ է, ընդհանրապէս` Կովկասի՞, կը ներառէ՞  Ռուսական կայսրութեան, Օսմանեան կայսրութեան, ներկայի  Թուրքիոյ հայերը, եւ համաշխարհային տարածումով` բոլոր երկիրներու հայերը եւ հայածնունդները: Հարց` ի՞նչ թիւ կը ներկայացնէ հայութիւնը ընդհանրապէս, եւ առանձնապէս` սփիւռքահայութիւնը: Պատասխանը ենթադրութիւն պէտք չէ ըլլայ: Բայց կրնա՞յ այդպէս չըլլալ:

Կ՛ըսենք` գաղութ, համայնք, այս կամ այն երկրի անունով, իւրաքանչիւրը ներքնապէս նաեւ յոգնակի է, քանի որ կան առանձին անուններով ներքին համայնքներ: Թիւեր չունինք, չեն ճշդուած:

Կա՞յ, եղա՞ծ է, սահմանուա՞ծ է «անելիք»-ի իրաւ առաջադրանք, որ թաղային զուարճութիւններով, երգով, պարով, զբօսաշրջութեամբ, բարեսիրութեամբ եւ անվերջանալի քննադատութիւններով չծանծաղի:

Սփիւռքը բազմանուն միգամած մըն է,  անոր կարողականութիւնը ենթադրութիւն է, չէ ճշդուած առարկայական տուեալներու հիման վրայ,  նոյնիսկ` մօտաւոր ձեւով: Զբօս են ամբոխավարական, քաղքենիական եւ ջոջական դատարկաբանութիւնները եւ մրցակցութիւնները:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ  ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ, ՀԱՅԱՍՏԱՆ եւ ՀԱՅ ԱԶԳ, հարցերով, ՍՓԻՒՌՔ-ը, «ԱՆԵԼԻՔ» ունի՞, ի՞նչ  է այդ  «ԱՆԵԼԻՔ»-ը: Ան ազգի քաղաքականութիւն կրնա՞յ ըլլալ, ի՞նչ են անոր հնարաւորութիւնները`  քաղաքական դերակատար ըլլալու համար:

Միամիտ չըլլանք, մեր ճկոյթի ետին չթաքնուինք, մեր փափաքները իրականութիւն չհամարենք: Սփիւռքը աշխարհագրական, մշակութային, լեզուական, քաղաքակրթական, քաղաքական, գաղափարախօսական մէկութիւն չունի: Հոն,  ուր հայեր կան` գաղութ, համայնք, բախտաւոր պարագային, կը պահուի երանգներով պատկանելիութեան անորոշացող զգացում մը` լեզուով, եկեղեցիով: Անցելապաշտութեամբ, հայասիրութեամբ,  հայաստանասիրութեամբ:

Կ՛ըսենք` գիտակցութիւն, թէեւ աւելի տպաւորիչ է ըսել` «հայապահպանում», որ համարկումներով եւ   պատշաճեցումներով, ստեղծուած-ստեղծուող եւ փոփոխուող հաւաքականութիւնները կը գունաւորէ «հայ» վերադիրով:

Մեծ  է թիւը մարդոց, որոնք իրենք իրենց շնորհած են  յանուն սփիւռքի խօսելու իրաւունք` այդ համարելով քաղաքականութիւն: Ուրկէ՞ եւ ինչպէ՞ս ստացուած է այդ իրաւունքը, ո՞ր ծրագիրին համար, որո՞նց որոշումով: Համայնքը մասնակի է` սփիւռք ըմբռնումին համեմատած: Համայնքը հայրենիքէն դուրս գտնուող առաւել կամ նուազ մեծ թիւով մարդոց «հայրենասիրական» խմբաւորում է, ան ազգ չի գոյացներ, մէկութեան հասարակաց  տեսիլք եւ ստորոգելիներ չունի, բախտաւոր պարագային զանոնք ունենալ կարծող փոքրամասնութիւն մը, խումբ մը կը պահէ «բազմապատկեր յիշողութիւններ»`  մի՛շտ ենթակայական, խօսքով, երգով, ճառով, որոնք բաւարար կը համարուին ինքնահաստատման համար:   Ընկերաքաղաքական բեմի վրայ սփիւռքը տեսանելիութիւն, ներկայութիւն  եւ ներկայացուցչութիւն չունի, անոր թիւը ենթադրութիւն է, երկու, հինգ, տասը, քսան կամ աւելի միլիոններ: Թիւի ճշդումը կրնա՞նք կատարել, ինչպէ՞ս եւ ազգային որակական ո՞ր հիմնաւորումներով: Առանց  ճշդումի, կը մնան` անհատական եւ խմբային ցանկութիւններ, երազ, փառասիրութիւն,  բարձրագոչ ճառ:

Ի՞նչ  կ՛ուզէ սփիւռքը: Ան իրապէս բան մը կ՛ուզէ՞:

ՍՓԻՒՌՔ-ի հայերու թիւի մասին խօսելէ առաջ պէտք է  ճշդել անոր աշխարհագրական սահմանները, ճշդում, որ մտքի մարզանք չըլլայ: Գործնական պիտի ըլլայ` մեկնիլ տարբեր երկիրներու համայնքները մէկ առ մէկ նկատի ունենալով փորձել իւրաքանչիւրին մէջ գտնուող հայերու թիւը ճշդել, քանի որ անկարելի է մարդահամար ընել: Առաջին հերթին կրօնական հաստատութիւնները օգտակար կրնան ըլլալ, ապա` միութիւնները, կուսակցութիւնները, գիտնալով, որ ստացուած թիւերը միշտ իրականութենէն հեռու պիտի ըլլան, նոյնիսկ հոն, ուր, կ՛ըսենք, որ հայերու թիւը մեծ է,  կամ անոնք որոշ չափով խմբուած են: Այս աշխատանքը պէտք է կատարել մասնակի վիճակագրութիւններ կազմակերպելով, զանոնք խմբելով, գումարելով, եւ ապա` գնահատումներ ընել: Այս ընել` մասամբ դիւրին է, երբ հայերու բնակած երկիրները իրենց կառոյցով համայնքային են, իսկ հոն, ուր ազգային, կրօնական եւ ցեղային տարբերութիւնները օրինական ճանաչում եւ արձանագրութիւն չունին, բնակիչը քաղաքացի է իրաւունքներով եւ պարտաւորութիւններով, յաճախ նաեւ` լեզուով: Տրուած թիւերը երբեք ճիշդ պիտի չըլլան:

«Համայնքային իրաւունքներ» եւ «ազգի իրաւունքներ» չեն շփոթուիր, նման շփոթ` ազգային եւ քաղաքական ըմբռնումի այլասերում կ՛ըլլայ: Յստակացումներէ ետք միայն կրնանք մտածել սփիւռքի «անելիք»-ի սահմանման, անոր կառուցողական դերի եւ յանձնառութեան մասին, որ կ՛ենթադրէ` գաղափարախօսութիւն, կազմակերպութիւն եւ միջոցներ:

Սփիւռքը հայրենահանուածներու եւ անոնց յետնորդներու  անորոշ շրջագիծով զանգուած է, զոր պէտք է կազմակերպել, ան պէտք է կազմակերպուած ըլլար` իբրեւ անիրաւուած, հայրենազրկուած եւ աքսորական ժողովուրդ,  պայքարելու համար բռնագրաւուած հայրենիքի ազատագրութեան եւ հոն վերադարձի իրաւունքի  օրակարգով: Այդ է հայրենահանուածի եւ յետնորդներու հայրենիք ունենալու  եւ հոն վերադառնալու ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ՊԱՅՔԱՐԸ: Հայրենիք լքողներու նոր գաղթականութիւնը հայրենահանուածներու սփիւռքին վրայ գումարումը կ՛այլափոխէ անոնց «անելիք»-ի ըմբռնումը:

Հայրենիքը պատմական իրողութիւն է, ժողովուրդի մը դարերու կեանքով հաստատուած իրական իրաւունք:

Ինչո՞ւ ժողովուրդը միացնելու համար զայն չենք խմբեր Սեւրի դաշնագիրով բանաձեւուած միջազգային ճանաչման շուրջ, որուն արտայայտութիւնն է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ուիլսընի վճիռով գծուած սահմաններով ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ը: Այդ սահմանները չէին գծուած կամայականութեամբ, արդիւնք էին Խաղաղութեան միջազգային ժողովի որոշման, որուն գործադրութիւնը պահանջելը հայրենահանուածներու եւ անոնց յետնորդներու իրաւունքն է, որմէ հրաժարիլը ՎԱՏՈՒԹԻՒՆ  է հայուն, այդ վճիռը կայացուցած ժողովուրդներուն եւ պետութիւններուն համար:

Ի հարկէ, եթէ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ-ը չէ դադրած մարդկութիւնը միացնող եւ իմաստաւորող ըմբռնում ըլլալէ, առանց որուն` պէտք է ընդունիլ, որ ՄԱՐԴԸ ԴԵՌ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԱՊՐԻԼ ԱՆՏԱՌԻ ՕՐԷՆՔՈՎ,  ՋՈՒՆԼԻԻ ՕՐԷՆՔՈՎ:

Եթէ հայը չգիտակցի իր ԻՐԱՒՈՒՆՔ-ին եւ անոր տէր չկանգնի, այդ հետապնդման ծառայացնելով  իր մարդկային, իմացական, համրանքի եւ նիւթական կարողականութիւնը, ուրիշներ այդ չեն ըրած  եւ պիտի չընեն իր փոխարէն, եւ մենք, մեր յետնորդները բանաստեղծին պէս պիտի ըսեն, որ «մոռացումը առաւ ինձմէ ամէն բան»… եւ յիշատակներն ալ  պիտի անհետին:

Այն ատեն հայրենահանուածներու յետնորդները. պիտի ըլլան սպառողական քաղաքակրթութեան անանուն եւ անինքնութիւն հիւլէնե՞ր:

Կրնանք սկսիլ, պէտք է սկսիլ մենք մեզ ճանչնալով` որպէս ՄԱՐԴ, որ ունեցած է անցեալ եւ ինքնութիւն, եւ` միանալ, ուժերը մէկտեղել: Այն ատեն կը նուաճենք արեւուն տակ մեր ինքնութեամբ ապրելու իրաւունքը:

Պատմութեան էջերը միշտ բաց են: Գիտակից ժողովուրդները հոն կ՛արձանագրեն իրենց ներկայութիւնը:

Կանգ առնենք, մոռնանք փառասիրութիւն ու քաղքենիի հանգիստ եւ ուշադրութեամբ մտածենք գերմանացի մեծ գրող Կէօթէի հետ, որ ըսած է. «Ազգի մը դատողութիւնը կազմուած կ՛ըլլայ այն պահէն սկսեալ, երբ ան կրնայ ինքզինք դատել, բայց այս առանձնաշնորհումը  ձեռք կը բերուի շատ ուշ (Ընդգծում` Յ. Պ.):

Դատողութիւն, որ կը սկսի ինքզինք դատելով: Մի՞թէ անկարող ենք մենք մեզ դատելու:  Կամ եզրակացուցա՞ծ ենք, որ ուշ է արդէն, եւ պատմութեան էջին վրայ տեղ պիտի չունենանք:

Այս հարցումը պէտք է ուղղել` մեծին եւ պզտիկին, առաջնորդին եւ հետեւակին, եւ պատասխանել` առանց դիրքապաշտութեան տուրք տալու, չգոհանալ ամբոխը ոտքի քնացնելու միտող խօսքի ճապկումներով, մի՛շտ ներսը եւ դուրսը: Չվարանիլ երբեմն ալ ըսելու, որ ճիշդ գնահատումներ չէինք ըրած, Կէօթէի «ինքզինք դատելու առանձնաշնորհումը» չէինք նուաճած, չենք նուաճած: Այդ չընելով` պիտի մնա՞նք քաղաքական ընկեցիկ, ապրինք ասոր կամ անոր դուռը բախելով կամ անոնց շուքին  ծուարածներ, անոնք ըլլան իւրային, բարեկամ, երբեմն ալ` թշնամի:

Մի՛շտ պէտք է մտածել, որ ՎԱՂԸ ՄԻՇՏ ՈՒՇ Է: ԱՅՍՕՐ ԱՐԴԷՆ  Ո՞ՒՇ Է:

19 հոկտեմբեր  2025, Փարիզ

Նախորդը

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Յաջորդը

Համազգայինի Աշխատանքներու Ներկայացման Ու Համակարգման Հանդիպում

RelatedPosts

Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ծառը
Անդրադարձ

Յուշդ… Երբեք Չի՛ Մահանար…

Հոկտեմբեր 28, 2025
Փոխան Գրախօսականի.  «Ծաղկած Ցաւ» Քերթողագիրք Հեղինակ` Կամիլա Քէշիշեան
Անդրադարձ

Փոխան Գրախօսականի. «Ծաղկած Ցաւ» Քերթողագիրք Հեղինակ` Կամիլա Քէշիշեան

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?