Հայ երիտասարդական եւ ուսանողական խորհրդաժողովները կը ծառայեն իբրեւ հարթակ, ուր տարբեր համայնքներէ ժամանած երիտասարդները կը միանան ընդհանուր նպատակով` խորացնելու իրենց կապը հայ իրականութեան հետ եւ վերարժեւորելու իրենց դերը համահայկական կեանքին մէջ: Անոնք չեն սահմանափակուիր գաղափարներու փոխանակութեամբ միայն, այլ կը դառնան կենդանի օրինակ՛ հայ ուսանողութեան գիտակից մասնակցութեան եւ համահայկական պատասխանատուութեան:
Արդարեւ, նման հաւաքներ կը մարմնաւորեն այն համոզումը, որ հայ ժողովուրդի ապագան կը կերտուի գաղափարով առաջնորդուած եւ միասնական երիտասարդութեամբ, որ կը հաւատայ իր դերին` իբրեւ ազգի շարժիչ ուժի: Նաեւ կը շեշտէ այն գիտակցութիւնը, թէ հայութիւնը մէկ ամբողջութիւն է` անկախ աշխարհագրական սահմաններէ:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան երկար տարիներու փորձառութիւնը կը հաստատէ, որ նման նախաձեռնութիւններ կը նպաստեն կազմակերպական նոր հմտութիւններու զարգացման, ինքնաքննադատական մտածումի խթանման եւ գաղափարական դիրքերու վերաարժեւորման: Երբ երիտասարդները կը քննարկեն իրենց համայնքներու մարտահրաւէրները եւ կը փոխանակեն փորձառութիւններ, անոնք կը սորվին գործել միասնաբար եւ կառուցողական կերպով` ձգտելով ամրապնդելու իրենց համայնքը եւ ընդլայնելու համագործակցութիւնը համահայկական հարթակներու վրայ:
Հայ ուսանողական խորհրդաժողովները կը հաստատեն, որ գաղափարները, միասնականութիւնը եւ քաղաքական գիտակցութիւնը կը կենդանանան այն պահուն, երբ երիտասարդները համախմբուին` իրենց ձայնը բարձրացնելու, հայրենիքին ծառայելու եւ գաղափարով առաջնորդուած նոր հայեացքով հայրենիքին հետ կապը ամրապնդելու համար:
Այս նպատակով եւ համոզումով ալ, ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան կազմակերպութեամբ, 3-5 հոկտեմբերին Լիբանանի մէջ տեղի ունեցաւ «Դաշնակցութիւնը եւ ուսանողութիւնը» եռօրեայ միջշրջանային ուսանողական-երիտասարդական խորհրդաժողովը` մասնակցութեամբ տարբեր երկիրներու ՀՅ Դաշնակցութեան ուսանողական եւ երիտասարդական հետեւեալ 12 միութիւններու:
Խորհրդաժողովը ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան 120-ամեակի ձեռնարկներու ծիրին մէջ կարեւոր համախմբում մըն էր, որ կրկին անգամ փաստեց դաշնակցական երիտասարդութեան միասնութիւնը եւ հայութեան հիմնահարցերուն նկատմամբ նոր սերունդին պատրաստակամութիւնն ու նուիրումը:


