Այսպիսի նախաձեռնութիւններ իրենց կարեւոր դերակատարութիւնը ունին երիտասարդութեան աշխուժացման գործին մէջ: 12 տարբեր միութիւններէ ներկայացուցիչները իրենց ամբողջ ճիգը ներդրեցին` խորհրդաժողովի ընթացքին քննարկելով հայութեան ներկայ մարտահրաւէրները եւ առաջարկելով իրապաշտ լուծումներ: Այս մէկը ոգեւորիչ է եւ ցոյց կու տայ, որ մեր ապագան յուսադրիչ է, որքան ալ հայութիւնը դիմագրաւէ տագնապներ եւ ստանայ հարուածներ: Երիտասարդութիւնն ու ուսանողութիւնը յառաջամարտիկներն են ու պիտի շարունակեն մնալ եւ պիտի առաջնորդեն հայ ազգը նոր դարաշրջան մը, ուր հայը պիտի ապրի, այլ ազգերու նման, իր արժանապատիւ կեանքը: Խորհրդաժողովը բոլորիս յիշեցուց, որ երիտասարդութիւնը կուսակցութեան բաբախող սիրտն է, եւ ան ճիգ չի խնայեր մեր հաւաքական նպատակներու իրագործման համար:
ՀՅԴ Լիբանանի Զաւարեան ուսանողական միութիւն
***
Խորհրդաժողովը մեզի համար շատ ներշնչող եւ օգտակար փորձառութիւն մըն էր: Կարելիութիւն ունեցանք շատ բան սորվելու, գաղափարներ փոխանակելու եւ ծանօթանալու տարբեր երկիրներէ երիտասարդներու: Կը յուսանք` միշտ կապի մէջ մնալ, շարունակել միասին աշխատանքները եւ շուտով կրկին հանդիպիլ: Շնորհակալ ենք ԶՈՄ-ին` այս գեղեցիկ եւ արժէքաւոր փորձառութիւնը ստեղծելուն համար:
ՀՅԴ Քուէյթի «Քրիստափոր» երիտասարդական միութիւն
* * *
ԶՈՄ-ի խորհրդաժողովը շատ լաւ կազմակերպուած էր, եւ բոլորս վերադարձանք անմոռանալի յիշատակներով: Հանդիպեցանք տարբեր շրջաններու երիտասարդներու-ուսանողներու եւ սորվեցանք, թէ ինչպէ՛ս կ՛աշխատին անոնք: Նոր կապեր ստեղծեցինք եւ բազմաթիւ հետաքրքրական նիւթերու մասին տեղեկացանք դասախօսներէն: Ժողովը առիթ տուաւ բոլորիս` միտքեր փոխանակելու:
Նաեւ կազմակերպուեցան շարք մը տպաւորիչ այցելութիւններ, եւ մօտէն ծանօթացանք Լիբանանի հայ գաղութին: Այցելեցինք «Շաղզոյեան» կեդրոն, ուր ծանօթացանք տարբեր կառոյցներու, յատկապէս` «Վանայ Ձայն» ռատիոկայանի աշխատանքներուն: Այցելեցինք Հայոց ցեղասպանութեան որբերու Ճիպէյլի «Պէզիկեան» թանգարանը, որ շատ տպաւորիչ էր մեզի համար` իբրեւ սփիւռքահայերու:
Կը շնորհաւորենք ԶՈՄ-ի 120-ամեակը` յոյսով, որ մեր միութիւնները կրնան անոր օրինակով ներշնչուիլ:
ՀՅԴ-ի Լոնտոնի «Խանասոր» երիտասարդական միութիւն
***
Գաղափարական ընկերների հետ նոյն միջավայրում գտնուելն ու կիսուել գաղափարներով` միշտ էլ հաճելի եւ կառուցողական է եղել:
Զաւարեան ուսանողական միութեան նախաձեռնած խորհրդաժողովն էլ նման դէպքերից էր, որը մեզ բոլորիս միացրեց իրար, մէկ գաղափարի շուրջ: Ընթացքում թէ՛ խորհրդաժողովի շրջանակներում եւ թէ՛ անձնական շփման միջոցով կարողացանք աւելի լայն պատկերացում կազմել մեր առջեւ ծառացած խնդիրների մասին, եւ ի հարկէ` գտնել լուծումներ:
Մեզ համար նաեւ կը մնան մեր ձեռք բերած ընկերութիւնները, որոնք աւելի են ամրապնդում մեր միասնականութիւնը եւ գաղափարական կապը:
ՀՅԴ Հայաստանի «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւն
***
ՀՅԴ ուսանողական եւ երիտասարդական միութիւններու համագումարը գնահատելի առիթ մըն էր սփիւռքէն ու հայրենիքէն համախմբուած հայ երիտասարդներուն` խորհրդածելու, կարծիքներ փոխանակելու եւ որակաւոր զեկուցումներ լսելու այժմէական հարցերու շուրջ:
Համագումարի ընթացքին կատարուած զանազան այցելութիւնները առիթ եղան, որ մասնակիցները մօտէն ծանօթանան Ցեղասպանութենէն վերապրած հայութիւնը պատսպարած Լիբանանի հայկական կառոյցներուն, մինչ ընկերային պահերը սերտացուցին մեր միջեւ ստեղծուած բարեկամական կապերը:
Հաւատալով, որ ժողովուրդին ապագան երիտասարդները պիտի կերտեն, ԶՈՄ-ի այս համագումարը հսկայ դրական ազդեցութիւն ձգեց բոլորիս վրայ` նոր թափ տալով մեր աշխատանքներուն, որոնց կորիզը միշտ եղած են հայապահպանումն ու Հայաստանը:
ՀՅԴ-ի Ֆրանսայի «Նոր սերունդ» երիտասարդական միութիւն
***
Վերջերս Լիբանանի մէջ կազմակերպուած «Դաշնակցութիւն եւ ուսանողութիւնը» խորագրով խորհրդաժողովի գաղափարները, վերլուծութիւններն ու զեկոյցները տակաւին կը վերյիշեմ եւ կը փորձեմ առօրեայիս մէջ պահել:
Խորհրդաժողովը բացառիկ առիթ մըն էր այս ծանր օրերուն, անիկա մեզ` երիտասարդներուս համար, դարձաւ ճրագ մը, որով պիտի առաջնորդուինք մեր ապագայ գործունէութեան ընթացքին:
Բոլոր նիւթերը անխտիր, ըլլան` դասախօսական, քարոզչական կամ դաստիարակչական, բոլորը մէկ խնդիր կը լուծեն` միաւորել աշխարհասփիւռ դաշնակցական երիտասարդները մէկ գաղափարի շուրջ:
Խորհրդաժողովին շնորհիւ ծանօթացանք տարբեր երկիրներ բնակող ընկերներու, բոլորս յուզող հարցերու պատասխանները գտնելու ուղիներ քննարկուեցան` անկախ մեր ապրելու վայրերէն:
Շնորհակալ ենք` կրկին տեսնուելու ակնկալիքով, մինչ այդ յաջողութիւն կը մաղթեմ մեր գաղափարակից բոլոր ընկերներուն:
ՀՅԴ Նիտերլանտներու «Գարեգին Նժդեհ» երիտասարդական միութիւն


