ԼիոնելՄեսսի նշանակեց երկու կոլ, եւ Ինթեր Մայեմի օգտուեցաւ Նաշվիլի «տկար» ելոյթէն` վերջինիս 3-1 արդիւնքով յաղթելով եւ 1-0 արդիւնքով յառաջանալով փլէյ-օֆի առաջին ճակատումին:
Արժանթինցի աստղը իր լաւագոյն մրցումը չունեցաւ, բայց ճիշդ պահերուն առիթը օգտագործեց, եւ Ինթեր Մայեմի լաւ ձեւով սկսաւ փլէյ-օֆի արշաւը:
Մրցումը լաւ ձեւով չսկսաւ Մայեմիի համար, որ առաջին վայրկեանէն կոլ կրնար ստանալ, երբ Շաֆելպուրկ առանձին դէպի Մայեմիի բերդը կը սուրար, բայց սահելով կորսնցուց ոսկի առիթը: Մեսսի շուտով մտաւ մրցումի մթնոլորտին մէջ եւ Լուիս Սուարեզ գնդակը ստանալէ ետք աջ կողմէն զայն փոխանցեց Մեսսիին, որ առանձին մնալով նշանակեց մրցումին առաջին կոլը:
Թատէօ Ալլենտէ կոլ մը եւս պէտք է աւելցնէր առաջին կիսախաղին, բայց Բ. կիսախաղին նշանակեց: Բ. կիսախաղին Նաշվիլ աւելի տիրապետեց գնդակին վրայ, բայց անոր առիթները հազուագիւտ էին: Մայեմի մեծամասնութեամբ «գոհ էր» պաշտպանուելով: Մայեմի «նուէր» մը ստացաւ վերջին վայրկեաններուն երբ, Մեսսիի հասաւ գնդակ մը Նաշվիլի պաշտպաններէն, եւ ան անսխալ էր բերդին առջեւ` նշանակելով 3-0-ի կոլը: Մրցումի աւարտէն քիչ առաջ, Հանի Մուխթար ազատ հարուածով նշանակեց Նաշվիլի միակ կոլը: Ամբողջական յաղթանակ չէր Մայեմիի այս մրցումը, բայց մարզիչ Խաւիէ Մասքերանօ վստահ համոզուեցաւ այս յաղթանակով:


