«Պունտըսլիկա»-ի 8-րդ հանգրուանի իր մրցումին, ախոյեան Պայերն Միւնիխ բաւական դժուարութիւն ունեցաւ Մէօնշընկլատպախի դէմ իր մրցումին, եւ 1 ժամէ աւելի լուծումներ չունենալէ ետք վերջապէս 64-րդ վայրկեանին կրցաւ գրաւել Մէօնշընկլատպախի բերդը:
Վերջին դիրքը գրաւող Մէօնշընկլատպախ 19-րդ վայրկեանէն կը խաղար 10 մարզիկներով երբ քորէացի Ենս Քասթրոփ դաշտէն վտարուեցաւ Լուիս Տիասի վրայ կոշտ ֆաուլէ մը ետք: Բնականաբար Մէօնշընկլատպախ 10 մարզիկներով պաշտպանուեցաւ մինչեւ Պայերնի առաջին կոլը, որ նշանակեց խմբապետի Եոշուա Քիմիչ: Այս կոլէն ետք շատ բնական էր, որ Մէօնշընկլատպախ փորձէ հաւասարիլ` յաւելեալ առիթ տալով, որ Պայերն աւելցնէ իր կոլերու հաշիւը: Ռաֆայել Կերէյրօ 5 վայրկեան ետք կոլ նշանակեց Մայքըլ Օլիսէի փոխանցումէն ետք:
74-րդ վայրկեանին Թոմ Պիշոֆի կատարած մէկ ֆաուլէն ետք աւստրիացի Քեւին Շթրոկըր առիթ ունէր գրաւելու Պայերնի բերդը` փենալթիով, բայց… անոր հարուածած գնդակը դուրս ուղղուեցաւ դպնալէ ետք Եոնաս Ուրպիկի բերդի սիւնին: Ուրպիկ այս մրցումին փոխարինած էր Մանուէլ Նոյըրը, մանաւանդ որ Նոյըր կախակայուած է բաժակի մրցաշարքի գծով Քէօլնի դէմ մրցումէն (չորեքշաբթի), եւ մարզիչ Վենսան Քոմփանի կ՛ուզէ մրցումի մթնոլորտին մէջ պահել Ուրպիկն ալ: Վերջինս մասնաւոր առիթներ չզսպեց, բայց քանի մը առիթով դուրս եկաւ իր մեծ քառակուսիէն եւ գլխու հարուածով ետ մղեց Մէօնշընկլատպախի առիթները` Նոյըրի ձեւով:
76-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացաւ Պայերնի 17 տարեկան Լենարթ Քարլը, որ «Չեմփիընզ լիկ»-ին Պայերնի շապիկով ամէնէն երիտասարդ կոլ-սքորըրը եղած էր: 81-րդ վայրկեանին Կերէյրոյի հետ գնդակը փոխանակուելէ ետք ան ձախ ոտքի անզսպելի հարուածով մը շատ գեղեցիկ կոլ մը նշանակեց` փակելով մրցումին արդիւնքը` 3-0-ի վրայ:
Լայփցիկ, որ 5 կէտով ետ կը մնայ Պայերնէն (24 կէտ) 6-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Աուկզպուրկը, մինչ Տորթմունտ պէտք ունեցաւ 96-րդ վայրկեանին նշանակուած կոլի մը` յաղթելու համար Քէօլնի:


