Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում

Հոկտեմբեր 27, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓԱՈՒԼՕ ԳԱԶԱԶԵԱՆ

Երբ կը խօսուի Ցեղասպանութեան մասին, պէտք է գիտնալ, որ պատմութեան հետազoտողներ ուզած են զանազանութիւն դնել Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հրէական ողջակիզման միջեւ: (Ողջակիզում` Holocaust – հին յունական բառ մը, որ կը նշանակէ կրակի յանձնել):

Տարիներու ընթացքին շատեր ուզած են բաղդատել այս երկու ցեղասպանութիւնները, որոնք տեղի ունեցած են Ա. եւ Բ. Համաշխարհային պատերազմներուն:

Առաջին կարգին, երկուքն ալ ցեղասպանութիւն կը կոչուին, բայց իրականութեան մէջ տարբեր ծրագիրներու հետեւանք են:

Երբ Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը ցեղասպանութեան հարցով զբաղեցաւ, շատ դժուարութիւն ունեցաւ վերնագիր մը տալու կամ եզր մը ճշդելու: Այս նպատակով գումարուեցան ժողովներ:

Ծանօթ էր, որ տարիներու ընթացքին Ա. եւ Բ. Համաշխարհային պատերազմներէն առաջ աշխարհի չորս կողմը ջարդեր տեղի ունեցած են, եւ ամբողջ ազգեր անհետացած են զանազան պատերազմներու իբրեւ հետեւանք. առ այդ, Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը ուզեց սահմանում մը տալ ցեղասպանութեան:

Ցեղասպանութիւնը 4 մասի բաժնեցին`

1.-Ներքին ընդհանուր ցեղասպանութիւն,
2.- Արտաքին ընդհանուր ցեղասպանութիւն,
3.- Ներքին մասնակի ցեղասպանութիւն,
4.- Արտաքին մասնակի ցեղասպանութիւն:

Այս բացատրութիւնը նկատի առնուած է, որովհետեւ ՄԱԿ-ը ամէն ինչ սերտելէ ետք որոշած է դասակարգում կատարել ցեղասպանութեան.

1.- Առաջինը երկրի մը մէջ ապրող ամբողջ ցեղ մը ոչնչացնել է (100 տոկոս):
2.- Երկրորդը դուրսէն յարձակելով երկրին մէջ ապրող ցեղը լման ոչնչացնել է (100 տոկոս):
3.- Երրորդը ներքին երկրի մը ցեղը մասամբ ոչնչացնել (50 տոկոս), օրինակ IBO Նիկերիա, խըմեր` Քամպոտիա, Ռուանտա եւ այլն:
4.- Չորրորդը արտաքին յարձակում կատարել երկրի մը վրայ եւ մասամբ ոչնչացնել ժողովուրդը (50 տոկոս):

(Օրինակ երբ Ճենկիզ Խան դէպի Եւրոպա արշաւեց, իր ճամբուն վրայ գտնուող երկիրներուն ժողովուրդները մասամբ մը ջարդեց):

Եթէ մէկը դուրսէն դիտէ եւ չկարենայ զանազանել այս ջարդերը, իրեն կը թուի, թէ բոլորն ալ ցեղասպանութիւն են, բայց եւ այնպէս, իրականութիւնը այդ չէ:

Այս նշանաւոր կէտերը հաստատելէ ետք աւելի դիւրին պիտի ըլլայ հասկնալ սահմանումը:

Այսինքն ներքին ընդհանուր ցեղասպանութիւնը կը վերաբերի հայերուն եւ հրեաներուն:

Ուրեմն, ո՞ւր է Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հրէական ողջակիզման  տարբերութիւնը:

Շատ մը պրպտումներէ եւ հետազoտութիւններէ ետք այս նիւթով զբաղող մասնագէտներու կարծիքը հետեւեալն էր:

Հայոց ցեղասպանութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Ա.  Համաշխարհային պատերազմին Երիտասարդ թուրքերու կողմէ, նկատուած է ներքին ընդհանուր ցեղասպանութիւն:

1908-էն մինչեւ 1912 օսմանեան կառավարութիւնը զինուորական պարտութիւններուն եւ երկրորդական ճակատներէն մեծ մասամբ այլազգ ժողովուրդին փախչելուն իբրեւ հետեւանք, հայերուն հանդէպ իր խոստումները փոխելով եւ մոռնալով իր օսմանականութիւնը (ընդունիլ այլ ցեղեր իրենց տարբեր կրօններով եւ յատուկ ազատութիւններով), փոխեց իր ուղղութիւնը դէպի փանթրքութիւն, որուն համաձայն, միայն թրքական ազգայնականութիւնը կ՛իշխէր, եւ սկսաւ հալածել հայերն ու քրիստոնեաները, ջարդել կայսրութեան մէջ ապրող հայ ազգը:

Այլ է պարագան  Գերմանիոյ հրեաներուն, որոնք կը ջանային իբրեւ ցեղ նոյնանալ Գերմանիոյ եւ եւրոպական ընկերութեան. արդարեւ, Համաշխարհային Ա. պատերազմէն Գերմանիա պարտուած դուրս ելաւ, իսկ անկէ ետք դէմ յանդիման կանգնեցաւ տնտեսական ծանր տագնապներու, միւս կողմէ կար յառաջդիմութիւնը նացի-ֆաշական կուսակցութեան, որ տիրացաւ Գերմանիոյ կառավարութեան եւ իր հակասեմական ու ծայրայեղ ցեղապաշտութեան պատճառով ջանաց Համաշխարհային Բ. պատերազմի թոհուբոհին մէջ ամբողջովին մաքրագործել հրեաներն եւ գնչուները` իրենց գրաւած երկիրներուն մէջ, այսինքն թիւ 1` ներքին ընդհանուր ցեղասպանութիւն, եւ նոյն ատեն թիւ 3` ներքին մասնակի ցեղասպանութիւն` Լեհաստանի  ժողովուրդին հանդէպ:

Նացի-ֆաշական կուսակցութիւնը ոչ միայն ուզեց ամբողջովին մաքրել հրեաները իր երկրին եւ եւրոպական իր գրաւած երկիրներուն մէջ, այլ նաեւ պահանջեց իր բարեկամ երկիրներէն, որ Գերմանիոյ յանձնեն հրեաները, որոնք կը գտնուէին իրենց երկիրներուն մէջ. այսինքն` Աւստրիա, Իտալիա եւ Ճափոն:

Աւստրիան արդէն գրաւուած կը նկատուէր եւ չկրցաւ մերժել, Իտալիան կրցածին չափ ջանաց զանոնք պաշտպանել, իսկ Ճափոնը, որ Ասիոյ զանազան երկիրներ գրաւած էր` Մալեզիա, Սինկափուր, Ֆիլիփին, Հոնկ Քոնկ, Մանզուրիա  եւ զանազան ուրիշ երկիրներ եւ կղզիներ, մերժեց յանձնել այդ երկիրներուն մէջ բնակող կամ գտնուող հրեաները, հակառակ անոր որ պատերազմին ընթացքին բարեկամ եւ դաշնակից էին:

Ողջակիզումը` Գերմանիոյ նացի-ֆաշական գաղափարաբանութեամբ, հրեայ ազգը մաքրագործել էր աշխարհին երեսէն, մինչ երիտթուրք կառավարութեան նպատակն էր Հայոց ցեղասպանութեան միջոցով հայերը ջնջել էր Թուրքիոյ սահմաններէն ներս, սակայն հետաքրքրուած չէին հայերուն մասին, որոնք կ՛ապրէին այլ երկիրներու մէջ (Եգիպտոս, Կիպրոս, Յունաստան կամ Կովկասի զանազան երկիրներու): Այս էր տարբերութիւնը երկու ցեղասպանութիւններուն:

Նացի-ֆաշական կուսակցութիւնը ուզեց ամբողջովին ջնջել հրեաները, ուր որ ալ ապրէին անոնք, իսկ երիտասարդ թուրքերը ուզեցին իրենց փանթրքական նպատակը յաջողցնել իրենց ներքին սահմաններուն մէջ` ընդունելով միայն մահմետական, ոչ քրիստոնեայ կրօնի պատկանող անձեր:

Գերմանիան ուրիշ նպատակ մըն ալ կը հետապնդէր, հրեաները եւ համայնավարները իրեն թշնամի նկատելով` այդ պատճառաբանութիւնները կը ներկայացնէր իր ժողովուրդին` իբրեւ փաստ:

Նոյն ձեւով թուրքը հայերուն դէմ ըրած շարժումը կը պատճառաբանէր` ըսելով, որ հայերը ռուսերուն հետ կը գործակցին Թուրքիոյ դէմ:

Այս երկու ցեղասպանութիւններուն մէջ տարբերութիւն մը կար:

Հայերը մեծամասնութեամբ գիւղական կենցաղ ունէին Արեւմտահայաստանի եւ Կիլիկիոյ մէջ, ուր հարիւրաւոր տարիներէ իրենց հողերուն վրայ կ՛ապրէին. մինչ Գերմանիոյ եւ Եւրոպայի հրեաները մեծ քաղաքներու մէջ կ՛ապրէին եւ զօրաւոր տնտեսական դիրքերու վրայ էին ու հողին հետ կապ չունէին:

Արդիւնքը այն էր, որ յեղափոխութեան շրջանին Օսմանեան կայսրութեան մէջ գոյութիւն ունէին հայ կուսակցութիւններ, որոնք կը պահանջէին թուրք կառավարութենէն ինքնավարութիւն` իրենք զիրենք ազատօրէն կառավարելու եւ խնամակալութիւն` իրենք իրենց կարիքները հոգալու միջոցներ:

Մինչ հրեաները կուսակցութիւն չունէին Գերմանիոյ եւ Եւրոպայի մէջ, իրենց նպատակը եւ միակ պահանջն էր մաս կազմել Գերմանիոյ կառավարութեան եւ ձուլուիլ անոր խնամակալութեան մէջ, հակառակ անոր որ աշխարհի մէջ գտնուող սիոնական շարժումը ուրիշ նպատակներ կը հետապնդէր Պաղեստինի գծով:

Ամփոփելու համար. Ողջակիզումը եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը տարբեր իմաստ ունեցան:

Հրեաները ջարդուեցան եւ իրենց նպատակին չկրցան հասնիլ` եւրոպական եւ գերմանական հասարակութեան  մաս կազմելու եւ մխրճուելու իրենց հաստատութիւններու մէջ, եւ մօտաւոր 6 միլիոն անձեր սպաննուեցան, մեծամասնութիւնը` փուռերու մէջ հրկիզուելով: Այս 6 միլիոնին մաս կազմեցին գնչուները, լեհերը եւ զանազան ազգերու ժողովուրդներ` Եւրոպայի մէջ…

Մինչդեռ հայերը ջարդուեցան տուին մէկուկէս միլիոն նահատակ, միեւնոյն ատեն կորսնցուցին հայկական պապենական հսկայ տարածքով հողերը, որոնք գոյութիւն ունէին հազարաւոր տարիներէ ի վեր, նոյնիսկ` քրիստոնէութենէն առաջ:

Այս է տարբերութիւնը եւ սահմանումը այս երկու ցեղասպանութիւններուն:

Անշուշտ այս երկու մեծ ցեղասպանութիւնները, ինչ որ ըլլայ անոնց վերնագիրը` շարունակուեցան ուրիշ երկիրներու մէջ տարբեր ձեւերով, տարբեր վերնագիրներով` ներքին ընդհանուր ցեղասպանութիւն, արտաքին ընդհանուր ցեղասպանութիւն, ներքին մասնակի ցեղասպանութիւն եւ արտաքին մասնակի ցեղասպանութիւն:

Հոս կը յիշենք Նիկերիոյ IBO ցեղը` 1 միլիոն մահ, Քամպոտիոյ խըմեր ցեղը` 2 միլիոն մահ (ժողովուրդին 25 տոկոսը), Ինտոնեզիոյ չիները` 50.000 մահ, Իրաքի քիւրտերուն մասին յայտնի եւ յստակ թիւ չկայ, Ռուանտան` 1 միլիոն մահ:

Այս բոլոր ջարդերը, որոնք տեղի ունեցան 1945 թուականէն ետք, կրօնական, գաղափարախօսական եւ տնտեսական պատճառներ ունեցան, եւ հոս փաստուեցաւ մարդուն ամէնէն վտանգաւոր կենդանին ըլլալը:

Անասունը կը պայքարի եւ վայրի կը դառնայ, երբ անօթի է, մինչ մարդը վայրի գազան կը դառնայ, երբ կուշտ է, բայց կոյր է իր կրօնով, գաղափարաբանութեամբ եւ գերի` նիւթականին…

Սեպտեմբեր 2025

Նախորդը

Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յանձնառու ՀՕՄ-ականը

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յանձնառու ՀՕՄ-ականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յանձնառու ՀՕՄ-ականը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին
Անդրադարձ

Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայոց Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչման Խնդիրը ՀՀ Արտաքին Քաղաքականութեան Համապատկերում
Անդրադարձ

Ուաշինկթընեան Համաձայնութիւններ. Հայ-Ամերիկեան Եւ Ազրպէյճան-Ամերիկեան Յուշագրերի Համեմատական Վերլուծութիւն (Դ. Մաս)

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?