Մայիս 2025-ին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքը մեկնարկեց նպաստի յատուկ ծրագիր մը` ՀՈՍԱՆՔԻ ՄԷՋ | INSPARK անունով:
Այս ծրագիրով Հայկական բաժանմունքը նորոգեց լիբանանահայ համայնքին հանդէպ հիմնարկութեան յանձնառութիւնը` կեդրոնանալով երիտասարդութեան վրայ: Բաց հրաւէրով մը բաժանմունքը առիթ ստեղծեց, որ երիտասարդներ ստեղծագործ ճամբորդութիւններու ընդմէջէն ինքնաճանաչում եւ քննական հայեացքներ հետազօտեն:
Հայկական համայնքներու բաժանմունքը ուրախ էր ստանալու բարձրորակ նախագիծներու առաջարկներ 19 դիմորդներէ, որոնցմէ 10-ը նպաստ ստացան: Նախագիծները սերտօրէն կ՛առնչուէին նպաստի ծրագիրին նպատակներուն. մարդաբանական հեռանկարներէ մինչեւ բազմագիտակարգային հետազօտութիւն, բանաստեղծական եւ ընկերային ոլորտներէ մինչեւ երկրաքաղաքական վերլուծութիւն, հիւմըրէ մինչեւ պատմասացութիւն եւ մշակութային վերածնունդ` Լիբանանի հայ երիտասարդութիւնը ցոյց տուաւ իր ստեղծագործ ներուժն ու նուիրումը իր սեփական համայնքին, ընդունելու անոր բազմաթիւ շերտերն ու հարուստ ընկերային հիւսուածքը, ձգտելով հասկնալու զայն եւ մասնակցելու անոր ապագան ձեւաւորելու գործընթացին:
Բոլոր նախագիծները բնականաբար արեւմտահայերէնը ներառած էին որպէս միջոց եւ արժէք` հաստատելով լեզուին անքակտելի կապը Լիբանանահայ համայնքին հետ:
Նպաստառուներն են.
1.- Արազ Գոճայեան, Շողակ Յովհաննէսեան, «Նոր նոր Սիս. սփիւռքեան տարածքի ստեղծումի ուսումնասիրութիւն»,
2.- Յակոբ Վարդապետեան, «Ո՞վ կը դառնաս, երբ ոչ ոք կը նայի»,
3.- Գէորգ Եագուպեան, «Երկրաքաղաքական պատկեր»,
4.- Լիլիթ Մէկրեան, «Պատահաբառ»,
5.- Մարտիկ Օդճեան, «Քուլիսներու ետին»
6.- Մեղրիկ Աճզաճեան, «Թէլիկ»
7.- Նաթալի Տեր Մեսրոպեան, «Տան համեր, սրտի խօսքեր»,
8.- Սարգիս Սերոբեան, «ԲԵՄ»,
9.- Վանայ Ռըզեան, «Հաճըն, Նոր Հաճըն եւ Նոր Հաճն»,
10.- Վիգէն Աւագեան, «Երկրի Մարմին»:



