23 հոկտեմբերին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս հետեւեալ յայտարարութեամբ հաստատեց, որ կաթողիկոսութիւնը կարիք չունի Երեւանի թելադրանքներուն եւ ուղղութիւններուն:
«Հայաստանի վերանկախացումէն ի վեր, Հայաստանը դիմագրաւող տագնապներուն ու բեւեռացումներուն նկատմամբ` ներքին թէ արտաքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տեսակէտն ու կեցուածքը եղած են միշտ յստակ ու հետեւողական:
«Հետեւաբար, Անթիլիասը պէտք չունի Երեւանէն եկող թելադրութիւններուն կամ ուղղութիւններուն: Անթիլիասը ի՛նք կը ճշդէ իր ըսելիքն ու ընելիքը` միշտ մեկնելով մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին ընդհանրական ու գերագոյն շահերէն, արժէքներէն ու իտէալներէն», հաստատեց Արամ Ա.


