Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԱՐՈՅՐ Ծ. ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ

Դպրեվանքը իւրայատուկ կարողութիւն  ունի աշակերտ-գիրք յարաբերութիւն մշակելու եւ զանոնք իրարու հետ մտերմացնելու: Երբ ներկայ աշխարհին մէջ ձեռքի հեռաձայնները կը գերիշխեն մարդոց առօրեայ կեանքին ու հետաքրքրութիւններուն վրայ, դժուար է տեսնել գիրքին ներկայութիւնը` ամէնօրեայ դրութեամբ: Մարդ անհատին եւ գիրքին միջեւ ստեղծուած յարաբերութիւնը չի բաղդատուիր որեւէ այլ իրի կամ իրականութեան մը հետ եւ չի փոխարինուիր անոնցմով: Նոյնիսկ ամէնէն գրաւիչ կերպով պատրաստուած կարճերիզները (reels), որոնք կը յաջողին լսողին կամ դիտողին մօտ քանի մը վայրկեաններու մէջ նոր գիտութիւն եւ գիտելիք փոխանցել, չեն կրնար գիրքին քանի մը էջերու ընթերցումին զօրութիւնը ունենալ: Այդ իսկ պատճառով քաջալերելի է, որ  դպրեվանեցիին համար գիրքը դառնայ ընկեր եւ ինքնազարգացման աղբիւր:

Դպրեվանեցիներուն ննջասենեակին մէջ իւրաքանչիւր պահարան ունի իր յատուկ փոքրիկ գրադարանը, ուր դպրեվանեցին իր անձնական գիրքերը կը զետեղէ: Դպրեվանեցիին համար միշտ մրցակցութիւն նիւթ է, թէ ո՛վ պիտի լեցնէ իր գրադարանը մեծաթիւ գիրքերով: Երբեմն նոյնիսկ «առեւտուր» տեղի կ՛ունենայ, որպէսզի ընկերներ զիրար ամբողջացնող գրադարաններ ունենան: Աւելի՛ն.  դպրեվանեցիները իրարու գիրք կը նուիրեն իբրեւ յիշատակ` անոր առաջին էջին վրայ մակագրելով եւ մաղթանքներ արձանագրելով: Զարմանալի չէ,  թէ դպրեվանքի փոքր գրադարաններէն ի՜նչ գիրքեր կը յայտնաբերուին` մակագրուած  իբրեւ յիշատակի նուէր  նախկին դպրեվանեցիի մը կողմէ:

Դպրեվանքին մէջ մատենադարանը այն «փուռն» է, ուրկէ դուրս բխող գիրքի անուշ բոյրը ախորժաբեր եւ գրաւիչ է: Փոքր դպրեվանեցիներուն համար ճշդուած են յատուկ ժամեր, որպէսզի անոնք այցելեն մատենադարան եւ գիրք մը ընտրեն ընթերցանութեան համար: Սերտողութեան ժամերուն, եթէ յաջորդ օրուան համար պատրաստուելիք դաս  չկայ, հսկիչներ կ’արտօնեն միայն  գիրք կարդալ եւ ուրիշ  բանով չզբաղիլ: Պէտք է անպայմանօրէն, մինչեւ նշանակուած ժամին աւարտը, նստիլ եւ ընթերցանութիւն կատարել: Հոն է, որ նաեւ կը զարգանայ գիրք կարդալու մրցումի մթնոլորտ մը, թէ ո՛վ պիտի ըլլայ ամէնէն շատ գիրք կարդացողը:

Իսկ մեծերուն համար մատենադարանը այն «փախուստ»-ի վայրն է, ուր կրնան կեդրոնանալ, պրպտումներ ընել եւ դաս պատրաստել: Երբ դասի պարտականութիւնները շատնան, վէպ ընթերցելու կարօտը կ՛արթննայ, եւ դպրեվանեցիները կը փութան դասերը աւարտել ու հասնիլ վէպին: Վէպ ընթերցելով` անոնք կը մտնեն տարբեր աշխարհ մը, ուր միտքն ու երեւակայութիւնը անհունօրէն կը զարգանան: Դասերով խճողուած վիճակէն դուրս գալու լաւագոյն միջոցն է վէպի աշխարհին մէջ կորսուիլ եւ անով հորիզոններ նուաճել:

Դպրեվանքի առաջին օրերէս չէի հաւատար, որ ինծի համար կրնայ գոյութիւն ունենալ զբաղում մը, որ գերազանցէ ֆութպոլ խաղալու սէրս: Այն օրը, երբ մատենադարանի պատասխանատուի օգնական նշանակուեցայ եւ ազատութիւնը ունեցայ ազատ ժամերուս մտնելու մատենադարան, հո՛ն անկիւնադարձային  փոփոխութիւն մը ապրեցայ: Չէի կշտանար գիրքերը թերթատելէն, անոնց գեղեցիկ ու հետաքրքրական կողքերը դիտելէն եւ զանոնք հաւասար կարգով քով-քովի շարելէն: Մատենադարանի պատուհանէն ֆութպոլի դաշտը կ՛երեւէր եւ այնտեղէն լսուող բացագանչութիւնները կ՛արձագանգէին մատենադարանէն ներս, սակայն ես արդէն իսկ կախարդուած էի գրադարաններու նեղ միջանցքին մէջ: Նոյնիսկ պատահած է, որ դաշտէն անունս կանչած են, որպէսզի այլեւս դուրս գամ մատենադարանի խուցէն եւ իջնեմ խաղի` խումբը լրացնելու համար: Բայց գիրքին հմայքը զիս գամուած կը պահէր մատենադարանին մէջ: Անահաւատալին այն էր, որ ես անցեալին այն տղան էի, որ գիրքը երբեք չէր սիրած նախքան դպրեվանք մուտք գործելը…

Գիրքի սէրը պատահական երեւոյթ մը չէ: Գիրքերու հետ մտերմութիւնը դպրեվանեցիին ոգին կը կերտէ: Անոնց բովանդակութիւնը, լեզուն, պատմութիւնները եւ փոխանցուող ժառանգը կը կազմաւորեն դպրեվանեցիին միտքն ու հոգին, որպէսզի անոնց ընդմէջէն կազմաւորուի այն ինքնութիւնը, որուն կարիքը ունին ազգն ու եկեղեցին: Գիրքը ունի իւրայատուկ դրոշմը , որ կ՛օծէ դպրեվանեցիին եւ ընդհանրապէս հայ մարդուն միտքն ու հոգին… Վստահ եմ, որ դպրեվանքը, բոլոր ժամանակներուն եւ անոնց արագաշարժ զարգացումներուն դէմ յանդիման, պիտի մնայ մարդուն եւ գիրքին մտերմութեան նստավայրը…

 

 

Նախորդը

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Յաջորդը

«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում

RelatedPosts

Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
Խմբագրական «Ալիք»-ի.  Յեղափոխական Պայքարի Տեսութիւնը Եւ Հրամայականը Նոյնն Են Այսօր Եւս  (Զինեալ Պայքարի 50-Ամեակի Առիթով)
Անդրադարձ

Խմբագրական «Ալիք»-ի. Յեղափոխական Պայքարի Տեսութիւնը Եւ Հրամայականը Նոյնն Են Այսօր Եւս (Զինեալ Պայքարի 50-Ամեակի Առիթով)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?