Դպրեվանքը իւրայատուկ կարողութիւն ունի աշակերտ-գիրք յարաբերութիւն մշակելու եւ զանոնք իրարու հետ մտերմացնելու: Երբ ներկայ աշխարհին մէջ ձեռքի հեռաձայնները կը գերիշխեն մարդոց առօրեայ կեանքին ու հետաքրքրութիւններուն վրայ, դժուար է տեսնել գիրքին ներկայութիւնը` ամէնօրեայ դրութեամբ: Մարդ անհատին եւ գիրքին միջեւ ստեղծուած յարաբերութիւնը չի բաղդատուիր որեւէ այլ իրի կամ իրականութեան մը հետ եւ չի փոխարինուիր անոնցմով: Նոյնիսկ ամէնէն գրաւիչ կերպով պատրաստուած կարճերիզները (reels), որոնք կը յաջողին լսողին կամ դիտողին մօտ քանի մը վայրկեաններու մէջ նոր գիտութիւն եւ գիտելիք փոխանցել, չեն կրնար գիրքին քանի մը էջերու ընթերցումին զօրութիւնը ունենալ: Այդ իսկ պատճառով քաջալերելի է, որ դպրեվանեցիին համար գիրքը դառնայ ընկեր եւ ինքնազարգացման աղբիւր:
Դպրեվանեցիներուն ննջասենեակին մէջ իւրաքանչիւր պահարան ունի իր յատուկ փոքրիկ գրադարանը, ուր դպրեվանեցին իր անձնական գիրքերը կը զետեղէ: Դպրեվանեցիին համար միշտ մրցակցութիւն նիւթ է, թէ ո՛վ պիտի լեցնէ իր գրադարանը մեծաթիւ գիրքերով: Երբեմն նոյնիսկ «առեւտուր» տեղի կ՛ունենայ, որպէսզի ընկերներ զիրար ամբողջացնող գրադարաններ ունենան: Աւելի՛ն. դպրեվանեցիները իրարու գիրք կը նուիրեն իբրեւ յիշատակ` անոր առաջին էջին վրայ մակագրելով եւ մաղթանքներ արձանագրելով: Զարմանալի չէ, թէ դպրեվանքի փոքր գրադարաններէն ի՜նչ գիրքեր կը յայտնաբերուին` մակագրուած իբրեւ յիշատակի նուէր նախկին դպրեվանեցիի մը կողմէ:
Դպրեվանքին մէջ մատենադարանը այն «փուռն» է, ուրկէ դուրս բխող գիրքի անուշ բոյրը ախորժաբեր եւ գրաւիչ է: Փոքր դպրեվանեցիներուն համար ճշդուած են յատուկ ժամեր, որպէսզի անոնք այցելեն մատենադարան եւ գիրք մը ընտրեն ընթերցանութեան համար: Սերտողութեան ժամերուն, եթէ յաջորդ օրուան համար պատրաստուելիք դաս չկայ, հսկիչներ կ’արտօնեն միայն գիրք կարդալ եւ ուրիշ բանով չզբաղիլ: Պէտք է անպայմանօրէն, մինչեւ նշանակուած ժամին աւարտը, նստիլ եւ ընթերցանութիւն կատարել: Հոն է, որ նաեւ կը զարգանայ գիրք կարդալու մրցումի մթնոլորտ մը, թէ ո՛վ պիտի ըլլայ ամէնէն շատ գիրք կարդացողը:
Իսկ մեծերուն համար մատենադարանը այն «փախուստ»-ի վայրն է, ուր կրնան կեդրոնանալ, պրպտումներ ընել եւ դաս պատրաստել: Երբ դասի պարտականութիւնները շատնան, վէպ ընթերցելու կարօտը կ՛արթննայ, եւ դպրեվանեցիները կը փութան դասերը աւարտել ու հասնիլ վէպին: Վէպ ընթերցելով` անոնք կը մտնեն տարբեր աշխարհ մը, ուր միտքն ու երեւակայութիւնը անհունօրէն կը զարգանան: Դասերով խճողուած վիճակէն դուրս գալու լաւագոյն միջոցն է վէպի աշխարհին մէջ կորսուիլ եւ անով հորիզոններ նուաճել:
Դպրեվանքի առաջին օրերէս չէի հաւատար, որ ինծի համար կրնայ գոյութիւն ունենալ զբաղում մը, որ գերազանցէ ֆութպոլ խաղալու սէրս: Այն օրը, երբ մատենադարանի պատասխանատուի օգնական նշանակուեցայ եւ ազատութիւնը ունեցայ ազատ ժամերուս մտնելու մատենադարան, հո՛ն անկիւնադարձային փոփոխութիւն մը ապրեցայ: Չէի կշտանար գիրքերը թերթատելէն, անոնց գեղեցիկ ու հետաքրքրական կողքերը դիտելէն եւ զանոնք հաւասար կարգով քով-քովի շարելէն: Մատենադարանի պատուհանէն ֆութպոլի դաշտը կ՛երեւէր եւ այնտեղէն լսուող բացագանչութիւնները կ՛արձագանգէին մատենադարանէն ներս, սակայն ես արդէն իսկ կախարդուած էի գրադարաններու նեղ միջանցքին մէջ: Նոյնիսկ պատահած է, որ դաշտէն անունս կանչած են, որպէսզի այլեւս դուրս գամ մատենադարանի խուցէն եւ իջնեմ խաղի` խումբը լրացնելու համար: Բայց գիրքին հմայքը զիս գամուած կը պահէր մատենադարանին մէջ: Անահաւատալին այն էր, որ ես անցեալին այն տղան էի, որ գիրքը երբեք չէր սիրած նախքան դպրեվանք մուտք գործելը…
Գիրքի սէրը պատահական երեւոյթ մը չէ: Գիրքերու հետ մտերմութիւնը դպրեվանեցիին ոգին կը կերտէ: Անոնց բովանդակութիւնը, լեզուն, պատմութիւնները եւ փոխանցուող ժառանգը կը կազմաւորեն դպրեվանեցիին միտքն ու հոգին, որպէսզի անոնց ընդմէջէն կազմաւորուի այն ինքնութիւնը, որուն կարիքը ունին ազգն ու եկեղեցին: Գիրքը ունի իւրայատուկ դրոշմը , որ կ՛օծէ դպրեվանեցիին եւ ընդհանրապէս հայ մարդուն միտքն ու հոգին… Վստահ եմ, որ դպրեվանքը, բոլոր ժամանակներուն եւ անոնց արագաշարժ զարգացումներուն դէմ յանդիման, պիտի մնայ մարդուն եւ գիրքին մտերմութեան նստավայրը…



