Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշնան Փառատօներ. Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը

Հոկտեմբեր 25, 2025
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Ամէն աշնան միլիոնաւոր անձեր աշխարհի չորս կողմը կը նշեն աշնան փառատօնը: Այս տօնը ճանչցուած է նաեւ Լուսնային անուշեղէնի փառատօն անունով, եւ ան Չինաստանի ամէնէն հին եւ ամէնէն շատ սիրուած տօներէն մէկն է Լուսնային նոր տարուան տօնէն ետք: Այս տօնը կը զուգադիպի չինական օրացոյցին 8-րդ ամսուան 15-րդ օրը եւ միշտ տեղի կ՛ունենայ հունձքի լուսնին օրը, երբ փայլուն լիալուսին մը կը նշէ հունձքի եղանակին գագաթնակէտը: Այս տարի այս տօնը տեղի ունեցաւ հոկտեմբեր 6-ին:

Այս տօնը առիթ մըն է ժողովուդին համար շնորհակալութիւն յայտնելու տարուան հունձքին համար եւ ժամանակ անցընելու ընտանիքին հետ: Մարդիկ դուրսը կը հաւաքուին դիտելու եւ հիանալու համար փայլուն լուսինին վրայ եւ իրարու հետ համտեսելու համեղ անուշեղէններ: Այս աւանդական անուշեղէններէն ամէնէն սիրուածը լուսնի անուշեղէնն է` քաղցր եւ աղի լիցքով կլորակ անուշեղէն մը:

Աւանդութիւն է նաեւ այս առիթով վառել լապտերներ: Յատկապէս փոքրիկներուն համար մեծ ուրախութիւն է պտտիլ փողոցներուն, պարտէզներուն մէջ, տուներուն միջեւ` անասուններու կամ պտուղներու ձեւով գունաւոր լապտերներ բռնած: Այս լապտերները կը կախուին նաեւ դուրսը, կը ծփան լիճերուն վրայ եւ կ՛արձակուին երկնքին մէջ: Հաճելի սովորութիւն մըն է նաեւ լուծել կարգ մը լապտերներու վրայ գրուած հանելուկներ:

Կան բազմաթիւ առասպելներ այս Աշնանային փառատօնին մասին: Ըստ անոնցմէ ամէնէն ծանօթ բացատրութեան, շատ հին ժամանակներուն տասը արեւներուն ճառագայթները կ՛այրէին երկրագունդը: Հու Եի անունով աղեղնաւոր մը կը յաջողի անոնցմէ 9-ը մարել` փրկելով ժողովուրդը: Իբրեւ վարձատրութիւն` ան կը ստանայ խմիչք մը, որ իրեն կարելիութիւնը կու տայ յաւիտեանս ապրելու: Սակայն Հու Եի չէր ուզեր առանց իր սիրելի կնոջ` Չանկի ապրիլ, հետեւաբար ան այդ խմիչքը մէկ կողմ դրաւ: Օր մը, երբ ան տունը չէր, գող մը փորձեց զայն գողնալ: Եւ որպէսզի խմիչքը ապահով մնայ, Չանկ զայն խմեց: Անմիջապէս ան դէպի լուսին բարձրացաւ, եւ ըստ աւանդութեան տակաւին մինչեւ այսօր ան հոն կ՛ապրի Ճետ նապաստակին հետ: Այս պատահարէն քիչ ետք մարդիկ սկսան հաւաքուիլ Լիալուսնի տակ եւ լուսնի անուշեղէնններ հրամցնել ի պատիւ Չանկի: Եւ այս աւանդութիւնն է, որ դարձաւ մինչեւ այսօր տօնուող այս սովորութիւնը:

Այս Լուսնի աշնանային փառատօնը կը տօնուի նաեւ Սինկափուրի, Մալեզիոյ եւ Վիեթնամի մէջ:

Գիտէի՞ր, Թէ…

– Չինաստանը աշխարհի ամէնէն մեծ եւ ամէնէն շատ բնակչութիւն ունեցող երկիրներէն մէկն է: Անոր մեծութիւնը կը հասնի գրեթէ Միացեալ Նահանգնեու մեծութեան:

– Անոր մայրաքաղաքը Փեքինն (Պէյճինկ)-ն է:

– Անոր ամէնէն երկար գետը Եանկցէն է. ան նաեւ աշխարհի 4-րդ ամէնէն երկար գետն է:

– Չինաստանի պատմութիւնը շատ հին է: Ան առաջին հին քաղաքակրթութիւններէն մէկը եղած է:

– – Չինական դրօշակը կարմիր է եւ ունի մէկ մեծ եւ անոր շուրջ չորս պզտիկ դեղին աստղեր: Կարմիր գոյնը կը խորհրդանշէ յեղափոխութիւնը, մեծ աստղը` համայնավարութիւնը` իսկ չորս փոքրիկ աստղերը` Չինաստանի ժողովուրդը:

– Չինական գրաւոր լեզուն կազմուած է տասնեակ հազարաւոր նշաններէ. սակայն ներկայի արդի չինարէնը կը գործածէ անոնցմէ «միայն» քանի մը հազար նշաններ:

– Չինական Նոր տարին երկրին ամէնէն կարեւոր տօնն է:

– Չինաստանի մէջ հարսանեկան հագուստներուն մեծ մասը կարմիր կ՛ըլլայ, որովհետեւ այս գոյնը չիներուն բախտաբեր գոյնը կը համարեն:

– Թղթադրամը սկիզբը յայտնուած է Չինաստանի մէջ:

Մեծ Դդումի
Նոր Յաղթական Մը

Ամէն հոկտեմբեր ամսուն Միացեալ Նահանգերու չորս կողմերէն երկրագործներ միլիոնաւոր մեծ դդումներ (փամփքըն) կը հաւաքեն: Այս բանջարեղէններէն մաս մը կը վերածուի համով ապուրի կամ անուշեղէնի, մինչ մնացածները կը դառնան Հալոուինի տօնի զարդարանք: Սակայն ասոր կողքին, կարգ մը երկրագործներ մեծ դդումներ կը մեծցնեն յատկապէս մրցոյթներու մասնակցելու համար: Ամէնէն ծանր մեծ դդումի յատկացուած բազմաթիւ մրցումներ գոյութիւն ունին, սակայն այս մրցումներէն ամէնէն «սուփըր» մրցումը տեղի կ՛ունենայ Քալիֆորնիոյ Հաֆ Մոուն Պէյի շրջանին մէջ:

Այս տարեկան մրցումը տեղի կ՛ունենայ 52 տարիներէ ի վեր: Ան աւելի ժողովրդականութիւն շահեցաւ յատկապէս 2015-էն ետք, երբ իբրեւ վարձատրութիւն որոշուեցաւ տալ ամէնէն ծանր մեծ դդումին, հաշուելով 9 տոլար իւրաքանչիւր փաունտի (0.45 քիլօ), մինչեւ 30 հազար տոլար` իբրեւ առաւելագոյն վարձատրութիւն:

Այս տարի այս մրցումը տեղի ունեցաւ 13 հոկտեմբերին, իբրեւ յաղթական` նշանակուեցաւ 1064 քիլօ կշռող մեծ դդում մը: Սակայն ան չկրցաւ կտրել 2023-ի յաղթական 1246 քիլօ կշռուող եւ Մայքըլ Ճորտըն անուանուած մեծ դդումին մրցանիշը:

Ժամանց

Կէտերը իրարու միացուր 1-155`
յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
12 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:

 

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Յաջորդը

Պաթոն Ռուժի Հայութիւնը Նշեց Հաճնոյ Հերոսամարտի 105-Ամեակը

RelatedPosts

Այժմէական.  Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը
Մանկապատանեկան

Այժմէական. Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար
Մանկապատանեկան

Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար

Հոկտեմբեր 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?