Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քրիսթանինիօ` Իր Հօր Հետքերով

Հոկտեմբեր 24, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի անդրանիկ զաւակը` Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Ճունիոր կամ Քրիսթանինիօ կը շարունակէ իր հօր գծած ճամբան եւ արդէն իսկ Եւրոպայի տարածքին իր մասին կը խօսուի ամէնուրեք:

Պատանի յառաջապահը առաջին անգամ ըլլալով հրաւիրուեցաւ Փորթուգալի պատանիներու ազգային խումբ (16 տարեկանէն վար)` փայլելէ ետք 15 տարեկանէն վար «Վլաթքօ Մարքովիչ» միջազգային մրցաշարքին, ուր երկու կոլեր նշանակեց աւարտականին` Խրուաթիոյ դէմ իր խումբը առաջնորդելով տիտղոսին:

Այժմ ան կը խաղայ Նասրի ակադեմիոյ խումբին հետ, ուր նոյն ակումբէն կը փայլի նաեւ իր հայրը:

14 տարեկան Քրիսթիանօ Ճունիոր պիտի մասնակցի «Ֆետերէյշըն քափ» մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ շաբաթ Թուրքիոյ մէջ (Անթալիա)` մասնակցութեամբ Անգլիոյ, Կալեսի եւ Թուրքիոյ նման երկիրներու պատանիներու ազգային խումբերուն:

Հակառակ անոր որ ան առիթ ունէր խաղալու Միացեալ Նահանգներու (իր ծննդավայրը) ազգային խումբէն, Սպանիոյ, Անգլիոյ (իր բնակած վայրերը ըլլալով), մինչեւ իսկ Քափէ Վերտէի ազգային խումբէն (իր մեծ մօր արմատներուն երկիրը), Քրիսթիանօ Ճունիոր ընտրեց իր հօր հայրենիքը:

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ 2001-ին սկսած էր 15 տարեկանէն վար ազգային խումբէն եւ հետզհետէ շարքերը բարձրանալով հասած էր հիմնական ազգային խումբ` 18 տարեկանին: Այժմ` 22 տարի ետք, ան 225 ելոյթ կատարած է Փորթուգալի հետ (մրցանիշ)` նշանակելով 143 կոլ: Ինչպէս իր հայրը ըսած էր նախապէս, Քիսթանինիօ իր անձնական ճանապարհը կը սկսի, ճանապարհ մը, որուն ամբողջ աշխարհը մօտէն պիտի հետեւի:

Պատանի Քրիսթիանոն կեդրոնի յառաջապահ թէ ձախ ծայրի յառաջապահ դիրքերուն վրայ կրնայ խաղալ` ցոյց տալով բարձր մակարդակի հասունութիւն իր փոքր տարիքէն: Ան շատ բան սորված է Եուվենթուսի, Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ այժմ Նասրի հետ մարզուելով, ուր բոլոր մարզիչներն ալ նկատած են անոր բնական տաղանդը, սուր տեսողութիւնը եւ բերդին առջեւ համարձակութիւնը: 1,80 մեթր հասակ ունեցող պատանին ֆիզիքական շատ բարձր կարողութիւն ունի, հօր նման կարգապահ եւ օդէն եկած գնդակներու լաւ ձեւով պատրաստուած, իր հօր հետ մարզուելու պատճառով ալ հաւանաբար:

Իր ունեցած թեքնիքով հարուստ հմտութիւնը եւ աթլեթի ֆիզիքականը զինք կը դարձնէին Փորթուգալի խոստմնալից պատանիներէն, հակառակ անոր որ դժուար բան է իր հօր անունը կրելը, ինչ որ կրնայ յաւելեալ ճնշում բանեցնել իր վրայ:

Ֆութպոլի աշխարհը մօտէն կը դիտէ պատանի Ռոնալտոն, որ գիտէ, թէ ասոնք իր պատմութեան առաջին էջերն են տակաւին: Եւ մէկ բան յստակ կը թուի ըլլալ, թէ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ անունը պիտի մնայ Քրիսթանինոյի հետ, որ պատրաստ է իր անձնական պատմութիւնը գրելու:

 

 

Նախորդը

Լեզուափոխութիւնը Ուղեղի Ճկունութի՞ւն, Թէ՞ Մտահոգութիւն

Յաջորդը

Քլոփ Պիտի Վերադառնա՞յ Լիվըրփուլ

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.   ՀՄԸՄ Յաղթեց Անդրանիկի Դաշտին Վրայ` 62-71 Արդիւնքով
Մարզական

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Յաղթեց Անդրանիկի Դաշտին Վրայ` 62-71 Արդիւնքով

Հոկտեմբեր 24, 2025
Սթեֆան Սողոմոնեան Կը Փայլի
Մարզական

Սթեֆան Սողոմոնեան Կը Փայլի

Հոկտեմբեր 24, 2025
«Չեմփիընզ Լիկ». Ռէալ Մատրիտ, Լիվըրփուլ Եւ Պայերն Յաղթեցին. «Կեցցէ՛ Ազատ Արցախը», Կը Նշեն Պիլպաոյի Համակիրները
Մարզական

«Չեմփիընզ Լիկ». Ռէալ Մատրիտ, Լիվըրփուլ Եւ Պայերն Յաղթեցին. «Կեցցէ՛ Ազատ Արցախը», Կը Նշեն Պիլպաոյի Համակիրները

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?