8 հոկտեմբեր 2025-ին «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի Համայնքային զարգացման բաժանմունքը վերսկսաւ իր դասընթացներուն` կիներու հզօրացման վերաբերող իր ջանքերուն ծիրին մէջ: Այս ծրագիրին նպատակն է ուսուցանել եւ խթանել մասնակիցները` անձնական բարօրութեան, ընտանեկան կեանքի եւ աւելի լայն հասարակական հարցերու շուրջ:
Ծրագիրը ընթացք առաւ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Սահակ վրդ. Քէշիշեանին բացման խօսքով եւ աղօթքով: Ան բարձր գնահատեց «Ճինիշեան» հաստատութեան տարած կարեւոր աշխատանքը համայնքային կրթութեան բնագաւառի մէջ եւ ընդգծեց մեր հիմնական արժէքներուն հանդէպ հաւատարիմ մնալու կարեւորութիւնը: Ան անդրադարձաւ Աստուծոյ ներկայութեան կարեւորութեան մեր առօրեայ կեանքին մէջ եւ ընդգծեց ծնողներուն պարտականութիւնը` իրենց զաւակներուն փոխանցելու բարոյական արժէքներ` հրաւիրելով զանոնք դիմադրելու անաստուած վարքագիծներու ազդեցութեան:
Ապա «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի տնօրէն Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեան ողջունեց ներկաները եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց հայր Սահակին` ոգեշնչող պատգամին համար: Ան ընդգծեց, որ գիտակցական դասընթացքները կարեւոր դեր կը խաղան առողջ անհատներ եւ ամուր համայնքներ ստեղծելու համար: Ան մատնանշեց, որ մեր առօրեայ սովորութիւններն ու վարքագիծը կը սահմանեն, թէ ո՛վ ենք մենք եւ ինչպիսի՛ սերունդ կը պատրաստենք: Այս առումով, ան շեշտեց մեր մարմնական, մտային եւ հոգեւոր առողջութիւնը խնամելու անհրաժեշտութիւնը` մեր շրջապատին վրայ դրական ազդեցութիւն ունենալու համար:
Ապա Համբիկ Սաշոնեան, որ մասնագիտացած է մարտարուեստի, առողջ կենսակերպի եւ բնաբուժութեան ասպարէզներուն մէջ, ներկայացուց սննդակարգի կարեւոր դերը մեր կեանքի բոլոր շրջաններուն մէջ: Ան բացատրեց սննդային խումբերու նշանակութիւնը, ինչպէս ճիշդ եւ հաւասարակշռուած սննդակարգ պահպանել եւ առողջ սովորութիւններ ստեղծել, որոնք անհրաժեշտ են ընդհանուր բարեկեցութեան համար:


