Անցեալ տարուան «Էն.Պի.Էյ.»-ի ախոյեան Օքալահոմա Սիթի Թանտըր առաւօտեան ժամերուն 141-135 արդիւնքով պարտութեան մատնեց անցեալ տարուան փոխախոյեան Ինտիանա Փէյսըրզը:
Ինտիանափոլիսի մէջ տեղի ունեցած մրցումին հիւրընկալ խումբը նոյնիսկ առանց իր վիրաւոր աստղին` Թայրիս Հալիպըրթընի, Թի. Ճէյ. Մաքտոնըլի կրցաւ պայքարիլ ախոյեանին դէմ: Էնտրու Նեմպհարտ վիրաւորուեցաւ առաջին կիսախաղին, բայց եւ այնպէս Ինտիանա գրեթէ պահեստի մարզիկներով շատ լաւ ելոյթ ունեցաւ ախոյեանին դէմ:
Շէյ Կիլճիըս-Ալեքզանտր 55 կէտ նշանակեց (իր ասպարէզի առաւելագոյնը)` Օքլահոմային յաղթանակին մէջ մեծ դեր ունենալով:
Յաջորդաբար երկրորդ մրցումին, Օքլահոմա 2 անգամ երկարաձգման պէտք ունեցաւ յաղթելու: Աարոն Ուկինզ 23 կէտ եւ 9 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Այզիա Հարթընսթին 14 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ ախոյեանին:
Պենետիքթ Մաթուրին 36 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց` Փէյսըրզի հաշուոյն, բայց 6 ֆաուլերով դուրս եկաւ երկարաձգուած առաջին խաղին: Փասքալ Սիաքամ 32 կէտ եւ 15 ռիպաունտ աւելցուց Ինտիանայի հաշուոյն:
2023-ի ախոյեան Տենվըր Նակեթց 137-131 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզէն` վերջինին դաշտին վրայ, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ:
Մրցումը աւարտեցաւ հաւասար` 120-120 արդիւնքով, երկարաձգուեցաւ խաղը, ուր Սթեֆ Քըրրի եւ ընկերներ ձեռք ձգեցին իրենց յաջորդական 2-րդ յաղթանակը:
Քըրրի 42 կէտ նշանակեց, եւ շնորհիւ իր 3 կէտնոց կողովին Ուորիըրզ արդիւնքը հաւասարեցուցած էր, պարտադրելով երկարաձգում:
Արոն Կորտըն իր ասպարէզի առաւելագոյն կէտերը նշանակեց (50 կէտ) ի նպաստ Նակեթցի:
Երկարաձգման փուլին Ուորիըրզ 12-2 յաջորդական կէտեր նշանակեց` անակնկալի բերելով Նակեթցը, իսկ յաջող 3 կէտերը նշանակեցին Ալ Հորֆորտ եւ Ճիմի Պաթլըր:
Շատ հետաքրքրական էին մրցումի վերջին 25 երկվայրկեանները, որոնց ընթացքին Կորտըն 3 կէտնոց կողով նշանակեց: Անոր ուրախութիւնը երկար չտեւեց, որովհետեւ երկվայրկեաններ ետք Քըրրի շատ հեռուէն 3 կէտնոց կողով մը նշանակեց` հաւասարեցնելով արդիւնքը: Նիքոլա Եոքիչ դիւրին կողով մը կորսնցուց, որմէ ետք արդէն մրցումը աւարտեցաւ հաւասարութեամբ` 120-րդ կէտին վրայ:
Նակեթցի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ Ֆենիքս, իսկ Ուորիըրզ պիտի մեկնի Փորթլենտ մրցելու Թրէյլ Պլէյզըրզի դէմ:


