Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ո՛չ Թէ Պարտքով, Այլ` Սրտանց

Հոկտեմբեր 24, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Այս կեանքին ընթացքին կան պարտաւորութիւններ, զորս ստիպուած ենք անյապաղ կատարել` իբրեւ պատասխան ուրիշներուն` մեզի հանդէպ կատարած բարիքին: Այս «ստիպողութիւնը» ժխտական ո՛չ մէկ արտայայտութիւն ունի, այլ պէտք է կատարուի այնպիսի նուիրումով, որ օրինակելի դառնայ նաեւ ուրիշներուն: Մարդ էակը միշտ պատրաստ է, սակայն, չարին մտածածը եւ կատարածը օրինակելու ու օգտուելու համար այն հեշտ միջոցներէն, որոնք լայն շարժումներով կ՛արագացնեն շահամոլին նպատակը, այսինքն` ուրիշներէն անձնական օգուտ քաղելը:

Միակ անձերը, որոնց ո՛չ ինքնութիւնը եւ ո՛չ ալ ունեցուածքը կարելի է շահագործել, մեր ծնողներն են: Երբ անոնց աչքերը կը տկարանան ծերութեան ծանրութենէն, ձեռքերը կը դառնան տկար եւ փխրուն, իսկ քայլերը դանդաղ ու թոյլ, անոնք մէկ բան կը սպասեն իրենց զաւակներէն: Անոնց ակնկալածը ողորմութիւն չէ, այլ` սէր: Մանկութեան տարիներուն իրենց զաւակներուն ձայնով հրճուող ծնողը անպայման կը սպասէ մեծցած զաւակներուն հասուն ձայնը, սիրով օծուն եւ սովորական խնամքէն տարբեր ձեւով` հոգատարութեան զգացումով արտայայտուող:

Իրենց ծնողներուն նկատմամբ բացառիկ հոգատարութիւն ցուցաբերող զաւակներուն օրինակները երբեմն մութի մէջ կը մնան, կամ մշուշապատ միջավայրի մը մէջ ըլլալով` շատերու տեսողութենէն կը վրիպին: Սակայն քիչ չէ թիւը այն զաւակներուն, որոնք ամբողջ օրը կ՛անցընեն իրենց ծնողներուն կողքին` անոնց ձեռքէն բռնելով, ճաշ կերցնելով եւ դեղերը ժամը ժամին տրամադրելով… Նոյնը չէ՞ր, երբ ծնողները իրենց զաւակները մեծցնելու ընթացքին իրենց ամբողջ հոգին կը դնէին զանոնք կաթով կերակրելու պահուն` ի սէր անոնց առողջութեան եւ փայլուն ապագային… Անոնք կը մտածէի՞ն իրենց ծերութեան համար խնամատարներ պատրաստելու որեւէ ծրագիրի մը մասին. սակայն Արարիչը գիտէ, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ իւրաքանչիւր մարդու կեանքին աւարտը, եւ թէ` ի՛նչ արդիւնքի պիտի հասնին անոր պարգեւուած օրերը:

Հայկական մշակոյթին մէջ ընտանեկան դրութիւնը` յարգանքը ծնողներուն նկատմամբ, ունի շատ խոր արմատներ, որոնցմէ կարելի չէ խուսափիլ: Մեր իրականութեան մէջ դատապարտելի երեւոյթ է այն, երբ զաւակներ վերջնականապէս կը հեռանան իրենց ծնողներէն` եւ նոյնիսկ ծերանոցային խնամատարութեան յանձնելէ ետք զանոնք, պատահականութեան կը թողուն իրենց այցելութիւնը: Կան նաեւ զաւակի բարձր գիտակցութեամբ անձեր, որոնք իրենց խճողեալ առօրեայէն մասնաւոր ժամեր պոկելով` խնամատարի յանձնուած իրենց ծնողներուն այցելութիւն տալ չեն զլանար, այլ օրական դրութեամբ կը կատարեն այդ այցելութիւնները` անձնապէս կերակրելով իրենց ծնողները, որոնք անցեալին իրենք է, որ կը կերակրէին զիրենք:

Երախտագիտութեան նուազագոյն աստիճանն է այս, որ ամենայն սիրով ու հոգածութեան բարձրագոյն տրամադրութեամբ կը կատարեն գիտակից զաւակներ եւ թոռներ` միշտ վախնալով այն վերջին օրէն, երբ վերջնական հրաժեշտ պիտի տան զիրենք ծնած անձերուն… Բարոյապէս եւ մշակութային առումով, հայ իրականութեան մէջ զաւակները սիրոյ բարձր պարտաւորութեամբ պէտք է խնամեն իրենց ծնողները` անոնց յառաջացած տարիքին: Ապերախտ զաւակը պատժել անտեսելով, կամ անոր ետեւէն զայն բամբասելով, ոչ մէկ արդիւնքի կը հասցնէ գործը: Անոնց հետ պէտք է խօսիլ սրտանց` առանց բարկութեան: Մեղադրանքներ տեղացնել անոնց ետեւէն` առաւել եւս պիտի հեռացնէ զանոնք: Որեւէ զաւակ այս գործին համար ուշքի հրաւիրելը ազնուութիւն կը պահանջէ անոր մարդկային ինքնութեան եւ անձին նկատմամբ: Ուրեմն պէտք է խուսափիլ մեղադրելէ ծնողասիրութեան մէջ թերացած զաւակ մը: Իր ծնողքը մոռցած ըլլալուն մասին ուղղակի յանդիմանութիւն կարդալու փոխարէն` օրինակներով պէտք է խօսիլ անոնց հետ: Նոյն իրավիճակը ունեցող այլ անձի մը վրայ կարելի է տեղափոխել նիւթը մէջբերելով լքեալ ծնողքին հետեւեալ խօսքը. «Ես իսկապէս կը ցաւիմ, երբ զգամ, որ մարդիկ մոռցած են զիս»: Կեանքիդ ընթացքին եթէ բարիք գործած ես մէկուն` զայն դուրս բերելով դժուար կացութենէ մը, ան կրնա՞յ մոռնալ քեզ: Գիտակից մարդը չի՛ մոռնար: Ապերախտութեան շրջազգեստով պտտող մարդիկ, սակայն, բնաւ չեն ուզեր յիշել կատարած բարիքդ, ծնող ըլլաս, կամ բարեկամ:

Քեզի համար անքուն գիշերներ անցուցած եւ իր առողջութեան մեծ բաժինը մաշեցուցած ծնողքիդ ծերութիւնը կրնա՞ս անտեսել, որուն բերանը միշտ փակ պիտի մնայ անցեալի մասին գնահատական արտայայտութիւններ լսած պահուն:

Կեանքին կարճ ըլլալուն մասին մնայուն յիշեցումները կրնան օգնել մեզի, որպէսզի չմոռնանք մեր ծնողները, որովհետեւ մենք ալ շուտով նոյն իրավիճակին պիտի մատնուինք: Անտարբեր զաւակի մը ուղղուած լաւագոյն օրինակն է այս, որպէսզի անմիջապէս փոխէ իր կեցուածքը եւ հոգատարութիւն ցուցաբերէ իր ծնողքին նկատմամբ:

Կեանքի ընթացքին ամէն ինչ անցողական է, յատկապէս այն, ինչը նիւթեղէն է, մարմնեղէն է… ժամանակը ամէնէն արագավազ շարժումն է մեր կեանքին ընթացքին, երբ հազիւ զիրար տեսած` ծնողք եւ զաւակ, տարիներու թաւալքին յանձնուած, շուտով պիտի բաժնուին իրարմէ: Սիրտերու միջեւ կապն է, որ ոչ միայն պիտի երկարէ ժամանակը, այլեւ մնայուն` յաւիտենական պիտի դարձնէ զայն: Այս կապի արժէքին հանդէպ գիտակցութիւնը պէտք չէ՛ ուշանայ, այլապէս երկու կողմերն ալ պիտի տուժեն:

Լքուած ծնողներու լուռ նայուածքը մեծագոյն դասն է` զիրենք անտիրութեան մատնած զաւակներու աչքերուն ուղղուած: Անոնք պէտք չունին խօսելու: Իրենց աչքերուն արտայայտութիւնը յանդիմանութենէ աւելի` դաստիարակիչ խօսք է, որպէսզի իրենք եւս իրենց զաւակներուն կողմէ նոյն դրութեան չմատնուին: Անոնց տրուած լաւագոյն դաստիարակութիւնը իրենց մեծ ծնողներուն տրուած խնամքին օրինակը տեսնելն է, իրենց ծնողներուն նուիրեալ կեցուածքով: Օրերու արագ թաւալքը նոր դրութիւններու պիտի ենթարկէ երիտասարդները, որոնք իրենց ծնողներուն կարգավիճակը պիտի ընդունին:

Մարդկային եւ յատկապէս ընտանեկան յարաբերութեան առողջութիւնը կը սկսի ծնողներուն հանդէպ ցուցաբերուած յարգանքէն: Ահա՛ բանալին երջանկութեան, որուն հետեւորդները զաւակներդ պիտի ըլլան, իսկ բուն շահաւորը` դուն: Ընտանեկան արժէքներ համարուող նիւթերը դրամական կամ ոսկեղէնի հարստութիւնները չեն, ոչ ալ` կալուածային թուղթերը: Անոնք ժամանակի ընթացքին իրենց արժէքը կորսնցնող «գանձեր» են: Իսկական հարստութիւնը ծնողներուն նկատմամբ արտայայտուող սէրն է, որ աւելին է, քան` զաւակներուն կողմէ ցուցաբերուող պարզ եւ «պարտադիր» յարգանքը, որ սրբազան պարտք է:

Ընտանեկան շրջապատիդ մէջ արժէքներ կ՛ուզե՞ս պահպանել` սիրէ՛ ծնողքդ, զայն յարգելէ աւելի՛: Այս մօտեցումդ պիտի փոխէ աշխարհը… պիտի պակսին` ոճիրները, հարազատներու միջեւ անհասկացողութիւնները, թշնամանքը, ատելութիւնը, անարգանքը եւ մեղքերուն մեղքը` արծաթսիրութիւնը` դրամապաշտութիւնը:

Մարդկային փոխյարաբերական կեանքի յաջողութեան գլխաւոր բանալին սերունդներու դաստիարակութիւնն է, որ այսօր իր բախտին ձգած ենք ընդհանրապէս:

Երախտագիտութիւն եւ մանաւանդ սէր` գիտակից մարդոց արգասիքն են, որոնք այս կեանքը իրօք կրնան դրախտավայրի վերածել, որուն գլխաւոր միջոցը ծնողասիրութիւնն է: Եթէ այլ միջոց գտնէք, ներկայացուցէք…

 

 

 

 

 

Նախորդը

Նախագահական Ծիծաղելի Պահեր

Յաջորդը

Լեզուափոխութիւնը Ուղեղի Ճկունութի՞ւն, Թէ՞ Մտահոգութիւն

RelatedPosts

Վտանգուած, Բայց Ո՛չ Կորսուած Մեր Լեզուն, Մեր Մշակոյթը
Անդրադարձ

Լեզուափոխութիւնը Ուղեղի Ճկունութի՞ւն, Թէ՞ Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 24, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Նշմար. Ընդդէմ Մենատէրերու…

Հոկտեմբեր 24, 2025
Մեկենասներ` Ծանօթ, Անծանօթ
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Հանդիպում Մը

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?