Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Երկիրներու ղեկավարներ` նախագահ, վարչապետ եւ այլն, միշտ չէ, որ լուրջ կը մնան: Անոնք յաճախ կը կատակեն եւ կը զուարճանան, թէեւ երբեմն ծիծաղելի կ՛ըլլան: LISTVERSE կայքը այս առնչութեամբ վերջերս հրապարակած է յօդուած մը:
Ն.
Աշխարհի առաջնորդներուն վրայ մեծ ճնշում կայ միշտ ցուցադրելու արժանապատուութիւն, ուժ եւ հանդարտ, զուսպ, հաւասարակշռուած վարքագիծ: Բայց եւ այնպէս աշխարհը շատ ձանձրացուցիչ կը դառնար, եթէ բոլորը, ինչպէս` մեր համաշխարհային առաջնորդները, միշտ 100 առ հարիւր լուրջ ըլլային: Ժամանակ առ ժամանակ կարելի է տեսնել մեր առաջնորդներու աւելի մարդկային եւ զուարճալի կողմը եւ այն, թէ ինչպէ՞ս անոնք կը յաղթահարեն զուարճալի իրավիճակները, բան մը, որ կրնայ նոյնիսկ մեզի աւելի շատ սիրելի եւ յարգելի դարձնել զանոնք:
Այժմ տեսնենք մեր առաջնորդներէն ոմանք աւելի բնական, մարդկային եւ զուարճալի լոյսի տակ: Ամէնէն լաւը այն է, որ այս դրուագներէն շատերը պարզապէս ինքնաբերաբար զուարճալի էին. առաջնորդը միտումնաւոր չէր փորձեր մեզ ծիծաղեցնել: Այլ պարագաներու, առաջնորդը լաւ կը գիտակցէր, որ իր ըրածը զուարճալի է, եւ մենք նոյնիսկ ունինք «առաջնորդներ», որոնք ծիծաղելի բաներ կ՛ընեն հսկայական լսարանի հաճոյքի համար: Եկէք վայելենք քանի մը զուարճալի պահեր մեր հրաշալի եւ ծիծաղելի համաշխարհային առաջնորդներէն քանի մը հատին հետ:
Իսլանտայի նախագահը կ՛առաջարկէ արգիլել անանասը փիցցայի վրայ
Անանասով փիցցայի վաճառքի արգե՞լք
2017 թուականին Իսլանտայի նախագահ Գուտնի Եոհաննեսըն զուարճալի «վիճաբանութիւն» յառաջացուց` առաջարկելով արգիլել փիցցայի վրայ անանաս աւելցնելը: Դպրոցականներու հետ պատահական զրոյցի ժամանակ ան ներկայացուց իր խիստ կարծիքը, յայտնելով, որ կ՛ատէր անանասը փիցցայի վրայ: Կատակով ան նոյնիսկ նշեց, որ եթէ իշխանութիւն ունենար, ընդհանրապէս կ՛արգիլէր անանասը:
Համացանցը այդ չէր ընդուներ: Ընկերային ցանցերը պայթեցան եւ Գուտնին ստիպուած եղաւ պարզաբանել իր դիրքորոշումը: Ան բոլորին վստահեցուց, որ իրականութեան մէջ չ՛ուզեր արգիլել անանասը: Բարեբախտաբար, ան նաեւ խոստովանեցաւ, որ նախագահը պէտք չէ այդպիսի իշխանութիւն ունենայ:
Այս թեթեւ պահը համաշխարհային բանավէճ յառաջացուց փիցցայի նախասիրութիւններու վերաբերեալ, բայց նաեւ ցոյց տուաւ Գուտնիի հիւմըրի զգացումը: Այս իրադարձութիւնը յաւերժ կը յիշուի իբրեւ «Իսլանտական անանասի փիցցայի մեծ վէճը»:
Նոյնիսկ աշխարհի առաջնորդները կը սիրեն երեկոյթներ կայացնել
2022 թուականին Ֆինլանտայի վարչապետ Սաննա Մարին յայտնուեցաւ խայտառակութեան կեդրոնին, երբ բարեկամական երեկոյթի ժամանակ անոր պարային տեսանիւթը տարածուեցաւ հասարակական ցանցերու մէջ: Ոմանք կը քննադատէին զայն պաշտօնավարման ընթացքին երեկոյթներ կայացնելուն համար, բայց անոր կողմնակիցները, յատկապէս կիներ, զօրակցութիւն յայտնեցին անոր իւրայատուկ ձեւով, հրապարակելով իրենց սեփական պարային տեսանիւթերը #solidaritywithsanna հեշթեկով:
Մարին այդ քննադատութիւնը հանգիստ ընդունեց` ընդգծելով, որ իր ոչ մէկ աշխատանքը տուժած է անձնական կեանքին պատճառով: Ան նոյնիսկ թմրեցուցիչի ստուգում կատարել տուաւ` քննադատները լռեցնելու համար:
Զուարճալի շրջադարձը: Զօրակցութեան համար պարող կիներու ալիքը այս վէճը վերածեց համացանցային շարժման: Արձագանգը ապացուցեց, որ մարդիկ ոչ մէկ վատ բան կը տեսնեն հզօր առաջնորդներու երեկոյթներուն մէջ` պրկուածութիւնը թեթեւցնելու եւ եռանդը պայթեցնելու համար:
Գերմանիոյ նախկին առաջնորդ Անկելա Մերքել շատ զուարճալի կին էր
Անկելա Մերքել, որ յայտնի է իր զուսպ եւ լուրջ վարքագիծով, Գերմանիոյ վարչապետի պաշտօնին 16 տարիներու ընթացքին ունեցած է զուարճալի պահերու բաւական մեծ բաժին: Անոր ամէնէն յայտնի պահերէն մէկը Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ 2007 թուականին հանդիպումն էր, երբ նախագահին խոշոր շունը սենեակ մտաւ: Մերքել, հակառակ շուներէն իր վախին, մնաց հանդարտ եւ անյարմար իրավիճակը յաղթահարեց նրբութեամբ:
Անոր իշխանութեան ժամանակաշրջանի թեթեւ եւ զուարճալի պահերը, ինչպէս` Մերքելի ծիծաղը անյաջողութիւններու վրայ եւ կատակները, նպաստեցին անոր խիստ կերպարի մարդկայնացման: «ԵուԹիուպ»-ի վրայ անոր 16 տարուան Գերմանիոյ առաջնորդի պաշտօնին անցուցած զուարճալի պահերը ցուցադրող տեսանիւթը 2024 թուականի սեպտեմբերի դրութեամբ դիտած է աւելի քան կէս միլիոն անձ:
Պիլ Քլինթընի Եւ Ճորճ Պուշ Կրտսերի Անակնկալ Կատակերգական Պահը

Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահներ Պիլ Քլինթընը եւ ՃորՃ Պուշ կրտսերը 2014 թուականին միասին բեմ բարձրացան, եւ այդ աւելի կատակերգական ներկայացում մը դարձաւ, քան պաշտօնական ձեռնարկ: Երբ անոնք սկսան «Նախագահական առաջնորդութեան կրթաթոշակառուներ» ծրագիրը, Պուշ հանդիսատեսներուն ծիծաղը յառաջացուց սելֆիներու մասին անպարկեշտ կատակով` ըսելով. «Գոնէ անոնք դեռ կ՛ուզեն հետս նկարուիլ»: Թեթեւամտութիւնը շարունակուեցաւ, երբ ձեռնարկի կէսին բեմին վրայ հնչեց Քլինթընի հեռաձայնը: Քլինթըն կատակեց, որ իր թիւը միայն երկու մարդ գիտէ, ուրեմն ընտանիքի անդամները պէտք է ըլլային, թերեւս անսպասելիօրէն ըսելու համար, որ ան շուտով մեծ հայր կը դառնայ: Արագ ոտքի կանգնելով, Պուշ քանի մը զուարճալի խորհուրդներ տուաւ մեծ հայր դառնալու վերաբերեալ: Անոնց կատակներն ու մտերմութիւնը բոլորը անակնկալի բերին: Քաղաքական ասպարէզին վրայ բոլորովին հակառակ կողմերը գտնուող երկու տղամարդիկ, կարծես, անկեղծ կը սիրէին իրարու ընկերակցութիւնը, եւ պարզ էր, որ անոնք փոխադարձ յարգանք եւ հիացմունք կը տածէին իրարու նկատմամբ:
Օպաման Քանյէի Մասին. Ան Մեզի Պատմեց, Թէ Իրականութեան Մէջ Ի՛նչ Կը Մտածէ
«Սի. Էն. Էն» կայանը պատկերասփռած է տեսանիւթ մը, ուր Օպաման Քանյէն կ՛անուանէ «խենթ»
2009 թուականին նախագահ Պարաք Օպաման անսպասելի եւ ոչ պաշտօնական ձեւով անդրադարձաւ Քանյէ Ուեսթի կողմէ MTV Video Music Awards մրցանակաբաշխութեան ժամանակ տեղի ունեցած անպարկեշտ ընդհատման, երբ Քանյէն բեմ բարձրացաւ Թէյլըր Սվիֆթի մրցանակաբաշխութեան ատեն: Երբ Օպամային հարցուցին միջադէպին մասին, ան անմիջապէս Քանյէն անուանեց «յիմար» այն պահուն, երբ կ՛ենթադրուէր, որ այդ խօսակցութիւնը տեսախցիկներէ եւ ձայնագրութիւններէ հեռու է:
Ինչպէս եւ կը սպասուէր ընկերային ցանցերու դարաշրջանին, մեկնաբանութիւնը երկար ժամանակ գաղտնի չմնաց: Լրագրող մը «Թուիթըր»-ի մէջ գրեց այդ մասին, եւ նախագահ Օպամայի չխմբագրուած կարծիքը տարածուեցաւ, լրատուամիջոցներու մէջ լայնածաւալ աղմուկ մը սկսելով: Ամբողջ աշխարհը կարճ ժամանակով տեսաւ Օպամայի աւելի անփոյթ, անկեղծ կողմը, եւ մարդիկ սիրեցին այդ:
Ամբողջ դրուագը դարձաւ Օպամայի ամէնէն զուարճալի, անմիջական պահերէն մէկը եւ ցոյց տուաւ անոր սովորաբար զուսպ վարքագիծին աւելի մարդկային կողմը:
Այդ գիշերը, երբ Արժանթինի նախագահ Խաւիեր Միլէյը ցնցեց սրահը

22 մայիս 2024-ին Արժանթինի նախագահ Խաւիեր Միլէյը ցնցեց 8000 հոգիէ բաղկացած լսարանը ամէնէն համարձակ ձեւով: Սեւ կաշիէ հագուստով եւ իր բնորոշ վայրի մազերով, ան բռնեց խօսափողը եւ արժանթինական «Լա Ռենկա» խումբի հետ կատարեց «Փանիք Շոու»-ն: «Ես թագաւորն եմ: Ես առիւծն եմ» պոռալով, ան քաղաքական ձեռնարկը վերածեց համերգի մը:
Քննադատները նշեցին, որ ընտրուած պահը սխալ էր` նկատի առնելով Արժանթինի տնտեսական ծանր տագնապը, բայց անոր կողմնակիցները, այդ կարծիքով չէին հետաքրքրուած: Անոնք կը ծափահարէին իրենց ռոք աստղ նախագահը, ոգեւորուած անոր չափազանցուած ելոյթով: Այս իւրայատուկ ելոյթով Միլէյ ցոյց տուաւ, որ ինք սովորական, զուսպ, պաշտօնական տարազով, փողկապով քաղաքական գործիչ մը չէ:
Հարաւային Քորէայի նախագահը կը գրաւէ Սպիտակ տունը

Ապրիլ 2023-ին Հարաւային Քորէայի նախագահ Եուն Սուկ Եոլ ցնցեց Միացեալ Նահանգներու Սպիտակ տունը` Տոն Մաքլինի «Ամերիքըն փայ» երգի իր ինքնաբուխ կատարումով: Նախագահ Ճօ Պայտըն հրաւիրած էր Պրոտուէյի բազմաթիւ աստղեր եւ անոնց ելոյթէն ետք խնդրեց նախագահ Եունէն բարձրանալ բեմ: Բոլորը զարմացան, երբ Եուն առաւ խօսափողը եւ երգեց առաջին տողերը` հիացնելով ներկաները:
Ելոյթը ոչ միայն հիթ դարձաւ, այլեւ արժանացաւ հանդիսատեսի եւ բեմին վրայ գտնուող Պրոտուէյի երգիչներու ծափահարութիւններուն: Պայտըն այնքան տպաւորուած էր, որ Եունին նուիրեց Տոն Մաքլինի ստորագրութեամբ կիթառ:
Այս շատ իւրայատուկ երեկոն պատմութեան մէջ այն քիչ դէպքերէն մէկն էր, երբ այլ երկրի նախագահ մը գողցաւ շոն Սպիտակ տան մէջ ձեռնարկի ժամանակ:
Միացեալ Նահանգներու առաջին տիկին Նենսի Ռիկըն պրէյք տենս կը սորվի

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ռոնըլտ Ռիկընի կինը` առաջին տիկին Նենսի, յայտնի էր իր լուրջ կեցուածքով: Ան սկսաւ «Պարզապէս ո՛չ ըսէ» թմրանիւթերու դէմ պայքարի արշաւը ամբողջ երկրին մէջ: Սակայն 1985 թուականին ան զարմացուց բոլորը, բացայայտելով խաղային կողմ մը, որ քիչերը տեսած էին նախապէս : Սպիտակ տան մէջ կայացած հաւաքի մը ժամանակ ան սորվեցաւ պրէյք տենս եւ բարեբախտաբար աշխարհի համար, «Սի. Էն. Էն.»-ը նկարահանեց իրադարձութիւնը այնպէս, ինչպէս այդ տեղի կ՛ունենար:
Պահը կրնար քիչ մը անյարմար թուիլ, բայց աշխարհի քանի՞ նրբագեղ առաջին տիկիններ կ՛ունենային նոյնը ընելու համարձակութիւնը… հրապարակաւ: Տեսանիւթը ցոյց կու տայ, որ Ռիկըն լուրջ կը վերաբերէր պրէյքտենս սորվելուն, բայց ան կը պահպանէր զուարճանքի մշտական մօտեցում եւ թոյլ կու տար աշխարհին տեսնել իր աւելի հանդարտ կողմը:
Բարեբախտաբար «Սի. Էն. Էն.» որոշեց չպահել տեսագրութիւնը իրենց Աթլանթայի գլխաւոր գրասենեակի որեւէ դարակի մէջ: 24 մարտ 2016-ին տեսանիւթը տեղադրեցին «ԵուԹիուպ»-ի վրայ, որպէսզի աշխարհը կարենար ականատես ըլլալ այս պատմական իրադարձութեան:
Նախագահ Թրամփ Կը Հիացնէ «Ամերիկան Տաղանդ Ունի» Շոն

Մարդիկ կը սիրեն տեսնել համաշխարհային առաջնորդներ, որոնք կը վարուին աշխարհին ոչ այնքան բնորոշ ձեւով: Բայց եւ այնպէս, եթէ չէք կրնար իրական առաջնորդին ազատութիւն տալ եւ ցոյց տալ իր վայրի կողմը, ինչո՞ւ չհրաւիրել նմանակող մը այդ ընելու: 2017 թուականին Ճեֆ Տրակտան, որ յայտնի է նաեւ իբրեւ «Երգող Թրամփ», մեզի ցոյց տուաւ, թէ ինչպիսին կրնայ ըլլալ Թրամփի պարային շոն «Ամերիկան ունի տաղանդ» հաղորդման ժամանակ: Ստեղծագործ ԵուԹիւպերը «Թրամփ» ելոյթը համադրեց «Եղիսաբէթ թագուհի» պարային ելոյթին հետ եւ արդիւնքը լուրջ ծիծաղ էր:
Կարճատեւ տեսանիւթին մէջ «Ամերիկան ունի տաղանդ» հաղորդման հանդիսատեսը զարմանքէն շունչը բռնեց եւ իր տեղէն կանգնեցաւ` յարգանք ցոյց տալու համար, երբ «Անգլիոյ Եղիսաբէթ թագուհին» բեմ բարձրացաւ: Ստեղծագործական տեսանիւթի մոնթաժը, որ կը միացնէր երկու տարբեր ելոյթները, այդ դարձուց «Թրամփի» եւ «Թագուհիի» միջեւ պարային մրցոյթ, որ մեծ ուրախութիւն պատճառեց դիտողներուն: Սեպտեմբեր 2024-ի դրութեամբ տեսանիւթը դիտողներուն թիւը հասած էր 16 միլիոնի: Տեսահոլովակին կարեւորագոյն պահերէն են «Թագուհին», որ կը թափահարէ իր դրամը եւ «Թրամփ», որ կը կատարէ «Ափթաուն ֆանք» երգը` գեղեցիկ զարդարուած ամերիկեան դրօշներու առջեւ:


