Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հետաքրքրական Հանդիպում Մը

Հոկտեմբեր 24, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Այս ամառ Երեւանի մէջ հետաքրքրական հանդիպում մը ունեցայ անձնաւորութեան մը հետ, որուն մասին թէեւ լսած էի, սակայն անձնապէս առիթը չէի ունեցած հանդիպելու իրեն:

Կիրակոս Գույումճեան: Հիմա բոլոր ընթերցողները պիտի ըսեն, հա՜, պարոն Կիրակոսը, քուէյթաբնակ մեծ գործատէր, հայկական ու արաբական մամուլի մէջ յաճախ յօդուածներ ստորագրող, եւ որ ամենասրտամօտն է` իր հաստատած մրցանակը հալէպահայ վարժարաններու աւարտական դասարանի պետական պաքալորէայի քննութեանց երեք ամենաբարձր նիշերը հաւաքող հայորդիներուն նիւթական նուէրներով պարգեւատրելը:

Իր մասին դեռ շատ ուրիշ բաներ ալ կարելի է լսել, սակայն երկու անգամ, ժամերով իրեն հետ զրուցելը ուրիշ բան է:

Ինքնակերտ հայու իսկական տիպար մը, որ առանց բարձրագոյն ուսումի` ինքնաշխատութեամբ հասած է նախանձելի համբաւի մը` որպէս երկաթի մշակման վարպետ: Այդ պաղ ու արհամարհուած մետաղով գեղարուեստական գլուխգործոցներով, աննման դարպասներով, ներքնասրահի աստիճանավանդակներով ու շրջապատի ցանկապատներով զարդարած են Քուէյթի ու այլ վայրերու դղեակներն ու առանձնատուները:

Իր հեղինակած «Յուշագրական պատառիկներ» եւ արաբերէնով գրուած «Իմ երթը երկաթին հետ» գիրքերուն մէջ գրաւիչ լուսանկարներ կան, սակայն անոնց չափ եւ աւելի իր գրածները` յուշերը, խոհագրութիւնները լեցուն են իմաստալից տողերով, կը գրաւեն ընթերցողը, յատկապէս` խնամուած հայերէնով, արաբերէնով ու սահուն լեզուով:

Կիրակոս Գույումճեան կեանքի մէջ յաջողած մարդ է, ոչինչէն հսկայ համբաւ մը կերտած իր պայքարով ու իր նպատակասլաց երազները ազնուօրէն իրականացնելով: Կ՛արժէ այստեղ յիշել անոր մէկ փոքր պատմուածքը` «Բանկալը» խորագրուած: Փոքր եղած ատեն, Զատկուան նախօրեակին, բոլորին նման տարբեր եկեղեցիներ կ՛այցելէ, կը նկատէ, որ օտար եկեղեցիներու բանկալի սեղանին դրուած նուիրատուութեանց ափսէներուն մէջ մեծարժէք թղթադրամներ կան, իսկ մեր եկեղեցւոյ ափսէին մէջ` մանրուքներ: Այդ վայրկեանին կ՛որոշէ, որ երբ մեծնայ, այնքան մը յաջողի կեանքին մէջ, որ կարենայ սուրիական ամենամեծարժէք թղթադրամը` 500-նոցը դնել մեր բանկալի ափսէին մէջ:

Կիրակոս կ՛իրականացնէ իր խոստումը, եւ ոչ միայն եկեղեցւոյ բանկալին, այլ իր տարբեր նուիրատուութիւններով թէ՛ Սուրիոյ, թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի եւ թէ՛ Քուէյթի մէջ շարք մը ձեռնարկներու բարերարութիւնը կապուած կը մնայ իր անուան:

Իր արաբերէն գիրքը, որ սեղանիս վրայ դրուած է, ծաւալուն գործ մըն է` լրիւ երկաթ մետաղին նուիրուած: Այս անարժէք կարծուած մետաղը, որ արհամարհուած է ոսկիին, արծաթին ու պղինձին քով, շատ աւելի գնահատուած է մեր կեանքին մէջ` որպէս ճարտարարուեստի հիմնական նիւթ, առանց որուն` կարելի չէ պատկերացնել ներկայ աշխարհը` իր գիտական նուաճումներով, աշտարակներով, կամուրջներով, բազմազան սարքերով, մեքենաներով ու գործիքներով: Երկաթին սիրահարած մեր բարեկամը «Երկաթը համ ու հոտ ունի» կ՛ըսէ ու իր տեսակէտը կը հաստատէ մետաղին զանազան յատկութիւններուն մասին խօսելով:

Հազուադէպ է, որ նոյն անձին մէջ բոյն դրած ըլլան` արհեստաւորը, արուեստագէտը, մտաւորականը, բարերարը, ազնիւ ու բարեհամբոյր բնաւորութեան տէր մարդը, եւ վերջապէս` ազգին նուիրեալ, ազգի ապագայով մտահոգ հայրենասէրը, որ իր անձնական օրինակով կոչ կ՛ընէ հայերուն, հայրենիքի մէջ թէ դուրս, որ իրենց նիւթով եւ բարոյականով պաշտպան կանգնին մեր հայրենիքին ու Եկեղեցիին:

Կիրակոս Գույումճեան իր այս յատկութիւններուն համար քանիցս պարգեւատրուած է բարձրագոյն շքանշաններով, վկայագրերով ու մրցանակներով:

Մաղթելի է, որ մեր մէջ բազմանան նմանօրինակ մարդիկ, որոնք իրենց աշխատանքով ու մարդկային եւ ազգային նուիրուածութեան ճամբուն վրայ սատարեն մեր երկրին ու ժողովուրդին:

 

 

 

Նախորդը

«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ը Վերսկսաւ Իր Գիտակցական Դասընթացքներուն

Յաջորդը

Նշմար. Ընդդէմ Մենատէրերու…

RelatedPosts

Վտանգուած, Բայց Ո՛չ Կորսուած Մեր Լեզուն, Մեր Մշակոյթը
Անդրադարձ

Լեզուափոխութիւնը Ուղեղի Ճկունութի՞ւն, Թէ՞ Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 24, 2025
Ազատէ՛ Դուն Քեզ Բոլորին Խրատներէն
Անդրադարձ

Ո՛չ Թէ Պարտքով, Այլ` Սրտանց

Հոկտեմբեր 24, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Նշմար. Ընդդէմ Մենատէրերու…

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?