Երկուշաբթի, 20 հոկտեմբերին, Վատիկանի Պօղոս Զ.-ի անուան դահլիճին մէջ Լեւոն ԺԴ. քահանայապետը հանդիպում ունեցաւ եւ իր սրտի խօսքը ուղղեց կիրակի, 19 հոկտեմբերին, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ կայացած Իգնատիոս արք. Մալոյեանի եւ վեց երանելիներուն սրբադասման մասնակիցներուն, որոնց շարքին` աւելի քան 1500 հայ ուխտաւորներուն:
Քահանայապետը իր ուրախութիւնը յայտնեց սրբադասումի արարողութեան համար` շեշտելով, որ սրբադասումը մեզի կը յիշեցնէ, թէ ինչպէ՛ս եկեղեցւոյ հաղորդութիւնը կը միացնէ բոլոր հաւատացեալները, ժամանակի, լեզուի եւ մշակոյթի սահմաններէն անդին: Ան լուսարձակի տակ առաւ այն իրողութիւնը, որ նոր սուրբերը յոյսի փայլուն նշաններն են, որովհետեւ անոնք սրբացան իրենց կեանքը Քրիստոսի եւ իրենց եղբայրներուն եւ քոյրերուն սիրոյն զոհաբերելնուն համար:
Քահանայապետը ապա տարբեր լեզուներով անդրադարձաւ նոր եօթը սուրբերուն, որոնց մէջ Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեանի մասին անգլերէն լեզուով խօսելով ըսաւ.
«Մենք բոլորս կը կիսենք սիրելի հայ ժողովուրդին ուրախութիւնը` նահատակ Իգնատիոս արք. Մալոյեանի սրբադասման առիթով: Ան Քրիստոսի սիրտին համապատասխան հովիւ էր եւ ծանր դժուարութիւններու ժամանակներուն ան չլքեց իր հօտը, այլ խրախուսեց զայն ամրապնդելու իր հաւատքը: Երբ իրմէ խնդրեցին, որ հրաժարի իր հաւատքէն` ազատութեան դիմաց, ան չվարանեցաւ ընտրել իր Տէրը` նոյնիսկ իր սեփական արիւնը թափելու գնով: Ասիկա ինծի սիրով մտածել կու տայ հայ ժողովուրդին մասին, որ քարերու վրայ խաչը կը փորագրէ` իբրեւ իր անսասան եւ ժայռի նման կայուն հաւատքի նշան: Թող նոր սուրբի բարեխօսութիւնը նորոգէ հաւատացեալներուն եռանդը եւ հաշտութեան ու խաղաղութեան պտուղներ բերէ բոլորին համար»:
Ան ապա խօսեցաւ իւրաքանչիւր սուրբի մասին` անոր կեանքին եւ արժէքին անդրադառնալով: