Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան երէկ այցելեց Տըպպայէի ողիմպիական լողաւազանի կառոյց` ընկերակցութեամբ կառոյցի ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնակատար դոկտ. Նաժի Համմուտի եւ երիտասարդական բաժանմունքի նախագահի պաշտօնակատար Հասան Շարարայի:
Պայրագտարեան մարզադաշտի բոլոր բաժանմունքները այցելելէ եւ անոր կարիքներուն ծանօթանալէ ետք յայտնեց. «Ուզեցի ծանօթանալ այս կառոյցի, այսինքն` Տըպպայէի ողիմպիական լողաւազանի կառոյցի կացութեան, իմանալու համար այս լողաւազանը կենդանացնելու համար պահանջուող ջանքերը:
«Շարք մը դեսպաններու հետ խօսած էինք, եւ անոնց պիտի ներկայացնենք զեկուցում մը, եւ անոնց հետ վերստին կապ պիտի հաստատեմ, գիտնալու համար, թէ կարո՞ղ են կառոյցի վերակենդանացման համար աջակցութիւն տրամադրել»:
«Ճիշդ է, որ կառոյցը երկար ատենէ ի վեր անգործ մնացած է, սակայն մեր նպատակը զայն վերստին կեանքի կոչելն է, որովհետեւ անիկա լիբանանցի երիտասարդութեան յոյսի պատգամ է, թէ Լիբանանը կը վերադառնայ», աւելցուց Պայրագտարեան:
«Այս կառոյցին շուրջ մեծ խնդիր կայ, սակայն ես այստեղ չեմ ատոր մասին խօսելու համար, յատկապէս որ կան անցեալի հետ առնչուած բոլոր մակարդակներուն վրայ այլ մեծ խնդիրներ` կեղծ ֆետերասիոններէն մինչեւ որոշ մարզադաշտերու անտեսումը: Բայց եւ այնպէս, մեր նպատակը կը մնայ տրուած ժամկէտներուն մէջ աշխատիլ` այս կառոյցները կեանքի կոչելու համար, եւ խնդիրները լուծելու համար ժամանակ կայ: Այս հիմամբ մեծ յոյս կայ, որովհետեւ մենք դեսպաններուն պիտի վստահեցնենք, որ վճռական ենք նոր էջ բանալու եւ վերակենդանացնելու մարզական կառոյցները», նշեց նախարարը:
Իսկ ինչ կը վերաբերի «Քամիլ Շամուն» մարզադաշտի խնդիրին, ան հաստատեց. «Նախարարութիւնը շուտով պիտի աւարտէ վերանորոգումը: Մենք մարզադաշտը վերականգնած ենք, սակայն շտկուելիք շատ բաներ կան, որոնցմէ կարեւորագոյնը լուսաւորութիւնն է:
«Կայ Ֆրանսայի դեսպանատան նախաձեռնութիւնը, եւ ֆրանսացի փորձագէտը հասաւ Լիբանան, այցելութիւն կատարեց եւ «Քամիլ Շամուն» մարզական աւանի պատմական բնոյթին վերաբերեալ դրական զեկուցում ներկայացուց:
«Ես կ՛ուզէի, որ այս հարցը հասանելի ըլլայ լիբանանցի ժողովուրդին, որովհետեւ ատիկա անոնց իրաւունքն է: Երկու օր առաջ ան զեկուցում ներկայացուց «Քամիլ Շամուն» մարզական աւանի առաւելագոյն օգտագործման վերաբերեալ: Ասիկա այն է, ինչին մենք կը սպասէինք, որպէսզի համապատասխան քայլ առնենք անոր ապագային վերաբերեալ: Մենք պիտի ուսումնասիրենք այս զեկուցումը, որ հասանելի պիտի ըլլայ լիբանանցի ժողովուրդին, եւ ատկէ ետք պիտի փորձենք ձեռնարկել անհրաժեշտ գործողութիւններ»: