Նախանցեալ գիշեր Այնճարի մէջ գողութեան նպատակով անծանօթ(ներ) մը մուտք գործելով Պետրոս Տումանեանի բնակարանը, սպաննած է անոր քոյրը եւ ծանրօրէն վիրաւորած զայն ու խոյս տուած: Վիրաւոր հայրենակիցը անմիջապէս փոխադրուած է հիւանդանոց, բարեբախտաբար կեանքին վտանգ չի սպառնար:
Այս տխուր դէպքին առիթով Այնճարի քաղաքապետութիւնը, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն, գիւղի համայնքներն ու միութիւնները խստօրէն կը դատապարտեն եղածը եւ կոչ կ՛ուղղեն պետական ապահովական մարմիններուն անմիջապէս ձերբակալելու ոճրագործը(ները)` զայն(զանոնք) խստօրէն պատժելու համար: