Քրիսթիանօ Ռոնալտօ 41 տարեկան պիտի դառնայ յառաջիկայ փետրուարին, բայց փորթուգալցի աստղը տակաւին կոլ նշանակելու «ծարաւ» ունի եւ ակումբներու գծով իր 800-րդ կոլը նշանակեց` իր ետին ձգելով Լիոնէել Մեսսին:
Փորթուգալի ազգային խումբին հետ քանի մը օր առաջ կոլ նշանակելէ ետք, ուր 225-րդ անգամ ըլլալով կրեց ազգային խումբին շապիկը (մրցանիշ) եւ իր 143-րդ կոլը նշանակեց, ան վերադարձաւ Սէուտական Արաբիա եւ Նասրի հետ իր արհեստավարժ 1,061-րդ մրցումը կատարեց:
Նասր, որ կը մրցէր Ֆաթիհի դէմ, 5-1 արդիւնքով յաղթեց, ուր Ռոնալտոյի խմբակից Ժոաօ Ֆելիքս հեթթրիք իրագործեց, բայց Ռոնալտօ ինք էր, որ բոլորին ուշադրութիւնը գրաւած էր: Ռոնալտօ փենալթի մը կորսնցուց, բայց վայրկեաններ ետք ռմբային անզսպելի հարուածով նշանակեց ասպարէզի իր 949-րդ կոլը:
Ֆրանսացի Քինկզլի Քոման նշանակեց Նասրի միւս կոլը` նշելով, որ 15 ամբողջական կէտերով, Նասր ակումբը կը գրաւէ Սէուտական Արաբիոյ բարձրագոյն դասակարգի ֆութպոլի ախոյեանութեան պարագլուխի դիրքը` 2 կէտի առաւելութիւն ունենալով Քատիսիա խումբին վրայ: