Հայաստանի քարաթէի ֆետերասիոնի մամլոյ ծառայութիւնը յայտնեց, որ Սուրէն Յարութիւնեան ապահոված է իր մասնակցութիւնը աշխարհի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Գահիրէի մէջ, 27-էն 30 նոյեմբերին:
Փարիզի մէջ տեղի ունեցող զտումի մրցումներուն, մինչեւ 75 քկ կշիռի կարգին մէջ հանդէս եկող Յարութիւնեան յաղթանակներ արձանագրած է Զուիցերիոյ, Պուլկարիոյ եւ Հարաւային Քորէայի ներկայացուցիչներուն դէմ` հաստատ քայլերով հասնելով աւարտական հանգրուան:
Աւելի կանուխ, աշխարհի ախոյեանութեան ուղեգիր նուաճած էին Եուրա Զալեան (մինչեւ 60 քկ) եւ Գոռ Ներսիսեան (մինչեւ 84 քկ):
Փարիզի զտումի մրցումներուն մասնակցեցան նաեւ Լենա Կիւլիւմեան, Անիթա Մաքեան եւ Միքայէլ Մխիթարեան, բայց անոնք չյաջողեցան նուաճել աշխարհի ախոյեանութեան ուղեգիր:
Այսպիսով Հայաստանի հաւաքականը Գահիրէ կը մեկնի երեք մարզիկներով, որոնց իւրաքանչիւրը նպատակ ունի բարձր մակարդակ ցոյց տալ աշխարհի ախոյեանութեան: