Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Դատի Համակարգի Ներկայացուցիչները Մասնակցեցան Վարշաւայի Մէջ ԵԱՀԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհրդաժողովին

Հոկտեմբեր 22, 2025
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-17 Հոկտեմբերին, Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւայի մէջ տեղի ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհրդաժողով, որուն նպատակն էր քննարկել ԵԱՀԿ-ի շրջանին մէջ մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու ընդհանուր վիճակն ու մարդու իրաւունքներու ոլորտին մէջ պետութիւններու յանձնառութիւններու կատարման պատկերը:

Հաշուի առնելով աւելի քան տասնօրեայ խորհրդաժողովի ընթացքին գոյութիւնը օրակարգային այնպիսի հարցերու, որոնք ուղղակիօրէն կը վերաբերին Հայ դատի առաջնահերթութիւններուն եւ գործունէութեան ուղղութիւններուն` Հայ դատի համակարգը նոյնպէս մասնակցեցաւ խորհրդաժողովի աշխատանքներուն` ի դէմս Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի Արեւմտեան ափի գրասենեակի համայնքային կապերու պատասխանատու Կարէն Ճինպաշեանի եւ Եւրոպայի  Հայ դատի գրասենեակի հաղորդակցութեան պատասխանատու Արամ Գէորգեանի: Վերջինս իր արտասանած խօսքին մէջ ընդգծեց ԵԱՀԿ-ի տարածքին մէջ օրէնքի գերակայութեան եւ դատական իշխանութեան անկախութեան հիմնարար ժողովրդավարական արժէքներու հանդէպ յարգանքի վերահաստատման անհրաժեշտութիւնը, միաժամանակ ուշադրութիւն հրաւիրելով այն փաստին վրայ, թէ Ազրպէյճանը` ըլլալով ԵԱՀԿ-ի անդամ պետութիւն, կը խախտէ օրէնքի գերակայութեան եւ դատական անկախութեան սկզբունքները:

Նշուեցաւ, որ Ազրպէյճանի դատական համակարգը կը ծառայէ գործադիր իշխանութեան եւ կ՛օգտագործուի թէ՛ հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքային պատանդներու անօրինական կալանքները «օրինականացնելու», թէ՛ ալ երկրին մէջ ընդդիմախօսները, լրագրողները եւ իրաւապաշտպանները լռեցնելու համար:

Գէորգեան բարձրաձայնեց Պաքուի մէջ պահուող Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան եւ միւս հայ պատանդներու անօրինական դատավարութիւններուն մասին, որոնց մասնակցելու իրաւունք չի տրուիր նոյնիսկ անոնց փաստաբաններուն: Նաեւ նշուեցաւ, որ ըստ միջազգային զեկուցումներու, Ազրպէյճանի մէջ կրնայ պահուիլ մինչեւ 80 հայ պատանդ, իսկ ընդհանուր քաղաքական բանտարկեալներու թիւը կը հասնի շուրջ 400-ի:

Գէորգեան ընդգծեց, որ այս իրավիճակը կը վկայէ Ազրպէյճանի դատական համակարգի լիակատար կախեալութեան եւ մարդու իրաւունքներու համակարգային խախտումներուն մասին, իսկ հայ պատանդներու ճակատագիրը ԵԱՀԿ-ի համար արժանահաւատութեան փորձաքար է, որ կ՛ենթադրէ գործնական քայլերով Ազրպէյճանը ենթարկել պատասխանատուութեան:

Խորհրդաժողովի տարբեր լիագումար քննարկումներուն ընթացքին խօսքեր արտասանեց եւ հայկական շահերու պաշտպանութեան տեսանկիւնէն կարեւոր շեշտադրումներ կատարեց նաեւ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի Արեւմտեան ափի գրասենեակի համայնքային կապերու պատասխանատու Կարէն Ճինպաշեան: Վերջինս ներկայացուց Արցախի հայութեան նկատմամբ իրականացուած բռնի տեղահանութիւնն ու մարդու հիմնարար իրաւունքներու կոպիտ խախտումները` ընդգծելով ժողովրդավարական հաստատութիւններու, ազատութիւններու եւ օրէնքի գերակայութեան համակարգային քայքայումը Ազրպէյճանի կողմէ:

Խօսելով օրէնքի գերակայութեան մասին` ան ընդգծեց, որ արդարադատութիւնը չի կրնար զուգորդուիլ անպատժելիութեան եւ ընտրովի մօտեցման: Ազրպէյճանի իշխանութիւնները, ըլլալով Հելսինքեան եզրափակիչ հռչակագիրի եւ Ժընեւեան հռչակագիրի ստորագրող, բացայայտ կերպով կը խախտեն միջազգային օրէնքը` պահելով քաղաքային պատանդներ, խոշտանգելով կալանաւորները եւ քրէականացնելով ազգային ինքնութիւնը:

Անդրադառնալով 23 հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքական բանտարկեալներու իրավիճակին` Ճինպաշեան նշեց, որ անոնց կալանքը կը ծառայէ քաղաքական նպատակներու` վերացնելու Արցախի ժողովուրդի օրինական ներկայացուցիչները: Դատավարութիւնները տեղի կ՛ունենան փակ պայմաններու մէջ, առանց անկախ փաստաբաններու եւ միջազգային վերահսկողութեան, իսկ դատական համակարգը կը գործէ գործադիր իշխանութեան անմիջական վերահսկողութեան տակ, եւ որ ատիկա օրէնքի գերակայութիւն չէ, այլ ատոր բացայայտ չարաշահում: Ճշմարտութեան, արդարութեան եւ պատասխանատուութեան բացակայութեամբ խաղաղութիւն չի կրնար հաստատուիլ: Խաղաղութիւնը կրնայ ըլլալ միայն այն պարագային, երբ վերականգնուին մարդու իրաւունքները, ազատ խօսքը եւ արդար դատավարութեան սկզբունքները:

«Հայաստանէն խորհրդաժողովին մասնակցեցան «Միջազգային եւ համեմատական իրաւունքի կեդրոն»-ի ղեկավար Սիրանուշ Սահակեան, միջազգային իրաւապաշտպան Րաֆֆի Գալֆայեան, «Իրազեկ քաղաքացի», «Իրաւունքներու պաշտպանութիւն առանց սահմաններու» եւ «Յանուն հաւասար իրաւունքներու կրթական կեդրոն» հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները:

Խորհրդաժողովի ընթացքին նկատուեցան Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ կազմակերպուած կեղծ հասարակական կազմակերպութիւններու համակարգուած փորձեր` նսեմացնելու Արցախի մէջ կատարուած ցեղային զտման էութիւնն ու հայաթափման փաստը: Օգտուելով առիթէն` ազրպէյճանցի պատուիրակները խորհրդաժողովի ընթացքին փորձեցին վարկաբեկել նաեւ Հայ դատի յանձնախումբերն ու գրասենեակները, ինչպէս նաեւ այն աշխատանքը, որ կը տարուի վերջիններուս կողմէ:

Նախորդը

Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի. Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն

Յաջորդը

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

RelatedPosts

Մխիթարեան Միաբանութեան 325-Ամեակի  Նշումը Կը Մեկնարկէ Մէկամսեայ Կրօնական Եւ Մշակութային Ձեռնարկներով
Գաղութէ Գաղութ

Մխիթարեան Միաբանութեան 325-Ամեակի Նշումը Կը Մեկնարկէ Մէկամսեայ Կրօնական Եւ Մշակութային Ձեռնարկներով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Վեհափառ Հայրապետը Ժամանեց Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցի
Գաղութէ Գաղութ

Վեհափառ Հայրապետը Ժամանեց Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցի

Հոկտեմբեր 17, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժամանեց Մոնթրէալ
Գաղութէ Գաղութ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժամանեց Մոնթրէալ

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?