Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Նախ շնորհաւորանքի անկեղծ ու սրտանց խօսքերս կը հասցէագրեմ ՀՕՄ-ին, նաեւ բոլոր ՀՕՄ-ականներուն` իրենց ազգային մեծ միութեան ծննդեան 115-ամեակին առթիւ:

Ապա` քիչ մը պատմութիւն:

1890-1910 երկարող տարիներուն, հայ կիներու խումբեր «Կամիր Խաչ» անուան տակ, քաջաբար մասնակից դարձած էին հայ ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն` Վասպուրականի, Էրզրումի, Խարբերդի, Տիգրանակերտի եւ այլ շրջաններէն ներս. սնունդ, հագուստ եւ դեղորայք մատակարարելով բոլորին: Իսկ Պոլսոյ մէջ «Դպրոցասէր տիկնաց» եւ «Ազգանուէր հայուհեանց» անունով հայ կնոջական միութիւններ տեղւոյն հայ վարժարաններուն ամէն տեսակի կարիքներուն օգտակար կը դառնային:

Ապա` 1910-ին, Խաչատուր Մալումեան, կամ` Էդուարդ Ակնունի, հայ մեծ գործիչը, Ամերիկայի Նիւ Եորք քաղաքին մէջ հիմը կը դնէր «Հայ կարմիր խաչ»-ին, որուն անդամուհիները Համաշխարհային Ա. պատերազմի օրերուն, յանուն հայութեան, հանգանակութիւններ կը կազմակերպէին, հիւանդապահուհիներ կը մարզէին, հայկական վարժարաններու կ՛օգնէին:

Իսկ 1918-ին, Հայաստանի անկախութեան առաջին իսկ օրերուն, հայրենիքի մէջ կը կազմուէր «Պետական կարմիր խաչ»-ը, եւ որ կը կոչուէր «Հայաստանի կարմիր խաչ»:

Անկէ ետք եւ յաջորդաբար սփիւռքեան հայահոծ գաղութներէ ներս ծնունդ կ՛առնէին նորեր, իւրաքանչիւր գաղութէ ներս յատուկ անուններով: Այսպէս, «Հայ կարմիր խաչ», «Օգնութեան միութիւն», «Գթութեան խաչ», «Կապոյտ խաչ», որոնք տասնամեակներ ետք բոլորը ստացան մէկ անուն ու կոչուեցան ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ, կարճ` ՀՕՄ:

Պէտք է ըսել, որ շատ երկար է համահայկական եւ միջազգային տարածքով այս հսկայ միութեան պատմութիւնը: Այսքանը ամփոփն էր… աւելի ճիշդ` պարզ կենսագրութիւնը հայ կամաւոր կիներէ կազմուած այս միութեան, որ իր ծնունդէն ի վեր հայրենի եւ մանաւանդ  սփիւռքեան գաղութներէ ներս հասաւ հայ կարօտեալ ընտանիքներուն, աննահանջ հաւատքով ազգանուէր աշխատանքներ տարաւ, եղաւ ապաւէն` հայ որբերուն, այրիներուն, կարօտեալներուն, եւ չքաւորներուն: ՀՕՄ-ը բացաւ պատսպարաններ, առ ի քաջալերանք հայ աշակերտներուն` հաստատեց յատուկ կրթաթոշակներ, զօրավիգ կանգնեցաւ հայ ամէնօրեայ վարժարաններուն, շաբաթօրեայ վարժարաններ հիմնեց, կազդուրման կայաններ եւ դարմանատուներ հաստատեց, կարօտեալներուն համար` «Պնակ մը կերակուր»-ի դրութիւն ստեղծեց, ընկերային ծառայութեան յատուկ ծրագրումներով իր ժողովուրդին ներկայացաւ, դպրոց-մանկամսուր- մանկապարտէզներ հիմնեց եւ ամէն տեղ ու ամէն առիթով հայու ոգի ներշնչեց: Տակաւին… շարքը կ՛երկարի:

Ահա թէ ո՛վ է ՀՕՄ-ը, որ այս օրերուն աշխարհի տարածքին զանազան ներքին կամ հրապարակային նախաձեռնութիւններով կը նշէ իր ծննդեան 115-ամեակը:

Անկեղծօրէն ըսելով, ինծի համար խօսիլ ՀՕՄ-ի մասին` կը նշանակէ անպայման անդրադառնալ տասնամեակներու վրայ երկարող հայ կնոջ, հայ մայրերու եւ քոյրերու ի սէր մեր ժողովուրդին մատուցած արդար քրտինքին, աշխատանքին, նուիրումին եւ զոհաբերութեան:

Նաեւ աւելցնեմ, որ մենք` հայերս, մայրապաշտ ժողովուրդ ենք: Կը սիրենք մեր մայրերը: Կը յարգենք եւ երախտապարտօրէն կը գնահատենք իրենց խոնջէնքը: Անոր համար, երբ ամէն անգամ մեր մաղթանքի, աղօթքներու եւ երախտագիտութեան հեւքերով եւ հպարտութեամբ կը խօսինք ՀՕՄ-ի մասին, մեր բոլորին խօսքերն ու արտայայտութիւնները ինքնաբերաբար նաեւ հասցէագրած կ՛ըլլանք մեր մայրերուն ու քոյրերուն, որոնք համախմբուած այս հսկայ միութեան դրօշին տակ` անսակարկ եւ անտրտունջ կ՛աշխատին օգտակար դառնալու իրենց ծնունդ տուող ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն:

Իսկ այս օրերուն… ահաւասիկ կը յիշատակուի ՀՕՄ-ի ծննդեան 115-ամեակը:

Պէտք է ըսել, որ նշեալ թուականի յիշատակումէն աւելի էական կը նկատենք մեր ընկալումն ու գնահատանքին չափը, որովհետեւ այս ձեւով նաեւ նորոգած կ՛ըլլանք ՀՕՄ-ին նկատմամբ մեր ընծայումն ու պատգամը, մեր սէրն ու գուրգուրանքը:

Պէտք է ըսել, որ գիտակից եւ նուիրեալ հայ կիներու այս հսկայ համախմբումը ծնաւ ճիշդ ժամանակին եւ անոր համար դարձաւ օրհնեալ կազմակերպութիւն մը: Մտաւ բոլոր հայ տուներէ ներս, յոյս եւ հաւատք ներշնչեց մեծին եւ փոքրին, ծերունիին եւ անկարին, չքաւորին եւ օժանդակութեան կարօտ հիւանդին եւ այս ձեւով փաստեց, որ հայ կինը տէր կը կանգնի իր ազգային առաքելութեան, օրինակելի եւ ներշնչող, նոյնքան ալ հպարտալի գործ կատարող: Իր այս գործերով իր շունչը եւ իր քրտինքը բերաւ խառնելու մեր ժողովուրդի կեանքին ու մնաց միշտ հաւատարիմ «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» իր նշանաբանին: Տակաւին շարքը կ՛երկարի…

Օրին լծուելով իր սրբազան աշխատանքին` իր հայրենիքէն պարտադրաբար հեռացուած հայ ծերունիին ցրտահար սիրտը ջերմացուց, հազարաւոր հայ որբեր պատսպարեց, հայ այրիներու արցունքները սրբեց, հայ հիւանդին դեղ հասցուց եւ հասաւ բոլորին ու տուաւ իր սրտէն` առանց երբեք վիրաւորելու անոնց մարդկային ու յատկապէս հայու արժանապատուութիւնը: Ան ո՛չ միայն ծառայեց հայ ժողովուրդի գոյութեան նպաստող նպատակներու իրագործման, այլեւ իր արդար նպաստը բերաւ միջազգային ծրագիր-որոշումներու իրագործման:

Այս բոլորը, պատիւ իրեն, կատարեց կազմակերպուած շարքերով` վստահելով միայն իր ժողովուրդին եւ իր հազարաւոր ուխտեալ անդամուհիներուն վրայ, որոնք իրենց հաւատքով ու նուիրումով ամէն օր իրենցմէ բան մը զոհեցին միութեան նպատակներուն իրագործումին համար եւ աշխարհի տարածքին ՀՕՄ-ը պահեցին ամուր, աշխուժ ու երիտասարդ:

Անոր համար ՀՕՄ-ը դարձաւ օրհնեալ, յանձնառութիւն ունեցող, ծառայութիւն մատուցող ազգային յարգելի ներկայութիւն մը: Անկասկած մեր ժողովուրդը իր անուան կապուեցաւ սիրով, ակնածանքով եւ իր նիւթաբարոյական նուիրումով: Հակառակ կեանքի զանազան վերիվայրումներուն` գաղութներէ ներս պատմութիւն կերտած այս միութեան անհրաժեշտութիւնը կը մնայ եւ պիտի մնայ անժխտելի, եւ իր դերակատարութիւնը` վճռական:

Ազգային հասկացողութեամբ եւ նախանձելի առաքելութեամբ օժտուած այս միութիւնը միշտ արժանի պէտք է ըլլայ` մեր բոլորին յարգանքին, գուրգուրանքին, սիրոյն, նիւթաբարոյական աջակցութեան, որպէսզի իր երթը շարունակէ աւելի փայլուն եւ յարատեւ:

Լաւ յիշենք…  անցեալ դարուն Մեծն Բրիտանիան կը հպարտանար, որ «իր վրայ արեւը մար չի մտներ»: Ահա այս դարուն եւ հպարտօրէն ՀՕՄ-ն ալ կ՛ըսէ, թէ իր անուան վրայ ալ արեւելքէն մինչեւ արեւմուտք, հիւսիսէն մինչեւ հարաւ արեւը մար չի մտներ:

Այս առթիւ, ի սրտէ յարատեւութեան, յաջողութեան եւ բարգաւաճման բարի մաղթանքներուս կողքին, նաեւ կ՛աւելցնեմ` բարի ու փայլուն երթ:

Տարեդարձդ շնորհաւոր, սիրելի, հարազատ եւ գթասիրտ ՄԱՅՐ:

bedig43@aol.com

Նախորդը

Հայ Դատի Համակարգի Ներկայացուցիչները Մասնակցեցան Վարշաւայի Մէջ ԵԱՀԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհրդաժողովին

Յաջորդը

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?