Կիրակի, 19 հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պէյրութի Հայ աւետարանական առաջին եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական բացառիկ երեկոյ մը՝ կազմակերպութեամբ Հայ աւետարանական քոլեճին: Հանդիսավար Նազելի Նալպանտեան ներկայացնելէ ետք երաժիշտները նշեց, որ այս համերգով Հայ աւետարանական քոլեճը կ’ուզէ յայտարարել իր հաւատամքը, թէ արուեստը դաստիարակութեան անփոխարինելի միջոց է, եւ դպրոցը արտադասարանային բազմապիսի գործունէութիւններով կը քաջալերէ աշակերտներու ձիրքերը, ըլլայ այն աշակերտական լարային նուագախումբ պահելով, երաժշտական մրցանակով, ատենամարզանքներով, թէ դասաւանդութեամբ:
Կիթառի միջազգային օրուան առիթով եւ Լիբանանի պետական երաժշտանոցի նախագահ դոկտ. Հիպա Քաուասի հովանաւորութեամբ սոփրանօ Լիանա Միքայէլեան եւ կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեան եկեղեցին լեցուցած հանրութեան ներկայացուցին գերմանական, իտալական, սպանական եւ հայկական դասական երգարուեստի, ինչպէս նաեւ սպանական ժողովրդական երգի նմուշներ, որոնց շատերուն մշակումը կատարած է Մկրտիչ Միքայէլեան: Թէ՛ դոկտ. Հիպա Քաուաս, թէ՛ Հայ աւետարանական քոլեճի հոգաբարձութեան ատենապետ Ներսէս Պաղտոյեան իրենց սրտի խօսքերուն մէջ դրուատեցին Միքայէլեան ամոլին արհեստավարժ ներկայութիւնը լիբանանեան երգարուեստի դաշտին մէջ եւ քաջալերեցին անոնց նուիրումն ու սէրը: