Ուրբաթ, 10 հոկտեմբեր 2025-ին Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները, իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ, Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով, Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր Մաշտոց թ. ծ. վրդ. Զահթերեանի յատուկ տնօրինումով, այցելեցին Զմմառի վանք, ուր ընդունուեցան մայրավանքի ներքին մատակարար, թանգարանապետ եւ մատենադարանապետ Նարեկ վրդ. Լուիսեանին եւ Նշան սրկ. Հաննէշեանին կողմէ:
Նախ աշակերտները համախմբուեցան եկեղեցւոյ մէջ, ուր Նշան սրկ. հաղորդական ձեւով աշակերտներուն ներկայացուց Թարգմանչաց խորհուրդը` շեշտելով հայ գիրի ու գրականութեան, Հայոց պատմութեան եւ հաւատքի միասնութեան անգնահատելի արժէքը, ինչպէս նաեւ անոնց թելադրեց սիրել եւ պահպանել հայ գիրն ու լեզուն` իբրեւ ինքնութեան հիմք եւ հաւատքի անբաժան մէկ մաս:
Ապա հայր Նարեկ աշակերտներուն ներկայացուց վանքին պատմականը, Տիրամայր Զմմառու հրաշագործ պատկերին շուրջ եղած վկայութիւնները, ինչպէս նաեւ` վանքին ու վանականներուն առաքելութեան եւ հերոսական անցեալին մասին հետաքրքրական դրուագներ, յետոյ խօսեցաւ վանքին հոգեմտաւոր եւ մշակութային արժէքներուն մասին:
Աշակերտները շրջեցան վանքին թանգարանն ու գինիի մառանը` հիանալով հին վանական իրերով եւ գինեգործութեան դարաւոր աւանդութեամբ, որոնք մինչեւ օրս կը պահպանուին Զմմառի սրբազան պատերուն մէջ:
Մեծաւոր հօր յատուկ կարգադրութեամբ, ձեռագրատունէն դուրս բերուեցան Մխիթար Գոշի «Դատաստանագիրք»-ին ձեռագիր բնօրինակը, 1240 թուականին գրուած, մագաղաթեայ հոգեւոր ձեռագիր մատեաններ, որոնցմէ ոմանք Կիլիկիայէն հասած են Զմմառու ձեռագրատուն:
Հայր Նարեկ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Ձեռագիր մատեանները մեզի համար սրբութեան սրբոց կը համարուին, որովհետեւ այդ օրերուն մեր հայրերը մերօրեայ տպագրական եւ արհեստագիտական դիւրութիւնները չունէին: Անոնք խցիկներու մէջ, խիստ պայմաններու տակ տքնած եւ աշխատած են, որպէսզի ազգային եւ մշակութային մեր հոգեւոր արժէքները փոխանցեն մեզի: Այս մատեանները մեր գանձերն են. այս ձեռագիր մատեաններուն նման հազարաւոր գանձեր Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին այրեցան, կողոպտուեցան կամ ոչնչացան: Օտար ազգեր կ՛ենթադրեն, որ մենք միայն մեր մէկուկէս միլիոն նահատակները կ՛ողբանք, բայց չեն գիտեր, որ մենք միաժամանակ մեր գրական եւ մշակութային կորուստը կ՛ողբանք, մեր քանդուած կոթողները կ՛ողբանք: Յաճախ հոգեւոր հայրեր, ծպտուելով, գացած են աւերուած աւաններն ու գիւղերը` հոնկէ ազատագրելու ձեռագիրներ. անոնք երբեմն մեծ գումարներ վճարած են, որպէսզի գերութենէ ազատեն մեր մատեանները»: Հայր Նարեկ ցոյց տուաւ աշակերտներուն, թէ ձեռագրատան մէջ ինչպիսի՛ խնամքով կը պահուին ձեռագիրները եւ, ի հարկին, յատուկ մասնագէտներու կողմէ վերանորոգութեան կ՛ենթարկուին անոնք:
Թարգմանչաց տօնին առիթով մեր աշակերտներուն ընծայուած այս իւրայատուկ առիթը անկրկնելի փորձառութիւն մը, եղաւ եւ ոգեշնչեց զանոնք` սիրելու, գնահատելու եւ պահպանելու հայ գիրի, լեզուի, հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան արժէքը:
Այցելութիւնը աւարտեցաւ երախտագիտութեան խօսքերով եւ շնորհակալութեամբ` ուղղուած վանքի մեծաւորին եւ Զմմառու հայրերուն ջերմ ընդունելութեան եւ շահեկան գիտելիքներով մեր աշակերտները լիցքաւորելուն համար: