ԱՒԵՏԻՍ ՀԱՃԵԱՆ
Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադրութեան 325-ամեակին մեկնարկը տրուեցաւ մէկ ամսուան տեւողութեամբ կրօնական ճոխ տօնակատարութիւններով ու մշակութային նախաձեռնութիւններով` Վենետիկէն մինչեւ Փատովա, Ազոլօ եւ Թրիեսթ, որոնք միաժամանակ արտացոլք էին իր դարաւոր առաքելութեան` միացնել հոգեւոր եւ մշակութային աշխարհները:
Նախագահութեամբ Լեւոն արք. Զէքիեանին, 7 սեպտեմբերին Ս. Ղազարի մայրավանքին մէջ մատուցուեցաւ գոհաբանական սուրբ պատարագ, որուն երգեցողութիւնը առաջնորդեց Զոյա Թուխմանովա, իսկ կէսօրէ ետք հնչեց հայկական հոգեւոր երաժշտութեան համերգ մը` տուտուկահար Գագիկ Գասպարեանի կատարողութեամբ, երգեհոնահար Զոյա Թուխմանովայի ընկերակցութեամբ: Համերգը նուիրուած էր նաեւ Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 156-ամեակին:
Սրբուհւոյ Կուսին Մարիամու ծննդեան տօնին` 8 սեպտեմբերին, նշուեցաւ նաեւ եղբայր Ղեւոնդ Դանիէլեանի ուխտադրութիւնը: Նոյն օրը Փատովայի Ս. Ֆրանսչիսկոսի եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպուեցաւ հայկական երաժշտութեան համերգ մը, ուր հնչեցին Ներսէս Շնորհալիի, Գրիգոր Պահլաւունիի եւ Կոմիտասի գործերէն: Համերգին առաքելութիւնը, ինչպէս նշուած էր ծանուցագիրին մէջ, «Կառուցել է կամուրջներ ժողովուրդներու միջեւ` խաղաղութեան ի նպաստ երաժշտութեան լեզուով»:
Ապա Ազոլոյի Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Խաչվերացի տօնի նաւակատիքը 13 սեպտեմբերին` վերակենդանացնելով այն աւանդական ուխտը, որուն կը մասնակցին ոչ միայն Մխիթարեան հայրերն ու միաբանութեան սաները, այլ նաեւ` տեղացի իտալացի բարեկամներ:
Ամսուան վերջաւորութեան` 27 սեպտեմբերին, Վենետիկի Լիտօ կղզիին վրայ Սուրբ Նիկողայոս Սքանչելագործի անունով եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ մը` նուիրուած Նիկիոյ Տիեզերական ժողովի 1700-ամեակին եւ ի յիշատակ Ս. Նիկողայոս Միւռացի եւ Ս. Արիստակէս հայոց հայրապետի հանդիպման: Այս խորհրդանշական արարողութեամբ կը միախառնուէին Վենետիկի հոգեւոր, մշակութային եւ պատմական շերտերը` ընդգծելով հայ հոգեւոր ներկայութեան շարունակականութիւնը իտալական հողին վրայ:
Միաբանութեան գործունէութիւնը նաեւ ծաւալեցաւ Վենետ նահանգի սահմաններէն դուրս. արդարեւ, 4 հոկտեմբերին Թրիեսթի Ս. Անտոն Տաումատուրկօ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ հայկական աւանդական արարողակարգով` «Լ’antico rito armeno ritorna a Trieste» խորագիրի ներքոյ, որով կը վերականգնուէր հին աւանդութիւն մը քաղաքի մը մէջ, ուր միաբանութիւնը եւ ընդհանրապէս հայութիւնը յայտնի ներկայութիւն եղած են: Պատարագը մատուցեցին Ս. Ղազարի Մխիթարեան հայրերը, իսկ երգեցողութիւնը կատարեցին հայրերը եւ սոփրանօ Թամարա Միրզոյեանը:
Ամսուան մը տեւողութեամբ կրօնական առաքելութեան եւ մշակութային ձեռնարկներու հարուստ այս շարքը իր աւարտին հասաւ կիրակի, 5 հոկտեմբերին Սուրբ Ղազարի կղզիին վրայ կայացած փրոֆ. Պրունօ Պարպերիսի դասախօսութեամբ` նուիրուած Թուրինի Սուրբ Վարշամակը խորագրուած` «La Sindone: Specchio del Vangelo e provocazione all՛intelligenza» («Սուրբ Վարշամակ` Աւետարանի հայելի եւ միտքի խթան»): Հանդիպումը յաւարտ սուրբ պատարագին, կազմակերպուած էր միաբանութեան կողմէ` Թուրինի Արեւելեան եկեղեցիներու բարեկամներ ընկերակցութեան հետ համագործակցութեամբ, եւ անոր ընթացքին դասախօսը մասնագիտական բացատրութիւններով ներկայացուց Սուրբ Վարշամակին շուրջ առկայ աստուածաբանական, հնագիտական եւ գիտական հարցերը, որոնք մեծ մասամբ տակաւին կը մնան խորհրդաւոր, առանց որ գիտնականները կարողանան վերջնական հաստատումներ ընել անոր յստակ ծագման ու հնութեան մասին:
Ձեռնարկը պատշաճ խորհրդանիշ էր փակելու համար Մխիթարեաններուն բեղուն գործունէութեանց շաբաթները իր մէջ ամփոփելով միաբանութեան հաւատքի եւ գիտութեան զուգահեռ զարգացման եւ արեւելք ու արեւմուտք կամրջելու, ինչպէս նաեւ` անցեալը եւ ներկան: