«Ուրա՜խ լեր», հա՛յ ժողովուրդ: Կաղանդ պապուկը այս տարի քեզի պիտի այցելէ Ամանորէն ամիս մը առաջ, դեկտեմբերի առաջին օրը, եւ մե՜ծ նուէր մը պիտի բերէ քեզի. Մինսքի խումբը պաշտօնապէս լուծուած պիտի հռչակուի: Անկէ ետք, ՔՊ-ապետ Փաշինեան եւ իր «խաղաղասէր»-ները ամբողջովին գլուխ-գլխի պիտի մնան իրենց ազերի եւ թուրք արխատաշներուն (եղբայրներուն) հետ, որպէսզի միասնաբար չափեն ու ձեւեն, թէ նոր զիջումներու եւ նահանջներու քարտէսը ի՛նչ ձեւ պիտի ստանայ: «Ասէ՛ք, կ՛անենք»-ը նոր հորիզոններու առջեւ պիտի գտնուի:
Մի՛ հաւատաք այն չարխօսիկներուն, թէ այս բոլորը կը կատարուին ազերիներու (եւ թուրքերու) պահանջով: Մինսքի խումբին լուծարքը (եւ զիջումներու ամբողջ մանեակը) կը բխի Հայաստանի շահերէն: Իսկ եթէ յիշող կայ, թէ այդ խումբին առաքելութիւնը Արցախի հարցին կարգաւորումն էր, անոնք սխալ ճամբու մէջ են, քանզի ՔՊ-ապետը օր մըն ալ Սուրբ Հոգիին այցելութիւնը վայելեց (դուք ալ կը կարծէիք, թէ Ալիեւի պահա՞նջը կը կատարէր) եւ յայտարարեց, որ Արցախը «էն գլխէն» (հոգիիդ լո՜յս իջնէ, Սայա՛թ Նովա) Ազրպէյճանին պատկանած է, այլեւս մենք անոր հետ կապ չունինք: Ո՛չ հող, ո՛չ բանտարկեալ-գերի, ո՛չ բռնագաղթ ու նորագո՛յն ցեղասպանութիւն, ո՛չ յուշակոթողներու փճացում ու եկեղեցիներու մզկիթացումը կապ ունին մեզի հետ: Եւ ինչպէս որ Տանըլտ Թրամփ քանի մը օր առաջ կ՛աւետէր, թէ Միջին Արեւելքի երկնակամարին նոր արեւ կը ծագի, նման արեւ մըն ալ պիտի ծագի Հայաստան-Ազրպէյճան (եւ Թուրքիա) յարաբերութիւններուն վերեւ: Պատերազմները պիտի դադրին, Ազրպէյճան պիտի պահանջէ, ՔՊ-ականները պիտի տան (պէտք ունի՞նք յիշեցնելու անհատնում ցանկը)` առանց դիմադրութեան, խաղաղութեան անունով պիտի շարունակեն մեր ժողովուրդը խաբել, թէ ազերիները նախապայմաններ չունին (Արարատ Միրզոյեանի կողմէ նախապայմանի ակնարկութիւնը արդեօք պաշտօնազրկման պիտի հասնի՞), ու մեր ժողովուրդէն խաւ մըն ալ, Հայաստանէն մինչեւ սփիւռք, պիտի շարունակէ ծափահարել «ազգընտիր»-ը: Չարխօսիկ են բոլոր անոնք, որոնք կ՛ըսեն, թէ Արցախի մէջ հիմա խաղաղութիւն կը տիրէ… բռնագրաւման եւ հայաթափման շնորհիւ, թէ` նման խաղաղութեան աղաւնիի մը թեւերը վաղը կրնան սաւառնիլ Հայաստանի վերեւ` սկսելով Սիւնիքէն: Հոն ալ մի՛ հաւատաք ձեր աչքերով տեսածին («Զանգեզուրի միջանցք»-ի ազերիական տեսակէտին իրականացման), այլ վստահեցէ՛ք ՔՊ-ականներուն, թէ ատանկ բան գրուած չէ գրաւոր փաստաթուղթերու մէջ: Իսկ եթէ չէք մոռցած, որ ազերիական կողմը հովին տուած է բազմաթիւ ստորագրուած համաձայնագիրները, արդէն ձեր մեղքերը բազմապատկած կ՛ըլլաք…
* * *
Մինսքի խումբին լուծարքի թուականին հրապարակումը բողոքի եւ դժգոհութեան սպասուած ալիքը բարձրացուց հայկական երկինքներու տակ, սակայն ՔՊ-ականները իրենց աճպարարի գլխարկէն նոր նապաստակ մը նետեցին հրապարակ եւ ձեւով մը լուսանցք քշեցին այդ ալիքը:
Ի՞նչ կը կոչուի այդ նապաստակը: Անիկա կը կոչուի Եկեղեցւոյ (եւ առհասարակ ընդդիմադիրներու) դէմ հալածանքի նորագոյն արշաւ: Թեմակալ առաջնորդներու, ճանչցուած բարերարի մը, քաղաքապետներու եւ այլ ընդդիմադիրներու դէմ արշաւի օղակներէն ետք, Չորեքշաբթի, 15 հոկտեմբերի լուսաբացը «խաղաղութեան արեւը» ուրիշ ձեւով փայլեցուց Հայաստանի երկինքին մէջ յիշեցնելով այն արեւները, որոնք համայնավարներու օրով կը փայլէին «կարմիր հայրենիք»-ին վերեւ: Նոր թիրախը Արագածոտնի թեմական շրջանն էր. աաջնորդը` Մկրտիչ սրբազան, 11 քահանաներ եւ քաղաքային ծառայողներ (յայտնապէս հնարովի մեղադրանքներով) հարցաքննութեան տարուած են, քննութիւն բացուած է տարբեր կասկածներով, որոնք (յայտնապէս) կը հիմնուին իշխանութեան գործակալները դարձած աշխարհիկ ու կրօնաւոր «հերոսներու» ցուցմունքներուն վրայ:
Էջմիածինի հակազդեցութիւնը նման էր նախընթաց հալածանքներուն եւ բանտարկութիւններուն առիթով հնչած դատապարտանքին, գտաւ բազմաթիւ ձայնակցողներ: Մեկնաբաններու ուշադրութենէն չվիրպեցաւ, որ այս քայլերը կ՛առնուին Ազրպէյճանի կրօնապետ Փաշազատէի սպառնական մեղադրանքներէն երկու օր ետք: Հոս ալ ՔՊ-ականները կը փորձեն ժողովուրդը համոզել, որ ազերիական կողմը կապ չունի եղածին հետ, այսինքն ազերիական արիւնոտ ու դաւադիր ձեռքերը լուալու մրցավազքը կը շարունակուի, հոգ չէ թէ այս ու նման արարքներ կը լեռնացնեն այն փաստերը, որ այս արարածները լիովին լծուած են ազերիական սայլին, այն ակնկալութեամբ, որ սայլապանը զիրենք պիտի առաջնորդէ… յառաջիկայ ընտրութիւններէն յաղթական դուրս գալու:
Արագածոտնի եկեղեցիները զգալիօրէն անդամալուծութեան մատնող չորեքշաբթիի «հերոսապատում»-ին դէմ տեղացիք եղան բողոքի ու ընդվզումի առաջին ալիքը բարձրացնողները: Իրենց շրջանը այցելող լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով` շատեր նկատեցին, որ ՔՊ-ականներն ու անոնց անուղեղ գործակատարը դարձած ոստիկանական ուժերն ու ապահովութեան սպասարկուները ազերիներու ձեռքերը դարձած են ընդդէմ մեր Եկեղեցւոյ եւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդին, մեր իրաւունքները պաշտպանող ընդդիմադիրներուն: Վաղը արդեօք այս հալածանքներուն իբրեւ բացատրութիւն` հրապարակ պիտի նետե՞ն այն չքմեղանքը, թէ «խաղաղութեան արեւ» խոստացող Թրամփն ալ իր բանակները գործի լծած է ընդդիմադիր նկատուող քաղաքներու դէմ, նաեւ «փակած» է կառավարութիւնը ու նետուած է սանձարձակ շահատակութիւններու կրկէսին մէջ…
Շատ բան խտացած էր եկեղեցիի մը բակին մէջ հարցապնդուող տարեց կնոջ մը արդար բացագանչութեան մէջ. «Մեր ժողովուրդը ո՞ւր է…»:
15 հոկտեմբեր 2025