Կատարողական արուեստներու 23-րդ «Hi-Fest» (կարդալ` Հայ-ֆեստ կամ High Fest) փառատօնը կայացաւ հոկտեմբերի 1-8` Երեւանի զանազան սրահներու մէջ, ինչպէս նաեւ` բացօթեայ: Կազմակերպող մարմինն է Հայաստանի Թատերական գործիչներու միութիւնը: Մասնակցած էին շուրջ 20 խումբեր: Ֆինանսաւորումը կատարած է Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը, ինչպէս նաեւ` դեսպանատուներ, որոնց առաջին շարքին` Միացեալ Նահանգներ, Բրիտանիա եւ Ֆրանսա (1): Ինչպէս վերնագիրը կը թելադրէ, փառատօնը, խօսուն թատրոնի կողքին, կը ներառէ` մնջախաղը, մանկական տիկնիկայինն ու ստուերայինը, բազմամիջոցը (multimedia) եւ մեծ տարողութեան շողշողուն երեք տարածաչափային պարերը: Ելոյթներու միջին տեւողութիւնը 45 վայրկեան էր: Առանց ելոյթները դիտած ըլլալու` կարելի չէ որեւէ գնահատական տալ կատարումներուն գեղարուեստական բնոյթին: Պիտի անդրադառնամ այն ելոյթներուն, որոնց բովանդակութիւնը քաղաքական նշանակութիւն ունի:
Ա.- «42-24 Դա կատարւում է».- Հիմնուած` Արթըր Միլլըրի «Պատահար Վիշիի մէջ» թատրերգութեան վրայ, որ կը նկարագրէ 1942-ին նացի իշխանութեան տակ գտնուող Վիշիի մէջ տեղի ունեցած հարցաքննութիւն մը: Վերնագիրը կարելի է հասկնալ առնուազն երկու ձեւով:
Նախ` այն, որ ինչպէս վերի որմազդը ցոյց կու տայ, երկու թիւերը կարելէ է դասաւորել այնպէս, որ յիշել տան նացի Սվասթիքան (Նացիական կեռ խաղը): Երկրորդ` այն, որ 42-24 «Հայելային պատկեր» (mirror image) մըն է: Ինչպէս ծանօթ է, հայելիի մէջ կը տեսնենք մեր աջ-ձախ շրջուած պատկերը: Միլլըրի թատերակին մէջ հարցաքննիչ հազարապետը շրջուած պատկերն է ձերբակալուած հրեաներուն: Բեմին վրայ են 40 դերակատարներ, որոնցմէ միայն 13-ը ունին գործօն դերեր: Բեմադրիչ Գոռ Մարգարեան կ՛ըսէ, որ գործը ընտրած է, որպէսզի ցոյց տայ, թէ այն, ինչ կատարուած էր 1942-ին, կը կրկնուէր 2024-ին: Այդ վերնագիրի 3-րդ մեկնաբանութիւնն է: 1942-ը ակնարկ է հրեաներու զանգուածային սպանութեան: Միլլըր, որ հրեայ մըն էր, հրէական ինքնութեան բներգը ներառած է առնուազն հինգ այլ թատրերգութիւններու մէջ: Ներկայ գործը, զոր կարելի է դասել Ողջակիզումի քարոզչութեան ծիրէն ներս, իր յաջող գործերէն մէկը չէ: Շարք մը քննադատներ համարած են ուրուագծային բարոյախօսութիւն (schematic morality play): Իսկ թէ ի՞նչ իմաստ ունի նման հոյածաւալ գործ ներառել փառատօնի ծրագիրէն ներս, երբ արդէն երկրորդ տարին է, որ Իսրայէլ վայրագ ցեղասպանութիւն կը գործէ առօրեայ կերպով, կը ձգեմ ընթերցողի հայեցողութեան: Բեմադրիչը ստացաւ իրեն ուղղած նամակս, բայց չուզեց պատասխանել իմ հարցումներուս:
Բ.- «Անտանելի».- «Միջբնագաւառային» (inter-disciplinary) ներկայացում, 40վ, Միհր թատրոն, գեղարուեստական ղեկավար` Ցոլակ Մլքէ Գալստեան:
«Դիպաշարը» յօրինուած է «Հոսք Études Lab»-ի մէջ` որպէս հիմք ունենալով չորս մասնակիցներու պատումները եւ կազմուած է չորս բներգներէ` աքսոր, ճնշում, կանացի մարմին եւ դիմադրութիւն: Իրենց խօսքով, «Դրանք միաձուլւում են մէկ բառի շուրջ, եւ այդ բառն է` «անտանելի»: Նկատելի է խումբի «ֆեմինիստ» ասքը: Ներկայացումը իրականացած է աջակցութեամբ «Հոսք» հիմնադրամին, որ մաս կը կազմէ «Maison Marom» միջազգային հաստատութեան, որուն առաջադրանքն է «բիզնես»-ը վերանայիլ մշակոյթի ընդմէջէն (rethinking business through culture): Կը յուսամ, որ, եթէ ոչ ես, թերեւս ընթերցո՛ղը կը հասկնայ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ այդ:
Գ.- «Ժպտելու ժամանակն է».- Ողբերգա-կատակերգական, 110 վ, Chronotope թատերական ընկերութիւն: Բեմադրիչ` Իլիա Մոշչիցկի:
Ներկայացումը կը պատմէ մարդոց մասին, որոնք կը պատերազմին, կ՛երգեն եւ անվերջ «կը շրջին անընդհատ շրջապտոյտով»` յուսալով, որ (Քրիստոսի՞) երկրորդ գալուստը թերեւս կրնայ փոխել այդ ամէնը: Ակնյայտօրէն սեւ հիւմըր` թելադրուած Հայաստանի անմխիթար կացութենէն: Խումբը անցեալ տարի մասնակցած էր «Ես դեռ այստեղ եմ» ելոյթով, որուն անդրադարձած եմ ի միջ այլոց նշելով Chronotope օտար եզրի ծագումը (2):
Դ.- «Ես անուն չունեմ».- Մենաթատրոն, 50վ, հեղինակ` Անուշ Ասլիբէկեան` ըստ ամերիկահայ բանաստեղծուհի ՍոնաՎանի (Սոնա Տէր Յովհաննիսեան, 1952-) ստեղծագործութիւններուն: Բեմարիչ` Լուսինէ Երնջակեան, երաժիշտ` Վահան Արծրունի:
Ներկայացումը այն մասին է, թէ, կը մէջբերեմ, «…Ի՞նչ անել, երբ բոլոր նրանք, ում սիրել ես, հեռանում են ու չեն վերադառնում (ակնարկը ի հարկէ պատերազմներու ընթացքին զոհուածներուն է: Հ.Պ.): Ինչպէ՞ս ապրել, երբ քո աղօթքները մնում են անպատասխան… Հնարաւո՞ր է միայնակ դիմակայել բռնութեան յաւերժական շրջապտոյտին»: Այո՛, հայրենի իրավիճակը բնորոշող «շրջապտոյտ» եզրը գործածուած է նաեւ այստեղ: Բանաստեղծուհին եւ բեմագիրը բարերկրական (utopist) լուծումներ կ՛առաջադրեն, որովհետեւ` «հնարաւոր չէ յոյսը միայն տղամարդկանց (իրապաշտութեա՞ն ) վրայ դնել: Կանայք եւս պետք է պայքարեն խաղաղութեան համար…»: Առանց ելոյթը դիտած ըլլալու` կարելի չէ գիտնալ, թէ` յանուն ինչպիսի՞ խաղաղութեան:
Ե.- Անտիկոնէ.- Հիմնուած` Սոֆոկլեսի «Antigone» ողբերգութեան վրայ: «Օյնար» պարային թատերախումբ, 35 վ:
Առ որ անկ է, դասական գործի բներգը բարոյական եւ պետական օրէնքներու բախումն է: Քրէոն արքայ արգիլած է թաղել Պոլինեսի դիակը: Անտիկոնէ` սպաննուած ըմբոստին քոյրը, կ՛անտեսէ արքայի հրամանը, որովհետեւ այդ խախտում է երկնային եւ բարոյական օրէնքներուն: Բեմադրիչ Մեհտի Սալեհեար, որ շրջանաւարտ է Թաւրիզի Իսլամական համալսարանի, դասական գործը կը ներկայացնէ Աշուրայի առիթով տեսնուող «Թաազիէ» (ցաւակցութիւն) ձեւաչափով: Այսինքն հանդիսատեսը, որ յունական քորուսի նման մասնակից է ելոյթին, կը նստի շրջանակաձեւ: Կեդրոնին նուազագոյն բեմայարդարումով եւ խորհրդանշական գոյներով կը կատարուի ողբ-ներկայացումը (3): Շա՛տ բարի: Հարցը այն է, թէ ինչպէս անունը (օյնար թրքերէնով կը նշանակէ խաղացող) կը թելադրէ, թաւրիզեան խումբը ազերիական է: Թաւրիզ ունի ստուար էթնիք ազերի բնակչութիւն, անոնք Թաւրիզը համարեն «Արեւելեան Ազերպեյճան»-ի մշակութային ոստան: Իսկ թէ քաղաքական ի՛նչ նշանակութիւն ունի ազերի մշակոյթի ներկայացուցիչ խումբի մը ներառումը ծրագիրէն ներս, կը ձգեմ ընթերցողի մեկնաբանութեան:
Զ.- «Քոհրոման».- Իրանական «Փեթրուս» թատերախումբ, 25վ:
Թատերախումբը, ինչպէս «Օյնար», կու գայ Իրանի հիւսիսէն, Կասպից ծովու ափին լեռնային մեկուսացուած Մեզանտարան շրջանէն, ուր կ՛ապրի Թապարի էթնիկ փոքրամասնութիւնը, որ ունի իր բարբառը: Ելոյթը հիմնուած է ազգագրական իւրայատուկ հիւմըրային մշակոյթի վրայ: Քոհրոման, որ կը նշանակէ հերոս կամ կտրիճ, խրտուիլակ մըն է, որ… կը պաշտպանէ գիւղը: Բարի՛, յաջողութիւն խումբին: Կը թուի, այսուհանդերձ, թէ ելոյթը ներառուած է որպէս չքմեղանք, թէ` մենք կը ներկայացնենք այլազան ազգագրական մշակոյթներ:
Է.- «Ուրուականների սոնաթը».- Մնջախաղ, 50վ: Ըստ Օ. Սթրինտպերկի համանուն թատրերգութեան: Բեմադրիչ` Ինա Հախնազարեան:
Հեղինակը (Johan August Strindberg, 1849-1912) ապրած է մեծ վերիվայրումներու դարաշրջանի մը մէջ: Նախ եղած է գործօն ընկերվարական հրապարակագիր: Ապա ունեցած է մտային շատ ծանր տագնապներ, բազմիցս մտած է հոգեբուժարան: Ոչ զարմանալիօրէն նաեւ` ձախող ամուսնութիւն: Վերածուած է գոյապաշտ եւ ապա յոռետես ոչնչապաշտի (nihilist): Իրեն համար ներքին դեւերու դէմ պայքարելու ամէնէն ազդու միջոցը եղած է գրելը: Շուրջ 90 վ տեւող «սենեկային» թատրերգութիւնը զառանցանք-մղձաւանջ մըն է, ուր ուսանող մը կը յայտնաբերէ քաղաքակրթութեան գեղեցիկ արտաքինին ետին թաքնուած տգեղ, խարդախ իրականութիւնը: Թատրերգութեան վերնագիրն ու կառոյցը ներշնչուած են Պեթհովենի համանուն գործէն («The Gespenster Sonata» դաշնամուրի համար): Գործը յաճախ կը ներկայացուի իբրեւ կրճատուած մնջախաղ, նախ` որովհետեւ անթարգմանելի է, ապա` որովհետեւ ունի ծիսական բնոյթ: Սթրինտպերկ յատկապէս գրաւիչ է նախկին խորհրդային երկիրներու մէջ (ինչպէս` Հայաստան), ուր մտաւորականութիւնը կ՛ապրի խոր հիասթափութիւն: Ծանուցողական կարճ տեսերիզէն դատած` սակայն բեմադրիչը գործը փոխադրած է անհատական հարթակի եւ վերածած կին-մարդ սիրային պարային յարաբերութեան, որ ունի բարեզարդ աւարտ (4):
Մանկական ելոյթներ .- Հակիրճ ձեւով կը ներկայացնեմ, որպէսզի կարելի ըլլայ բաղդատել այստեղ բեմադրուած գործերու հետ: Ներառուած էին 5 գործեր, որոնցմէ երեքը` իրանական: Բացատրութիւնը այն է որ Իսլամական յեղափոխութենէն (1979) ետք տաղանդաւոր բեմադրիչներ սկսան արտադրել մանկական գործեր, որովհետեւ այդ շատ աւելի հեշտ կրնայ անցնիլ գրաքննութենէ: Միջին տեւողութիւնն է 45 վ:
Ա.- «Բարկանո՞ւմ ես» .- Համադրում, Համազգային թատերախումբ, Նարինէ Գրիգորեանի կողմէ բեմականացում Թումանեանի «Տէրն ու ծառան» հեքիաթի եւ Հ.Ք. Էնտըրսընի «Ծերուկն իր գործը գիտի» (What the old Man Does Is Always Right 1861), ուր գիւղացին շուկայ կը տանի իր ձին եւ շարք մը փոխանակութիւններէ ետք տուն կը դառնայ սակառ մը փտած խնձորով: 60 վ: Բեմադրիչը կ՛ըսէ, որ երկու հեքիաթները միաւորող բներգը բարկութիւնն է: Կ՛իմանամ նաեւ, որ կը վայելէ «ոգեւորող երաժշտութիւն» եւ երեխաներու գործօն մասնակցութիւն:
Բ.- «Կիւլիվերի արկածները», Ազգային տիկնիկային թատրոն: Ստուերախաղ: Ծանօթ վէպի չորս ճանապարհորդութիւններէն, ինչպէս ընթացիկ է, այստեղ առնուած է միայն առաջինը` «Լիլիփութիա»: Պարզ է, որ այդտեղ չէին կրնար շեշտադրուիլ Սուիֆթի ընկերային քողարկուած հայեացքները: Փոխարէնը` «Կիւլիվերը գալիս է մեզ տանելու դէպի մի աշխարհ, որտեղ … մանուկները փոխում են իրականութիւնը»:
Գ.- «Մեր հրաշալի աշխարհը» (Our Wonderful World Իրանական Հուրամ թատերախումբ), ստուերախաղ` միայն ձեռքերով, ընկերակցութեամբ Լուի Արմսթրոնկի նոյնանուն երգին, որ յօրինուած է 1967-ին, երբ ԱՄՆ-ի մէջ տեղի կ՛ունենային զանգուածային ցոյցեր եւ` ոչ միայն: Երգի բառերը եթէ բառացիօրէն ընկալուին, ապա կեանքի եւ բնութեան գովքն են: Առաջի տողերը (իմ թարգմանութեամբ) կ՛ըսեն. «Կը տեսնեմ կանաչ ծառեր, կարմիր վարդեր նոյնպէս / Անոնք կը ծաղկին ինծի համար եւ քեզ / եւ մտովի կ՛ըսեմ / Ի՜նչ հրաշալի է աշխարհը»: Երգը, սակայն, բազմիցս գործածուած է որպէս ձայնային խորապատկեր իրական աշխարհին, ուր ամէնուր առկայ են` վայրագութիւն, ապականութիւն եւ բնութեան կործանում (5):
Դ.- Mathless- «Եռանկիւն» (Մոսալլաս, արաբերէն մուսելլես) 40վ: «Նախնամա» իրանական թատերախումբ:
Ինչպէս նկարը ցոյց կու տայ, այդ զուգարանի ցուցանակ մըն է որուն գուշակներ ձեւացնող մաքրութեան հաւաքարաները թագաւորութիւն կը խոստանան: Եռանկիւնը ունի խորհրդանշական իմաստ` հաւատարմութիւն կամ դաւաճանութիւն երեք անձերու միջեւ` մարդ-կին-թագաւոր, ներշնչուած` շէյքսփիրեան թատրերգութիւններէ (թերեւս` Մաքպեթ): Նախնամա պարսկերէն կը նշանակէ «երեւցող թել»: Այդ կրնայ ունենալ պրեխտեան իմաստ: Խումբը կու գայ հիւսիսային Մաշատէն որ 2017-ին Իսլամական մշակոյթի մայրաքաղաք յայտարարուած էր: Ելոյթը Ղազախական փառատօնի մը առաջին մրցանակը ստացած է:
Ե.- Դ.- Մանկական բնոյթ ունի նաեւ վերը նշուած «Քոհրոման»ը:
Հուսկ բանք. Անցեալ փառատօնի վերնագիրն էր` «Լռատւութիւն», որովհետեւ, կը մէջբերեմ, «ելոյթներէն ոչ մէկը առնչուած էր մեզի պատահած եւ տակաւին պատահող ահաւոր աղէտներուն»: Այս տարի միակ ակնարկը կու գայ Սօս Վանէն, որ կոչ կ՛ուղղէ հայ կիներուն` պայքարելու խաղաղութեան համար: Թերեւս նոյն առաջադրութեամբ ներառուած են ազերի մշակոյթի ներկայացուցիչներ: Որեւէ արդարացում կարելի չէ գտնել, սակայն, հրէական Ողջակիզումի ներառումին, երբ իսրայէլեան անընդմէջ ցեղասպանութիւնը բոլորած էր իր երկրորդ տարին:
————-
- Նկատելի է ռուսական նպաստի եւ թատերախումբերու բացակայութիւնը:
- Թատերական «Լռատւութիւն», «Ազդակ», 25 նոյեմբեր 2024:
- Կանաչը կը ներկայացնէ Մոհամետ մարգարէի ընտանիքը, կարմիրը` չարագործ եզիտի եւ այլն:
- Տես, օրինակ www.youtube.com/watch?v=NpqZVJQzpaY
- Կարելի է յիշել հետեւեալ ժապաւէնները.- Good Morning, Vietnam (1987), 12 Monkeys (1995), Children of Men (2006), եւ Watchmen (2009), որոնցմէ առաջին երկուքը իսկապէս ցնցող գործեր են: